ՊՇԱՐԱ ՌԱՅԻ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԱՐՈՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ 77-ՐԴ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Պշարա Ռայի պատրիարքը

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը շուրջ 11:00-ին Պքերքէի զանգերը հնչեցին աւետելով նոր պատրիարքի ընտրութիւնը:

Վայրկեաններ ետք յայտարարուեցաւ, որ մարոնի համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Պշարա Ռայի եպիսկոպոս ընտրուած է մարոնի համայնքի 77-րդ պատրիարքը:

Ընտրութեան յայտարարութենէն շուրջ կէս ժամ ետք Ռայի պատրիարքը պատրիարքական իր պատմուճանով, գաւազանով եւ մատանիով Պքերքէի վեհարանէն ողջունեց լիբանանցիները եւ դէպի Պքերքէ ուղղուող ժողովրդային ու պետական պատուիրակութիւնները:

Պշարա Ռայիի Անտիոքի եւ համայն արեւելքի մարոնիներու պատրիարք ընտրութեան առիթով եւ ըստ աւանդութեան, Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր եկեղեցիները կէսօրուան ժամը 12:00-ին կէս ժամուան համար հնչեցուցին իրենց զանգերը:

Նորընտիր պատրիարքը մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 Պքերքէի մէջ ընդունեց շնորհաւորութիւնները, որոնք վերջ գտան առաջին օրուան համար:

Ռայի պատրիարքը լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իր զօրութեան գաղտնիքը մարոնի եպիսկոպոսներուն միասնականութիւնը, զօրութիւնն ու իրեն ընծայած անոնց վստահութիւնն է:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է գործել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գերագոյն շահերուն ի խնդիր` ընդգծելով, որ մարոնի պատրիարքութեան աշխատանքը Լիբանանով չէ սահմանափակուած, այլ ան տարածուած է ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ:

Ռայի, որ քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 37 եպիսկոպոսներէն 34-ին քուէն ստացաւ, շնորհակալական աղօթքին ընթացքին յայտարարեց իր կարգախօսը, որն է գործակցութիւնը եւ սէրը: Ան մաղթեց, որ Լիբանանը դուրս գայ իր դժուարութիւններէն եւ շարունակէ մնալ այնպէս, ինչպէս Յովհաննէս Պօղոս Բ. երանելի կողմէ կոչուած էր` Միջին Արեւելքի մէջ պատգամի երկիր:

Դէպի Պքերքէ ուղղուող քաղաքական առաջին անձնաւորութիւնները եղան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց մէջ բացառութիւն եղաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որ նորընտիր պատրիարքը շնորհաւորելէ ետք յայտնեց, թէ ան նախ եւ առաջ պարտականութիւն ունի բոլոր քրիստոնեաներուն եւ յատկապէս մարոնի համայնքին հոգեւոր միասնականութիւնը ապահովելու:

Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը իրազեկ է այն իրականութեան, որ օրական դրութեամբ քաղաքականութեամբ զբաղիլը օգտակար չէ եւ հեռու պիտի մնայ քաղաքական երկփեղկումէն ու լարուածութենէն:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նորընտիր պատրիարքը մեծ աշխատանք ունի կատարելիք` նկատի ունենալով Լիբանանի դիրքը Միջին Արեւելքի մէջ:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը պիտի զօրակցի իրաւունքին եւ պիտի պաշտպանէ Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Նորընտիր պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման

Յետմիջօրէին Պքերքէ այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ Ռայի պատրիարքին հետ ունեցաւ դռնփակ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Նասրալլա Սֆէյր

նախկին պատրիարքը:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին վրայ դրած յոյսերը մեծ են` Պքերքէն բոլոր լիբանանցիներուն եւ Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն միասնականութեան վայրը դարձնելու իմաստով:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը պիտի շարունակէ մարոնի պատրիարքութեան ուղին` աշխատելով եկեղեցւոյ բարգաւաճման ի խնդիր եւ պահպանելով Պքերքէի ազգային սկզբունքները:

Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի. ան մաղթեց, որ նորընտիր պատրիարքը շարունակէ մարոնի եկեղեցւոյ առաքելութիւնը` պահպանելով ազգային եւ բարոյական արժէքները:

Վարչապետ Միքաթի յաջողութիւն մաղթեց պատրիարքին` յոյս յայտնելով, որ ան ամրապնդէ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը` նկատի ունենալով երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Վարչապետ Միքաթի կը շնորհաւորէ Ռայի պատրիարքը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւս այցելեց Պքերքէ եւ շնորհաւորելէ ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանի մէջ ազգային համերաշխութիւնը պահպանել` Լիբանանը միաւորելով լիբանանեան դրօշին տակ:

Հարիրի մաղթեց, որ մարոնի պատրիարքութիւնը եւ Պքերքէն մնան իրենց ազգային փառքին վրայ, որովհետեւ անոնք միշտ միասնականացուցած են լիբանանցիները` աւելցնելով, որ իրենք մնայուն կերպով անկեղծ պիտի արտայայտուին` յարգելով հոգեւոր բոլոր հեղինակութիւնները:

Ռայի պատրիարքին այցելեց եւ շնորհաւորութիւնները յայտնեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին:

Պքերքէի այցելուներէն եւ առաջին շնորհաւորողներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիան, որ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ առողջութիւն:

Յայտնենք, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շնորհաւորեց Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ մարոնի համայնքը, Լիբանանի թէ արտերկրի մէջ: Ան յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր պատրիարքին` Պքերքէի ազգային եւ պատմական դերակատարութիւնը շարունակելու եւ Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալու յատկանիշը եւ իր բոլոր զաւակները  պահպանելու նպատակով:

Նշենք, որ Պքերքէի մէջ շնորհաւորութիւնները պիտի շարունակուին ընդունուիլ մինչեւ յառաջիկայ ուրբաթ օր, իսկ Ռայի պատրիարքին օծումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ուրբաթ, 25 մարտին:

 

Share this Article
CATEGORIES