50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 17 ՄԱՐՏ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ

Մեր թերթին մէջ հրատարակեցինք Լիբանանի Ազգային իշխանութեանց Տնտեսական խորհուրդին կոչը` Ազգային տուրքի գանձումին առնչութեամբ:

Պետական կառոյցէ զուրկ` մեր ազգային կեանքը կը ղեկավարուի Ազգային սահմանադրութեամբ մը, որ զանազան իրաւունքներու կարգին, որոշ պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ իւրաքանչիւր ազգային: Արդէն, մեր սահմանադրութեան հիմը կը կազմէ իրաւունքի եւ պարտաւորութեանց հաւասարակշռուած դրութիւնը, զոր կը գտնենք բոլոր առաջացեալ ժողովուրդներու սահմանադրութիւններուն մէջ: Ազգը պարտաւորութիւններ ունի իւրաքանչիւր ազգայինի հանդէպ, ու ազգայինը փոխադարձ պարտաւորութիւններ` ազգին: Այդ փոխադարձ պարտաւորութիւններու լրիւ ու գիտակից յարգանքը միայն կրնայ կանոնաւոր կիրարկումի մը արժանացնել մեր Հիմնական օրէնքը, որմէ ուժ եւ օրինաւորութիւն կը ստանան եկեղեցի ու ազգային հաստատութիւններ:

Ազգին հանդէպ իւրաքանչիւր ազգայինի ունեցած պարտաւորութիւններէն մէկն ալ ազգային տուրքի վճարումն է, որուն ենթակայ են անխտիր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները:

Ազգային տուրքի վճարումը պէտք է ըլլայ անկախ ազգային Հաստատութիւններու ղեկավարութիւնը կազմող անհատներու քաղաքական կամ ընկերային պատկանելիութենէն: Որովհետեւ, իրաւունքներու բաժնին մէջ, նաեւ այդ անձերէն ղեկավարուող ազգային իշխանութիւնները խտիր չեն դներ ազգայիններու միջեւ, նկատի չեն ունենար անոնց քաղաքական կամ ընկերային հակումները:

Այս ճշմարտութիւնը դժբախտաբար նկատի չ՛առնուիր կարգ մը ազգայիններու կողմէ, որոնք կը թերանան ազգային տուրքի վճարման իրենց պարտականութեան մէջ:

Տնտեսական խորհուրդը իր կոչին մէջ կարեւորութեամբ կը շեշտէ այն պարագան, թէ իբրեւ Ազգային տուրք ժողովուրդէն գանձուած գումարին կէսը կը վերադարձուի նոյն այդ ժողովուրդին` իբրեւ կրթաթոշակ, Ուսումնական խորհուրդի միջոցաւ:

Այս պարագան շատ կարեւոր է, եթէ նկատի ունենանք մեր ազգային վարժարաններուն անձուկ վիճակը եւ բազմաթիւ աշակերտներու ծնողներուն նիւթական նեղ պայմանները:

Հետեւաբար, ազգային տուրք վճարելով, մեր հայրենակիցները միաժամանակ սատարած կ՛ըլլան ոչ միայն ազգային վարչական մեքենայի կանոնաւոր գործունէութեան, այլ նաեւ մեծապէս նպաստած` հայեցի դաստիարակութեան գործին, որ գաղթաշխարհի թիւ մէկ խնդիրն է ներկայիս, ազգապահպանման տեսակէտէն:

Վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր ազգային լրջօրէն կը գիտակցի այս իրողութեան եւ կը բաժնէ մեր մտահոգութիւնները` ազգային մեքենային բարւոք յանձանձումին գծով:

Այս գիտակցութիւնն է, որ հիմնական հարցերու առնչութեամբ կը մղէ մեր ժողովուրդը հրաշքներ գործելու եւ ազգային ցաւերու դարմանման գործին մէջ` միահամուռ ճակատ կազմելու:

Ոչ ոք թող փորձէ խուսափիլ ազգային տուրքի վճարումէն, որովհետեւ վճարուած իւրաքանչիւր ոսկին աւելիով կը վերադարձուի իրեն` իբրեւ հայօրէն ապրելու կարելիութիւն գաղթաշխարհի օտար, այլ հիւրընկալ ափերուն վրայ:

Ընդհակառակն, որքան լրիւ ըլլայ մեր մասնակցութիւնը, մեր կարողութեան համապատասխան որոշուած արդար սակերով, այնքան ամուր հիմերու վրայ կը դրուի ազգային մեր կեանքը: Որովհետեւ առանց նիւթականի նպաստին, որքան ալ բարեացակամ ըլլան մեր ազգային կեանքը վարող մարմինները, դարձեալ կը կաղայ գործը` անհատնում դժուարութիւններու մատնելով ազգ ու եկեղեցի:

Share this Article
CATEGORIES