ԽՈՀԱԳԻՐ. ՊԱՀՔԻ ԿՈԼՈԼԱԿ` ԱԶԱՏՔԵՂՈՎ

Խմորի բաղադրութիւն

1,5 գաւաթ կորկոտ
1 գաւաթ մանր ձաւար

Միջուկի բաղադրութիւն

1 քիլօ սոխ
1/2 քիլօ թահին
1/4 քիլօ ընկոյզ` շերտուած
1 կապոց ազատքեղ` մանրուած
1 ափ գինձ (սնոպար)
1 պզտիկ դգալ սեւ փոշի պղպեղ
1 պզտիկ դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
Աղ

Խմորի պատրաստութեան համար կորկոտը եւ ձաւարը տաք ջուրով թրջել եւ վրան գոցել: Մէկ ժամ ձգել, ապա լաւ մը շաղել:

Ծանօթ.- Եթէ կորկոտը քիչ մը մեծ ըլլայ եւ խմորը չբացուի, կարելի է ալիւր աւելցնել:

Միջուկի պատրաստութեան համար շերտուած սոխը աղով շաղել, որ կծու ջուրը երթայ. 2-3 անգամ լուալ եւ քամել:

Աւելցնել ազատքեղը, թահինը, ընկոյզը, գինձը, համեմները, աղը եւ լաւ մը շաղել:

Խմորէն գունդ մը առնել եւ ձուաձեւ տեսք մը տալ անոր. իւրաքանչիւրին մէջ լեցնել միջուկէն մաս մը եւ գոցել:

Կոլոլակները խաշել աղով եռացած ջուրին մէջ:

Կնոջական էջը պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS