ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ-ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ. ՕՄԵԿԱ 3-ՆԵՐՈՒՆ ԲՈՒԺԻՉ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գիրնալէ վախնալով` շատեր կը խուսափին օմեկա 3 իւղերէն, որոնք միայն մեր բարիքին կը ծառայեն:

Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է օմեկա 3-ով հարուստ ուտելիքներ սպառել.

Ա.- Որովհետեւ անոնք սիրտը կը պաշտպանեն:

Եօթը երկիրներու մէջ կատարուած լուրջ ուսումնասիրութիւններու համաձայն, օմեկա 3 սպառող անձերը նուազ ենթակայ են սրտի կաթուածներու:

Բ.- Որովհետեւ անոնք սթրեսէն կը պաշտպանեն:

Նոյն ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, օմեկա 3 սպառող անձերը, յատկապէս ձուկով սնանողները, հոգեպէս նուազ ընկճուած անձեր են, քան մնացեալները:

Գ.- Որովհետեւ անոնք կ՛արգիլեն իւղոտ բջիջներու բազմացումը:

Հակադրուելով օմեկա 6-երուն, օմեկա 3-երը կ՛արգիլեն իւղոտ բջիջներու բազմացումը: Սակայն հարցը այն է, որ առհասարակ շատ աւելի մեծ քանակութեամբ օմեկա 6 կը սպառենք, քան օմեկա 3:

Դ.- Որովհետեւ անոնք կը նպաստեն տեսողութեան:

Վերջերս կատարուած ֆոթոԿՐԱՖ  ուսումնասիրութեան համաձայն, ընկոյզ եւ ձուկ սպառող անձերը նուազ ենթակայ են կլոքոմա կոչուած աչքի հիւանդութեան եւ տարիքի հետ կապուած աչքի այլ հիւանդութեանց:

Ե.- Որովհետեւ անոնք թելադրելի են նոյնիսկ նիհարնալ փափաքողներուն:

Արդարեւ, օրական 2 ապուրի դգալ ընկոյզի կամ քոլզայի իւղը նուազ ջերմուժ կը պարունակէ քան` մնացեալ իւղերը: Միւս կողմէ` ձկնեղէնները, շոմինն ու փրփրեմը բոլորիս ծանօթ են որպէս օգտակար ուտելիքներ` սննդականոնի հետեւողներուն համար:

Ահաւասիկ համոզիչ պատճառներ` յաւելեալ օմեկա 3 սպառելու համար:

Share this Article
CATEGORIES