ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ. Ի՞ՆՉ ՆՈՒԻՐԵԼ
Երբ տեղ մը կը հրաւիրուինք, սովորութիւն է նուէր մը տանիլ տանտիկնոջ` մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար:
Երբ առաջին անգամն է, որ կ՛այցելենք տուն մը եւ ծանօթ չենք տանտիկնոջ ճաշակին կամ տուեալ տան յարդարանքին, թելադրելի է նուիրել քիչ թէ շատ «չէզոք» ման մը, ինչպէս` ծաղիկ, տուրմ, անուշեղէն…
Ե՞ՐԲ ՆՈՒԻՐԵԼ
Սովորութիւն է նուէրը տալ տանտիկնոջ, երբ ան դուռը կը բանայ եւ մեզ կ՛ընդունի: Թելադրելի է նուէրը տալ հոն` մուտքին, ոչ բոլոր հրաւիրեալներու ներկայութեան, չվիրաւորելու համար նուէր չբերող անձերը:
ԾԱՂԻԿ ՆՈՒԻՐԵԼ
Ծաղիկը միշտ ալ հաճոյք կը պատճառէ ստացողին:
– Թելադրելի է ծաղկեփունջը ղրկել ժամանակ առաջ, ծաղկավաճառին միջոցով, որպէսզի տանտիկինը ժամանակ ունենայ զանոնք ծաղկամանի մը մէջ զետեղելու: Մինչդեռ հրաւէրի պահուն նուիրուած ծաղկեփունջը դժուարութեան կը մատնէ տանտիկինը, որ մէկ կողմէ հիւրերը պիտի դիմաւորէ եւ միւս կողմէ` հիւրասիրութեան եւ խոհանոցին պիտի հսկէ…
– Պէտք է բացարձակապէս խուսափիլ արուեստական ծաղիկ, մեխակ կամ քրիզանթեմ նուիրելէ:
– Վարդերը կը նուիրուին անզոյգ թիւով:
– Նախընտրելի է երեք վարդ նուիրել, քան արուեստական ձեւով գունաւորուած խոշոր փունջ մը վարդագոյն կամ թիւրքուազ ապրիմ-մեռնիմ:
ԱՅԼ ՆՈՒԷՐՆԵՐ
– Գինի կամ այլ խմիչքներ կարելի է նուիրել մօտիկ անձերու, այլապէս նուէրը կրնայ սխալ ձեւով մեկնաբանուիլ:
– Տուփ մը տուրմը գէշ գաղափար չէ` առաջին անգամ ճաշի կամ ընթրիքի գացողի մը կողմէ նուիրուած:
– Պարտէզի պտուղ կամ բանջարեղէն կարելի է նուիրել ընտանեկան հաւաքոյթներու պարագային:
– Շատ մօտիկ անձերու պարագային, երբ ծանօթ ենք անոնց ճաշակին, կրնանք գեղօր մը, գիրք մը, խտասալիկ մը, ասեղնագործ մը կամ նոյնիսկ զարդեղէն մը նուիրել:
*
* *
Ինչ ալ ըլլայ մեր նուէրը, ամէնէն առաջ պէտք է բացարձակապէս խուսափինք չափազանց թանկարժէքէն` մեր դիմացինը նեղ կացութեան չմատնելու եւ նոյն արժէքով նուէր մը գնելու պարտադրանքին տակ չդնելու համար:
Ի վերջոյ, նուէրին արժէքը արարքին եւ կամեցողութեան մէջն է: