ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. «ԱՅ. ՓԵՏ»` ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄՆԵՐԸ ԱՅԺՄ ԳԼԽԻՎԱՅՐ ԿԸ ԴԱՐՁՆԵՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐԸ: ՏԻՃԻԹԸԼ (ԹՈՒԱՅԻՆ) ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԳ ԹԱՓՈՎ ՏԻՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ` ՓՈԽԱՐԻՆԵԼՈՎ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐԸ: «ԱՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ» ԿԸ ԳՐԷ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ՓՈԽԱՆՑՈՒՈՂ ՈՒՍՄԱՆ ԵՒ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ` ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ՇՈՒԿԱՅ ԻՋԵՑՆԵԼՈՒ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ: ԱՐԴԵՕՔ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷ՞Տ Է ԱՅՍ ՆՈՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ: ԻՆՉՊԷՍ ԿՐԹԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ, ՄԻԱՅՆ ՓՈՐՁՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ Կ՛ՈՐՈՇԵՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ…

Քըննեքթիքըթի արուարձաններէն Պրուքֆիլտի երկրորդական վարժարանին մէջ դասագիրքերով լեցուն ծանր պայուսակ մը կրելու օրերը անցած են: Փոխարէնը` աշակերտներ նոթեր պիտի արձանագրեն եւ ելեկտրոնային էջեր պիտի դարձնեն այ. փետի փայլուն կողքով համակարգիչին մէջ:

Քանի մը ժամ հեռու, Պոսթընի մօտակայ Պըրլինկթընի երկրորդական վարժարանին մէջ եւս իւրաքանչիւր աշակերտ նոյն ձեւով պիտի սկսի այս տարեշրջանը, դպրոցին կողմէ հրապարակուած նոր այ. փետերով, իւրաքանչիւրը` զինուած ելեկտրոնային դասագիրքերով եւ համացանցի վրայ այլ աղբիւրներով, որոնք պիտի փոխարինեն աւանդական երկարապատում պարբերութիւնները:

Թէեւ այ. փետերը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն բազմաթիւ քոլեճներու մէջ, այն օրէն, երբ 2010-ի գարնան համակարգիչի Ափըլ ընկերութիւնը հրապարակեց զանոնք, սակայն այս աշնան պետական բազմաթիւ երկրորդական վարժարաններ պիտի հրաժարին աւանդական դասագիրքերէն` որդեգրելով շատ աւելի թեթեւ` սալիկի նման այս համակարգիչները:

Ափըլի պատասխանատուները կ՛ըսեն, թէ աւելի քան 600 կրթական խորհուրդներ որդեգրուած են այ. փետի կրթական ծրագիրներ, որոնց համաձայն, իւրաքանչիւր աշակերտ այ. փետ մը պիտի ունենայ օրուան ընթացքին գործածելու համար դպրոցին մէջ:

Ափըլի համաձայն, կրթական այս խորհուրդներուն ենթակայ դպրոցներուն շուրջ երկու երրորդը արդէն այ. փետ կը գործածէ յուլիսէն ի վեր:

Նաեւ կանոնաւոր դրութեամբ կը յայտարարուին համապատասխան նոր ծրագիրներ: Անցեալ շաբաթ Քենթըքիի կրթական խորհուրդի ներկայացուցիչը եւ Վուտֆորտ Քաունթիի դպրոցներու վերահսկիչը յայտարարած էր, թէ Վուտֆորտ Քաունթիի երկրորդական վարժարանը պիտի դառնայ նահանգին առաջին հանրային երկրորդական վարժարանը, որ այ. փետ մը պիտի տայ իր 1250 աշակերտներէն իւրաքանչիւրին:

Պոսթընի մէջ Պըրլինկթընի երկրորդական վարժարանին տնօրէնը` Փաթրիք Լարքին 500 տոլար արժողութեամբ այ. փետերը կը նկատէ երկար ժամանակի վրայ աւելի արդիւնաւէտ շահարկում մը, քան` դասագիրքերը, թէեւ կը նշէ, թէ դպրոցը պիտի շարունակէ աւանդական գրութիւններու օգտագործումը որոշ դասանիւթերու մէջ, երբ համապատասխան ելեկտրոնային ծրագիրներ գոյութիւն չունին:

«Չեմ ուզեր ընդհանրացնել, որովհետեւ չեմ ուզեր վիրաւորել անձեր, որոնք կը տքնին` կրթական այս աղբիւրները ապահովելու համար,- կ՛ըսէ Լարքին` դասագիրքեր պատրաստողներու մասին:- Սակայն դասագիրքերը ժամանակավրէպ կը դառնան նոյն այն վայրկեանին, երբ կը տպուին, եւ վստահաբար, երբ կը հասնին աշակերտին ձեռքը: լխաւոր միտքը այն է, թէ այ. փետերը մեր զաւակներուն պիտի տան առիթը շատ աւելի այժմէական նիւթեր օգտագործելու»:

Ուղղութիւնը յատուկ չէ միայն հարուստ  դպրոցներուն: Նիւ Եորք քաղաքին, Շիքակոյի եւ քաղաքային բազմաթիւ այլ շրջաններու մէջ եւս դպրոցներ սկսած են գնել հսկայական թիւով այ. փետեր:

Իւրաքանչիւր այ. փետ սովորաբար կ՛արժէ 500-600 տոլար: Գինի տարբերութիւնը կախեալ է յաւելեալ սարքերու եւ սպասարկութիւններու պահանջէն:

Եթէ բաղդատութիւն մը կատարենք, պիտի տեսնենք, թէ Քըննեքթիքաթի մէջ Պրուքֆիլտի երկրորդական վարժարանը ամէն տարի առնուազն նոյնքան գումար կը ծախսէ իւրաքանչիւր աշակերտի դասագիրքեր գնելու համար: Այս գումարին մէջ ներառուած չեն հաշուիչ յատուկ մեքենաները, բառարանները եւ անհրաժեշտ այլ գործիքներ, զորս կարելի է գտնել այ. փետի վրայ:

Կրթական պատասխանատուներու համաձայն, այս փոքր եւ բարակ համակարգիչները կը մատուցեն բազմազան բարիքներ:

Անոնք կը պարունակեն աշակերտին հակազդող ծրագիրներ, օրինակ` ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լուծել ուսողութեան խնդիր մը: Անոնք կ՛ընձեռեն յատուկ միջոցներ` նոթեր առնելու եւ նշումներ կատարելու: Ուսուցիչներ կրնան անոնց միջոցով անմիջապէս ուղարկել հարցարան մը, եւ աշակերտներ կրնան իրենց տան պարտականութիւնը անմիջապէս ուղարկել ուսուցիչին: Այ. փետը առիթ կու տայ դիտելու տեսերիզներ եւ լսելու դասընթացքներ` ամէն ինչի մասին, պատմական իրադարձութիւններէ մինչեւ օտար լեզուներ:

Այ. փետերը ժողովրդականութիւն կը վայելեն կրթական յատուկ սպասարկութիւններու մէջ, որոնք կը ծառայեն սորվելու դժուարութենէ եւ օթիզմէ (հոգեկան ծանր վիճակ մը, որ առիթ չի տար մանուկներուն բնական ձեւով յարաբերելու իրենց շրջապատին մէջ) տառապող մանուկներու, նաեւ` անոնց համար, որոնք կրնան բան մը սորվիլ միայն տեսողական պատկերներու օգնութեամբ եւ ոչ` պարզապէս լսելով ու խօսելով:

Այ. փետի կարգ մը ջատագովներ նաեւ կ՛ըսեն, թէ անոր միջոցով փոխյարաբերութեան վրայ հիմնուած սորվելու գործընթաց մը զարգացնելը աւելի բնական ձեւով տեղի կ՛ունենայ այսօրուան բազմաթիւ աշակերտներուն համար, որոնք հասակ նետած են` ելեկտրոնային գործիքներ ունենալով իրենց առօրեայ աշխարհին մէջ:

Սակայն, հակառակ պետական երկրորդական վարժարաններու մէջ այ. փետերու տարածումին շուրջ ստեղծուած խանդավառութեան, կարգ մը մասնագէտներ, որոնք ուշադիր կը հետեւին այս նոր ուղղութեան, կը զգուշացնեն, թէ դպրոցներ պէտք է երաշխաւորեն այ. փետերու անթել գործածութեան, վերանորոգութեան եւ յարակից այլ ծախսեր, որոնք կ՛ընկերակցին զուտ արհեստագիտութեան վրայ հիմնուած կրթական այս մօտեցումին:

Սակայն, նոյնիսկ ամէնէն արդիական գործիքը ունենալով իրենց ձեռքին, աշակերտներ տակաւին կարիքը ունին կրթական կուռ ծրագիրի մը եւ կարող ուսուցիչներու` իբրեւ հիմքի:

«Ասացուածքը կ՛ըսէ. երաժշտութիւնը դաշնակին մէջ չէ: Նոյնպէս ալ` սորվիլը այս գործիքին մէջ չէ», կ՛ըսէ Քալիֆորնիա-Այրվին համալսարանին մէջ կրթութեան եւ տեղեկագիտութեան դասախօս Մարք Վարշաուըր, որուն մասնագիտութիւններուն ծիրը կ՛ընդգրկէ ուսումնասիրութիւն մը` կրթութեան եւ արհեստագիտութեան միացումին վերաբերեալ:

«Չեմ ուզեր աւելի կշիռ տալ այս բաներուն, քան ինչ որ հարկ է, ոչ ալ` ներկայացնել այն գաղափարը, թէ այս գործիքները հրաշագործ են: Սակայն անոնք ունին կարք մը բարիքներ, եւ այս պատճառով է, որ դպրոցներէն դուրս մարդիկ այսքան շատ կը գործածեն զանոնք», կ՛ըսէ ան:

Այ. փետի նուիրեալ մըն է 15 տարեկան Քրիսչըն Վուծ, որ այս տարի պիտի սկսի յաճախել Մասաչուսեցի Պըրլինկթըն երկրորդական վարժարանը` իբրեւ Բ. դասարանի աշակերտ, եւ մաս կը կազմէ յատուկ խմբակի մը, որ պիտի օգնէ 1000 այլ պատանիներու, որպէսզի վարժուին այ. փետի գործածութեան:

«Կարծեմ մարդիկ պիտի սիրեն զայն: Չեմ կարծեր, որ երկրորդական վարժարան յաճախող ոեւէ աշակերտ չ՛ուզեր ունենալ այ. փետ մը,- կ՛ըսէ ան:- Տան մէջ միշտ կ՛օգտագործենք արհեստագիտական միջոցներ, սակայն, երբ դպրոց կու գանք, կը ստանանք դասագիրքեր: Լաւ է այս բոլորը միացնելը»:

Տարբեր դպրոցներ տարբեր քաղաքականութիւն մշակած են աշակերտներու կողմէ այ. փետերու գործածութեան առնչութեամբ:

Շատեր հաստատած են մաքրազտող ծրագիրներ` աշակերտները հեռու պահելու համար համացանցի այնպիսի կայքերէ, որոնք նախապէս չեն վաւերացուած: Ոմանք աշակերտներէն կը պահանջեն անջատել զանոնք արձակուրդներու ժամանակ, ինչպէս նաեւ` դպրոցական տարեշրջանի աւարտին: Ուրիշներ աւելի թոյլ կը պահեն սանձը:

«Եթէ այս մէկը կը նկատենք իրապէ՛ս սորվելու ծառայող գործիք մը, ապա պիտի չուզէինք զայն մէկ կողմ դնել եւ ըսել` «սորվիլը վերջ կը գտնէ ամրան արձակուրդին», կը նշէ Լարքին:

Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու դասագիրքերու հրատարակութեան ճարտարարուեստին, որ տարեկան 5.5 միլիառ տոլարի դասագիրք կը վաճառէ երկրին երկրորդական վարժարաններուն, լրջօրէն կը հետեւի այս ուղղութեան զարգացումներուն եւ մուտք կը գործէ մրցակցութեան աշխարհ: Անիկա սկսած է շրջել իր աշխատելաոճը եւ կը կեդրոնանայ յատուկ այ. փետերու համար կրթական ծրագիրներ մշակելու աշխատանքին վրայ:

Օրինակ` Պոսթընի «Հաութըն Միֆլին Հարքորթ» դասագիրքերու հրատարակչատան մէջ համակարգչային ծրագիրներ մշակողներ անմիջապէս լծուեցան այ. փետի յատուկ երկրորդական վարժարաններու կրթական ծրագիր մը մշակելու աշխատանքին, որպէսզի կարելի ըլլար զայն կիրարկել, երբ Ափըլ այս գործիքները շուկայ իջեցնէր 2010-ի գարնան:

Այս հրատարակչատան կողմէ հրապարակուած թուաբանութեան ծրագիր մը, որ տրամադրելի էր 2010-ի կրթական տարեշրջանին սկիզբը, առաջիններէն էր իր տեսակին մէջ եւ ամէնէն աւելի վաճառք արձանագրած ծրագիրներէն մէկը դարձաւ, երբ Ափըլ շուկայ իջեցուց այ. փետը:

Ծրագիրը, որ կը կոչուի Էյչ. Էմ. Էյչ. Ֆիուզ, ձրի տրամադրելի է համացանցի վրայ, ուր ձեւագծողները գաղափար մը կու տան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է օգտագործել զայն: Իսկ ծրագիրը անձնական համակարգիչի մը մէջ ամբարելու համար հարկ է վճարել 60 տոլար: Եթէ բաղդատութիւն մը կատարենք, նոյն հրատարակչատան կողմէ պատրաստուած 950 էջերէ բաղկացած թուաբանութեան դասագիրքը, որուն վրայ հիմնուած է համակարգչային ծրագիրը, կ՛արժէ 73 տոլար, եւ չի պարունակեր հաշուիչ մեքենաներ, տեսերիզներ կամ այլ միջոցներ:

Օրինակ, դպրոց մը, որ 300 դասագիրք պիտի գնէր երկրորդականի առաջին կարգի աշակերտներու համար, համացանցի վրայ տրամադրուած տարբերակը գնելով` պիտի խնայէ շուրջ 4000 տոլար:

Ամերիկացի հրատարակիչներու դպրոցական բաժանմունքի ընկերակցութեան տնօրէն Ճէյ Տիսքի կ՛ըսէ, թէ դասագիրք պատրաստող բոլոր գլխաւոր հրատարակչատուները կ՛ուղղուին դէպի ելեկտրոնային միջոցներ հրապարակելու դաշտ: Սակայն, գէթ կարճ ժամանակի համար աւանդական կազմուած դասագիրքերը պիտի շարունակեն գոյատեւել:

«Կը կարծեմ, թէ գլխաւոր հարցերէն մէկը, որուն պատասխան մը պէտք է գտնենք յառաջիկայ բազմաթիւ տարիներուն, այն է, թէ ի՛նչ բաներ տպագիր ձեւի մէջ աւելի օգտակար են աշակերտներուն եւ ի՛նչ բաներ աւելի արդիւնք կու տան թուային (տիճիթըլ) ձեւով,- կ՛ըսէ Տիսքի:- Կ՛ենթադրեմ, թէ կը գտնուինք ուսումնասիրութեան նոր մարզի մը կեդրոնը` հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ թուային (տիճիթըլ) կրթութիւն»:

 

ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱԼԻՔՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈԽԱՐԻՆԵՆ
ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԵՏ ԱՆՑԸՆԵԼՈՒ ԺԱՄԵՐԸ

Մանչուկ մը կը դիտէ ցուցափեղկի մը մէջ ցուցադրուած վերջին նորաձեւութիւնը:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-Ի ԿՈՂՄԷ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԻ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԹԱԿԱՐԴՈՒԱԾ ԵՆ ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆԻՒԹԱՊԱՇՏ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԸ ՄԷՋ: «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ» ԵՒ «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ԳՐԵՆ, ԹԷ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ՆԻՒԹԵՂԷՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՍԱԿ ՆԵՏՈՂ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՄԸ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՄԲ:

Բրիտանիոյ մէջ մանուկներ թակարդուած են ընդոստ սպառողականութեան ոլորապտոյտներու մէջ, մինչ անոնց ծնողները նուէրներով կը փորձեն քաւել տունէն իրենց երկար բացակայութեան մեղքը:

Անոնք կը գտնուին ընկերութեան կողմէ պարտադրուած ճնշումի մը տակ` իրենց զաւակներուն համար գնելու արհեստագիտական նորագոյն խաղալիքները եւ անուանի վաճառանիշով հագուստներ, ինչպէս ցոյց կու տայ աշխարհի մանուկներու բարեսիրական գլխաւոր կազմակերպութեան` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ նման ուսումնասիրութեան մը պատուէրը ստացած է, երբ ՄԱԿ-ի կողմէ կատարուած այլ ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած էր, թէ բրիտանացի մանուկներ ճարտարարուեստականացած աշխարհի ամէնէն տխուր մանուկներն են: ԵՈՒՆԻՍԵՖ իր սեփական ուսումնասիրութեան մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն համար կը մեղադրէ «վաճառանիշի հալածանքը», որ տիրական դարձած է բրիտանական մշակոյթին մէջ, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան հաղորդակցութեան բացակայութիւնը:

Բրիտանիոյ մէջ այս կազմակերպութեան պատասխանատուները կը հաւատան, թէ նորագոյն ուսումնասիրութիւնը որոշ ներհայեցողութեան առիթ մը կու տայ Անգլիոյ մէջ այս ամառ տեղի ունեցած խռովութիւններուն վերաբերեալ, երբ մինչեւ 11 տարեկան մանուկներ մասնակցեցան վաճառատուներու կողոպուտին:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ իր ուսումնասիրութեան յայտնաբերումներուն հիմամբ կոչ կ՛ուղղէ արգիլելու 12 տարեկանէն վար մանուկներու ուղղուած պատկերասփիւռի ծանուցումները:

Ուսումնասիրութեան տեղեկագիրին հեղինակները կը մեղադրեն բրիտանացի ծնողները, որոնք պատկերասփիւռը կ՛օգտագործեն իբրեւ «մանուկներու հոգատար» եւ թոյլ կու տան իրենց զաւակներուն, որ բազմաթիւ ժամեր անցընեն համակարգիչի խաղեր խաղալով` այս ձեւով զանոնք զրկելով նաեւ թարմ ու մաքուր օդ շնչելէ:

Բարեսիրական կազմակերպութիւնը նաեւ կը նշէ, թէ Բրիտանիոյ մէջ ծնողներ չեն յաջողիր իրենց զաւակներուն հետ միասին ժամանակ անցընել իբրեւ ընտանիք` իրենց աշխատանքային երկար ժամանակացոյցին պատճառով:

Նման ծնողներ յաճախ կը փորձեն իրենց ստեղծած բացը գոցել` իրենց զաւակներուն համար գնելով անուանի վաճառանիշով հագուստեղէն եւ արհեստագիտական խաղալիքներ, ինչպէս կ՛ըսէ կազմակերպութիւնը:

«Յայտնապէս Բրիտանիոյ մէջ ծնողներ թակարդուած են սպառողական այնպիսի համակարգի մը մէջ, որ կը գիտակցին, թէ անիմաստ է, սակայն անկարող են դիմադրելու անոր», կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան տեղեկագիրին հեղինակը` Ակնես Նայռն:

«Մինչ մանուկներ պիտի նախընտրէին իրենց ծնողներուն հետ ժամանակ անցընել, քան թէ` ստանալ սպառողական ապրանքներու դէզեր, անդին` կը թուի, թէ ծնողներ իրենք զիրենք կը զգան իրենց զաւակներուն նիւթեղէն արժէք ներկայացնող իրերու պաշար մը գնելու ահաւոր ճնշումին տակ», կ՛աւելցնէ ան:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ուսումնասիրութիւնը նաեւ ի յայտ բերած է, թէ մանուկներու ուրախութիւնը կախեալ է ընտանեկան կայուն մթնոլորտի մէջ ժամանակ անցընելէ եւ բազմաթիւ զբաղումներ ունենալէ, մասնաւորաբար` տունէն դուրս, բաց երկինքի տակ:

Սակայն, հակառակ այս իրողութեան, Բրիտանիոյ մէջ ծնողներ ըսած են, թէ ընկերութեան կողմէ ահաւոր ճնշումի տակ կը զգան` գնելու նորագոյն իրերը, ինչպէս կ՛ըսէ Բրիտանիոյ մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի մէկ բանբերը:

Այս ճնշումը առաւելաբար կը զգացուի ցած եկամուտով ընտանիքներու մէջ, ինչպէս ցոյց տուած է Սպանիոյ, Շուէտի եւ Բրիտանիոյ մէջ 250 մանուկներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնը:

Ուսումնասիրողները հարցազրոյցներ կատարած են մանուկներուն հետ` գիտնալու համար, թէ ի՛նչ բան կ՛ուրախացնէր զիրենք:

«Այս ընդոստ սպառողականութիւնը ամբողջութեամբ անգոյ էր Սպանիոյ եւ Շուէտի մէջ», կը նշէ Նայռն:

Ի տարբերութիւն` Սպանիոյ եւ Շուէտի մէջ ընտանիքին յատկացուած ժամանակը առաջնահերթութիւն է, եւ ծնողներ նուազ ճնշումի տակ կը գտնուին` նիւթեղէն արժէք ներկայացնող իրեր գնելու, ինչպէս կ՛ըսէ ուսումնասիրութիւնը:

Հետեւաբար բարեսիրական կազմակերպութիւնը Բրիտանիոյ պետութենէն պահանջած է նկատի ունենալ Շուէտի օրինակը, որ արգիլած է 12 տարեկանէն վար մանուկներու ուղղուած պատկերասփիւռի ծանուցումները:

Կազմակերպութիւնը նաեւ կը փափաքի ծնողները քաջալերել, որ նուազ ժամեր աշխատին եւ յաւելեալ ժամանակ անցընեն իրենց զաւակներուն հետ: Անիկա նաեւ զգուշացուցած է քաղաքապետական խորհուրդները, որ չփակեն մանուկներու յատուկ խաղավայրերը եւ ընտանեկան մէկտեղումը դիւրացնող այլ վայրեր:

Բրիտանիոյ մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի տնօրէն Տէյվիտ Պուլ կ՛ըսէ. «Այս պահուս քաղաքագէտներ կը փորձեն դիմագրաւել խռովութիւններուն յաջորդած վիճակը եւ կը մտածեն, թէ ի՛նչ ունին ըսելիք մեր ընկերութեան, մշակոյթին եւ ընտանիքներուն մասին»:

«Ուսումնասիրութեան արդիւնքները յատկանշական կերպով ի յայտ կը բերեն այն ճնշումները, զորս կը դիմագրաւեն մանուկներն ու անոնց ընտանիքները, եւ կրնան որոշ չափով բացատրել վերջերս տեղի ունեցած խռովութիւններուն ետին գտնուող բուն պատճառները»:

«Կենսական է, որ իշխանաւորներ լսեն, թէ մանուկներ եւ անոնց ընտանիքները ի՛նչ կ՛ըսեն Բրիտանիոյ մէջ ապրուած կեանքին մասին», կ՛աւելցնէ ան:

Մանուկներու նախարար Սառա Թիթըր կ՛ըսէ. «Գիտենք, թէ ամուր եւ կայուն ընտանիքներ հիմը կը կազմեն յաջող ընկերութեան մը: Կ՛ուզենք երաշխաւորել, որ բոլոր ընտանիքները ստանան իրենց անհրաժեշտ հոգատարութիւնն ու զօրակցութիւնը»:

«Կը բաժնենք ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի մտահոգութիւնները` մանուկներուն սպառողական մարմաջին սաստկացումին առնչութեամբ, եւ մտահոգիչ է տեսնել, թէ որոշ պարագաներու ծնողներ կը գտնուին նոյն ճնշումներուն տակ», կ՛աւելցնէ ան:

«Մեզի համար յստակ է, թէ պէտք է դիմագրաւել այս հարցերը, եւ այժմ կ՛աշխատինք գործառնութիւններու եւ օրէնք հաստատող մարմիններու հետ` կիրարկելու համար ցուցմունքներ, որոնք նշուած են Ռեկ Պէյլիի (Բրիտանիոյ մայրերու միութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ. «Ա.») կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ` մանուկներու առեւտրականացումն ու սեռայնացումը կանխելու առնչութեամբ»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES