ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ

Երեսփոխան Բագրատունի եւ դեսպան Թանասէ

Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիել Թանասէ այցելեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, որ զինք ընդունեց «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ:

Լիբանանի ներկայ անցուդարձերուն մասին կարծիքներու փոխանակման կողքին, քննութեան նիւթ դարձան յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ մանաւանդ Լիպիոյ կացութիւնն ու այդ իմաստով եւրոպական պետութիւններուն դերակատարութիւնը:

Դեսպան Թանասէ մօտէն ծանօթ է հայութեան հետ առնչուող խնդիրներուն եւ սերտ յարաբերութիւններ ունի Ռումանիոյ հայութեան եւ պատասխանատուներուն հետ: Այս առնչութեամբ ան անհրաժեշտ նկատեց յարաբերութիւններու սերտացումը Լիբանանի եւ Ռումանիոյ հայկական գաղութներուն միջեւ:

Հանդիպման ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուց Լիբանանի մէջ գործող հայկական կառոյցներուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ լիբանանեան հարցերուն մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES