ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՊԱՏՐԱՍՏ ՃԱՇԵՐՈՒ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱՃՄԱՆ ՎՐԱՅ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Քարլա Եարտըմեան- Հաժ կը ներկայացնէ իր դասախօսութիւնը

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 16 մարտ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  դասախօսութիւն մը` «Պատրաստ ճաշերու ժխտական ազդեցութիւնը պատանիներու աճման վրայ» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր սննդագէտ Քարլա Եարտըմեան-Հաժ:

Դասախօսութեան սկիզբը բացման խօսքով Յասմիկ Մկրեան առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկայացնելէ ետք դասախօսը յիշեցուց, թէ որքանո՛վ շարունակաբար կը բարձրանայ համեմատութիւնը այն անձերուն, որոնք կ՛օգտագործեն պատրաստ (արագ) ճաշերը` տունը պատրաստուած սննդարար ճաշերուն փոխարէն:

Այս շաբթուան դասախօսութեան հովանաւորն էր Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը:

Սննդագէտ Քարլա Եարտըմեան – Հաժ իր դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով, որ պատանեկութիւնը  մանկութենէն դէպի չափահասութիւն փոխանցման շրջանն է: Այս շրջանին է, որ տղոց թէ աղջիկներուն քով կը սկսի արբունքի հանգրուանը, ուր Ֆիզիքական փոփոխութիւնները կ՛ազդեն մարմնի սննդական պահանջին վրայ: Պատանեկութեան հանգրուանին, սննդական առողջութիւնը անհրաժեշտ է նեցուկ հանդիսանալու աճող մարմնին եւ կանխելու առողջապահական հարցերը:

Շարունակելով դասախօսութիւնը` Քարլա Եարտըմեան- Հաժ թուեց այն սննդական պահանջները, որոնք անհրաժեշտ են աճող պատանիին:

ա- Ջերմուժ.-  Տղաքը օրական կարիք ունին 2500-էն 3000 ջերմուժի: Այս պահանջը բարելաւելու համար, պէտք է ընտրել առողջարար ուտելիքներ, առանց ճարպի փրոթէինի տեսակներ, կաթնեղէններ, ամբողջական հատիկեղէններ, պտուղներ, բանջարեղէններ:

բ- Փրոթէին.- Անհրաժեշտ է աճման ու մկաններու պահպանման: Կարմիր միսը, հաւկիթը, կաթնեղէնները, ինչպէս նաեւ ընդեղէնները եւ պիստակեղէնները հիմնական աղբիւրներ են փրոթէինի:

գ- Երկաթ.- Պատանիները պահանջը ունին երկաթի բարձր քանակի` նոր մկաններու կազմաւորման ընթացքին բաւարար թթուածին ստանալու: Աղջիկներու երկաթի պահանջը շատ աւելի է դաշտանի պատճառով: Երկաթի հիմնական աղբիւրներն են` կարմիր միսը, հաւը, լուբիայի ընտանիքը, ամբողջական հատիկները, շոմինի նման կանաչ տերեւ ունեցող բանջարեղէնները:

Սննդագէտ Քարլա Եարտըմեան- Հաժ յաջորդ բաժինով ներկայացուց այն պատկերը, երբ պատանին ընկերային եւ աշխատանքային գործունէութիւններու ընթացքին, յաճախ ըլլալով տունէն դուրս, կը  սպասէ «արագ» կամ պատրաստ ուտելիքի մը, ինչպէս` կրկնեփ (պիսքուի), չիփս, սենտուիչ:

«Արագ» ուտելիքը, ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, արագօրէն պատրաստուած, յարմար, ոչ սուղ ուտելիքն է: «Արագ» ուտելիքները կը գտնուին ամէն տեղ, կը յատկանշուին իրենց աժան գիներով` պարունակելով բարձր քանակութեամբ ճարպ, մեծ քանակութեամբ շաքար եւ իւղ: Այս բոլորին սննդական արժէքը աղքատ է, որովհետեւ քիչ քանակութեամբ կը պարունակեն բնաթել, կենսանիւթեր եւ հանքային աղեր:

«Արագ» ուտելիքները ժխտականօրէն կ՛ազդեն մտային աշխատանքին, զգացական հաւասարակշռութեան եւ մարմնի ուժականութեան ու դիմադրողականութեան վրայ:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ այն պատանիները, որոնք շաբաթը երկու կամ աւելի անգամներ «արագ» ուտելիք կը սպառեն, ենթակայ են 5 քիլօ յաւելեալ ծանրութիւն ունենալու: Արագ ուտելիք ապառող պատանիները իրենց կեանքին ընթացքին կրկնակիօրէն ենթակայ են շաքարախտ ունենալու:

Լիբանանի մէջ վերջին ուսումնասիրութիւնները ցոյց կուտան, թէ 6-19 տարեկան անհատներուն մօտ գիրնալու համեմատութիւնը բարձրացած է 20-էն 35 առ հարիւրի:

Ի՞նչ է  «արագ» ուտելիքին հետեւանքը պատանիին առողջութեան վրայ:

Ոչ առողջ սննդականոնի հետեւանքները կրնան ըլլալ, չափազանց գիրութիւնը, արեան ճարպի քանակի բարձրացումը, էնսիւլինի բարձրացումը, որ կրնայ առաջնորդել շաքարախտի:

Դասախօսը ներկայացուց կարգ մը թելադրանքներ` աւելի իմաստութեամբ ընտրելու «արագ» ուտելիքը, օրինակ` թէ  պըրկըր կամ ծոթրինով հաց ուտէ պատանին, մնացեալ օրը կամ շաբաթը կերածը պէտք է հաւասարակշռէ սննդարար ուտելիքներով:

Հետեւաբար, նախ եւ առաջ պահելու հաւասարակշռութիւնը, պէտք է, ընտրել այն ճաշատեսակները, որոնք կ՛ընդգրկեն նուազագոյնը երեք խումբի ուտելիքներ:

Երկրորդ` նախընտրել խաշած կամ խորոված ուտելիքները` տապկուածին փոխարէն: Սննդագէտը նաեւ ներկայացուց շարք մը ցուցմունքներ.

– Եթէ պտուղն ու բանջարեղէնը տրամադրելի են, զանոնք աւելցուր ճաշիդ մէջ:

– Գործածէ՛ մանանեխ եւ քեթչափ` մայոնեզի փոխարէն:

– Տապկուած գետնախնձորի փոխարէն աղցան կամ ապուր սպառէ՛:

– Ընտրէ՛ ջուրը կամ նուազ ճարպ պարունակող կաթը եւ թանը:

– Ուշադիր եղի՛ր մեծ չափի սենտուիչներէն կամ պըրկըրներէն:

Վերջին բաժինով սննդագէտ Քարլա Եարտըմեան – Հաժ ներկայացուց պատանիներու ճաշի ծրագրաւորումը. անիկա նախընտրելի է ըլլայ հիմնական երեք ճաշաբաժինի` անոնց միջեւ 1-էն 2 փոքր ճաշաբաժիններ ունենալով:

Նախաճաշը պէտք է ըլլայ օրուան ջերմուժի 25 առ հարիւրը` ընդգրկելով կաթնեղէն, հաց, բանջարեղէնի կամ պտուղի տեսակ:

Ճաշի համար անիկա պէտք է ըլլայ 33 առ հարիւրը օրուան ջերմուժին, զոր կը ստանայ պատանին: Անիկա պէտք է ընդգրկէ բրինձ, ձաւար կամ փաստա, փրոթէինի ընտանիքին պատկանող ուտելիք մը, միս, հաւ, ձուկ կամ ընդեղէն:

Ընթրիքը պէտք չէ շրջանցէ օրուան ընթացքին սպառուող ջերմուժի քանակին 25 առ հարիւրը: Ընթրիքի համար նկատի ունենալ ապուր կամ աղցան, անոր կողքին սենտուիչ մը կամ փաստա` փոքր քանակութեամբ :

Ճաշերու միջեւ 2-3 ճաշաբաժինները կրնան ընդգրկել հետեւեալները:  Մածուն կամ թան, պտուղի աղցան, թացանով բանջարեղէն, մարզիկներու համար փրոթէին պար, փոփ քորն եւ շերտուած պանիր:

Քարլա Եարտըմեան- Հաժ դասախօսութիւնը աւարտեց հետեւեալ խօսքերով. « Ուտելու լաւ սովորութիւնը տունէն կը սկսի. կանուխէն ձեր երեխաներուն սորվեցուցէք լաւ ուտելու սովորութիւնը` նախ դուք կիրարկելով զայն, որպէսզի օրինակ դառնաք ձեր զաւակներուն»:

Աւարտին դասախօսը ներկաներու հարցումներուն պատասխանեց շատ գործնական բացատրութիւններով եւ գիտելիքներով:

Share this Article
CATEGORIES