ՓԱՉԱՃԵԱՆ. «ՑԱՐԴ ՀՐԱՒԷՐ ՍՏԱՑԱԾ ՉԵՄ»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջնապահ Լեւոն Փաչաճեան, որ բաւական լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ իր ակումբին` Սանաթ Նաւթի հետ (Իրան), իր ունեցած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ցարդ հրաւէր ստացած չէ Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմելու:

«Ընդհանրապէս հաւաքականի մը մաս կազմող մարզիկները տեղի ունենալիք մրցումէ մը քսան օր առաջ հրաւէր կը ստանան: Սակայն նկատի ունենալով, որ այդ հրաւէրը ցարդ չէ ուղարկուած, հաւանականութիւնը շատ քիչ է, որ Երեւան մեկնիմ: Բնականաբար կը փափաքէի հրաւէր ստանալ եւ օգնել հաւաքականին, որպէսզի անիկա լաւ արդիւնք արձանագրէ, սակայն շատ հաւանաբար մարզիչները այլ ձեւով կը մտածեն եւ այդ դիրքին համար աւելի զօրաւոր մարզիկներ ունին իրենց տրամադրութեան տակ: Յամենայն դէպս, հաւաքականին յաջողութիւն կը մաղթեմ կատարելիք իր մրցումներուն գծով», եզրափակեց Փաչաճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES