50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 18 ՄԱՐՏ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՈՒԽՏԻ ՕՐ

Երեք շաբաթ առաջ արժանաւորապէս տօնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի գահակալութեան հինգերորդ տարեդարձը:

Վաղը` կիրակի, հաւատացեալ բազմութիւնները կրկին պիտի փութան Անթիլիաս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ուխտի օրուան եկեղեցական հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուելու եւ լսելու համար հայրապետական պատգամը Հայց. եկեղեցւոյ մեծագոյն տօնին առիթով:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ուխտի օրուան տօնակատարութիւնը մասնաւոր նշանակութիւն կը ստանայ մանաւանդ անոր համար, որ Զարեհ վեհափառի ընտրութենէն անմիջապէս յետոյ, նոյն այդ տօնին իմաստ եւ արժէք տուող մասունքները գողցուեցան Անթիլիասէն` տարի մը ետք վերադարձուելու համար իրենց բուն տիրոջ: Այնպէս որ, Ուխտի օրը միաժամանակ առիթ կու տայ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հաւատքն ու գուրգուրանքը արտայայտելու` հանդէպ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռին եւ անոր արժանաւոր գահակալին:

Հինգ տարիներ անցած են այն օրէն, երբ կիլիկեան թափուր աթոռը ազգին կամքով օժտուեցաւ երիտասարդ եւ ձեռներէց գահակալով մը: Փոթորկալի հինգ տարիներ, որոնց ընթացքին սփիւռքի մեր կեանքը բազմաթիւ տաք ու պաղ օրեր տեսաւ, մանաւանդ` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

Ժամանակակից մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական օրերը պիտի հանդիսանան 1956-1961 երկարող տարիները, այն իմաստով, որ հայութեան ազատատենչ զանգուածը զգաց վայրկեանին ծանրութիւնը եւ համապատասխան կեցուածք ունեցաւ` փրկելու համար իր ազգային արժանապատուութիւնը ու մանաւանդ` Հայց. եկեղեցին, համայնավարութեան սադրանքներէն:

Այս նոյն ժամանակաշրջանին տխրութիւնն ունեցանք ականատես ըլլալու հայանուն մարդոց անլուր ստորնութիւններուն, որոնք մեր ժողովուրդին համար եղան վնասակար եւ վարկաբեկիչ:

Այս երկու հակադիր կեցուածքներու միջեւ, ապաւինած հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան անվերապահ գուրգուրանքին ու հոգածութեան, Կիլիկիոյ արժանաւոր գահակալը հովուեց իր հօտը` հետզհետէ կազմակերպելով իր խնամքին յանձնուած թեմերը:

Բացի այդ, անիկա իր հայրական հովանին շնորհեց թեմերու, որոնք տասնամեակներէ ի վեր երեսի վրայ ձգուած էին Էջմիածնի կողմէ, Հիւսիսային Ամերիկայի, Յունաստանի եւ Իրանի մէջ:

Այսօր սեղանի վրայ է Անթիլիասը սփիւռքի հայութեան կեդրոնը դարձնելու հրատապ խնդիրը, այն հիմնական մտասեւեռումով, թէ մեր գաղութներուն մէջ համայնավար թափանցումի բոլոր դռները կը փակուին այն ատեն միայն, երբ կազմակերպուած կեանքի մը ցանցը կը հաստատուի երկրէ երկիր, ուր հայութիւնը գտած է ասպնջականութիւն եւ զարգանալու ու բարգաւաճելու անսահման հնարաւորութիւններ:

Այս անհրաժեշտութիւնը կը զգանք ոչ միայն մենք` իբրեւ առաջին շահագրգռուողներ, այլ նաեւ, առնուազն մեզի չափ, կը զգան ղեկավարները այն երկիրներուն, ուր հայութիւնը տուն-տեղ եղած է տասնամեակներէ ի վեր: Տարբեր մեկնաբանութիւն կարելի չէ տալ հիւրընկալ երկիրներու ղեկավարներու արտայայտութեանց, որոնց արձագանգը եղած ենք յաճախ:

Ոչ մէկ կասկած, թէ Անթիլիասը լիուլի պիտի գոհացնէ մեր եւ մեր բարեկամներուն բոլոր ակնկալութիւնները: Անիկա պիտի դառնայ իսկապէս հոգեւոր կեդրոնը սփիւռքի բովանդակ հայութեան եւ իմաստուն ղեկավարութեամբը վեհափառ հայրապետին, իր հաւատքի ու լոյսի ջերմութեամբ պիտի վարակէ բոլոր հոգիները անխտիր:

Այս վստահութեամբ ջերմեռանդօրէն պիտի մասնակցինք վաղուան տօնախմբութեանց:

Share this Article
CATEGORIES