ԻՐԱՆԻ ՌԱՖՍԱՆՃԱՆԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵՑ

Իրանի ձեռներէց քաղաքական գործիչներէն Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանի կորսնցուց իր դիրքը` իբրեւ երկրի հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի առաջնորդի: Ան յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը մասնագէտներու խորհուրդի վերջին նիստին:

Ռաֆսանճանի այժմ կրնայ կա՛մ հրաժարիլ, կա՛մ ալ աւելի մերձենալ ընդդիմութեան

Ասիկա կրնայ ազդարարել քաղաքական ասպարէզի աւարտին սկիզբը իրանեան համակարգին մէջ գործող չափաւորական ազդեցիկ թեքնոքրաթի մը:

Ռաֆսանճանիի այս որոշումը կ՛ամրապնդէ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմետինեժատի եւ անոր աջակողմեան դաշնակիցներուն դիրքերը:

Ռաֆսանճանիի պաշտօնը կը ստանձնէ այաթոլլա Մոհամետ Ռիզա Մահտաուի, Քանի որ ան աւելի աւանդական պահպանողական մըն է, քան` նախագահ Ահմետինեժատի հաւատարիմը:

Անոր զօրակցեցան Մասնագէտներու խորհուրդի ժողովի բարձրաստիճան կղերականները` բաւական բուռն ընտրական արշաւի մը մէջ: Այաթոլլա Քանի 63 քուէ ստացաւ 86 անդամ ունեցող դահլիճին մէջ:

Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդը տեսականօրէն կը նշանակէ եւ կը հսկէ երկրի կրօնական-քաղաքական գերագոյն ղեկավարը, որ ներկայիս այաթոլլա Ալի Խամենէին է:

Գործնականին մէջ խորհուրդին երէց, տարիքոտ կղերականները պետութեան կողմէ նշանակուած են եւ հսկողի դերակատարութիւն չունին:

ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՃՆՇՈՒՄ

Ռաֆսանճանի քաղաքական կառոյցէն, հաստատութենէն այժմ գրեթէ դուրս է եւ կրնայ կա՛մ հանգստեան կոչուիլ, կա՛մ ալ աւելի մերձենալ ընդդիմութեան: Ան նոյնիսկ կրնայ ամէնէն բարձրաստիճան այլախոհ կղերականը ըլլալ, ոչ տարբեր` հանգուցեալ այաթոլլա Ալի Մոնթազերիէն:

76-ամեայ Ռաֆսանճանի մինչեւ հիմա քաղաքական հաստատամիտ, յամառ դերակատար էր: Պարտուելով 2004 թուականի խորհրդարանական եւ 2005-ի նախագահական ընտրութիւններուն մէջ` ան մերժեց լքել ասպարէզը:

Ան այժմ կը մնայ ղեկավարը Շահաւէտութեան խորհուրդին, որ խորհրդարանին եւ անոր հսկող սահմանադրական մարմինին միջեւ իրաւարարի դեր կը կատարէ: Բայց այս խորհուրդին պաշտօնավարութեան ժամկէտը կ՛աւարտի յառաջիկայ տարեսկիզբին եւ յստակ չէ, թէ Ռաֆսանճանի պիտի յաջողի՞ այդ  դիրքը պահել:

Եթէ ներկայի ուղղութիւնը, հակումը շարունակուի, Ռաֆսանճանի եւ իր ընտանիքը կրնան յաւելեալ անկում դիմագրաւել: Անցնող երկու տարիներուն ան կորսնցուց Թեհրանի ուրբաթօրեայ աղօթքներու ղեկավարի իր դերը եւ հարուստ «Ազատ» համալսարանի իր տիրապետութիւնը:

Ռաֆսանճանիի զաւակներէն մէկը վերջերս հրաժարեցաւ Թեհրան մեթրոյի ղեկավարի պաշտօնէն, իսկ ուրիշ զաւակ մը արտասահման կը բնակի` վախնալով քաղաքական դատավարութենէ: Ռաֆսանճանիի դուստրը ժամանակաւորապէս արգելափակուեցաւ. փետրուարի փողոցի ցոյցին մէջ եւ համացանցի եու թիւպին վրայ հրապարակուեցաւ տեսաերիզ մը, ուր Ռաֆսանճանիի դուստրը հայհոյանքներով կ՛անպատուուի:

ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՈՒԱԾ

Ռաֆսանճանիի պարտութիւնը մեծ յաղթանակ մըն է աջին համար: Անոնք 2005 թուականէն ի վեր արշաւ շղթայազերծած էին տապալելու համար այս վտանգաւոր մրցակիցը:

Անոնք Ռաֆսանճանին մեղադրեցին կառավարութեան չզօրակցելու, ընդդիմութեան չհակադրուելու եւ գերագոյն ղեկավար Խամենէիին հաւատարիմ չմնալու յանցանքին համար:

Տեղեկատուական մարզը Ռաֆսանճանին ամբաստանեց ելեւմտական փտածութեան համար, զայն անուանեց խռովարար եւ «Մահ Ռաֆսանճանիի» կանչը սփռուեցաւ պետական պատկերասփիւռի կայանէն:

Թէեւ աջը զգաց, որ բաւականաչափ հզօր չէ Ռաֆսանճանիի ուղղակի ասպարէզ կարդալու համար: Ուրեմն պէտք է զօրակցիլ այլ կեդրոնամէտ պահպանողականի մը հետ` Մոհամետ Քանի, տապալելու համար Ռաֆսանճանին:

Անոր բացակայութիւնը բարեկարգչականները պիտի զրկէ քաղաքական հոլովոյթի սիրտին մէջ պաշտպանէ մը եւ պիտի սահմանափակէ անոնց ընտրանքները:

2005-էն ի վեր աջը արշաւ շղթայազերծած էր տապալելու համար Ռաֆսանճանին:

Ան կրնար վճռորոշ դերակատարութիւն ունենալ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ հասկացողութիւն մը գոյացնելու աշխատանքին մէջ:

2009 թուականի նախագահական վիճայարոյց ընտրութիւններէն ի վեր Ռաֆսանճանի կեդրոնական դիրքին վրայ էր պետութեան եւ այլախոհ Կանաչ շարժումին միջեւ տարակարծութեան ատեն:

Մէկ կողմէ ինք արծարծած, հնչեցուցած էր շարժումին հիմնական պահանջները եւ հաղորդակցութեան մէջ էր ատոր ղեկավարներուն հետ, միւս կողմէ` ինք իր պաշտօնական պարտականութիւնները կատարած էր եւ պարբերաբար դատապարտած` խռովարարութիւնները:

ԽԱՄԵՆԷԻ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ

Ռաֆսանճանիի տապալումը կը նշանակէ փլուզումը այլախոհ պատնէշին եւ ատիկա գերագոյն ղեկավար Խամենէիի աւելի ազատութեան, գետին կու տայ յաւելեալ խուսանաւումներու:

Բայց ատիկա նաեւ կը բարձրացնէ այն հաւանականութիւնը, թէ Ռաֆսանճանի կրնայ դէպի ընդդիմութիւն մղուիլ, կամ աջը այժմ կրնայ Խամենէիի վրայ ճնշում բանեցնել:

Ամիս մը առաջ Ռաֆսանճանի գերագոյն ղեկավար Խամենէիի կողքին նստաւ Յեղափոխութեան օրուան հանդիսութեան ատեն, որ երկրի կարեւորագոյն միջոցառումն է: Այս արարքը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս գերագոյն ղեկավարը հրապարակաւ, հանրութեան դիմաց կ՛ընդունի, կը ճանչնայ Ռաֆսանճանիի  հանգամանքը: Բայց նաեւ անհաւանական է, որ խորհուրդէն Ռաֆսանճանիի  արտաքսումը տեղի ունեցած ըլլայ առանց Խամենէիի վաւերացումին:

Խորհուրդի ընտրութեան նախապատրաստութեան ատեն ե՛ւ աջը, ե՛ւ Ռաֆսանճանիի համակիրները փորձեցին Խամենէիին պատկերացնել, ներկայացնել իբրեւ իրենց դաշնակիցը:

Ռաֆսանճանիի խմբակը կ՛ըսէ, թէ գերագոյն ղեկավարը անոր ըսած է, որ մասնակցի ընտրութեան, առաջադրէ թեկնածութիւնը: Ահմետինեժատի համակիրները կը պնդեն, թէ Խամենիի կարծիք չէ յայտնած:

Մասնագէտներու խորհուրդը աւանդական պահպանողականներու տիրապետութեան տակ է: Անոնք դադրեցուցին իրենց զօրակցութիւնը Ռաֆսանճանիի, որովհետեւ ան բացուեցաւ ընդդիմութեան:

Իրենցմէ մէկուն դէմ դառնալը պիտի օտարացնէ ռաֆսանճանամէտ տարրերը եւ խորհուրդը պիտի տկարացնէ ու պառակտէ:

Աւանդական պահպանողականները գլխաւորեցին Ռաֆսանճանիի տապալումը, բայց ասիկա ընելով` անոնք աւելի մօտեցան աջին եւ այսպէսով նսեմացուցին իրենց ընտրական քաշողականութիւնը, հմայքը:

Ասիկա հետեւանքներէ զերծ չէ 2012 թուականի փետրուարին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար:

Հարցումը այն է, թէ ձեռներէց պահպանողականները արդեօք բաւականչափ ուժեղ պիտի ըլլա՞ն, որպէսզի արգիլեն խորհրդարանին գրաւումը աջին կողմը:

 

Share this Article
CATEGORIES