ՀՅԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ իւրայատուկ տեղ ունի մշակոյթին մաս կազմող գրականութեան բնագաւառը:

Գրականութեան ճամբով, տարիներ շարունակ, հեղինակներ կրցած են ժողովուրդին փոխանցել իրենց միտքերը, գաղափարները, զգացումներն ու խորհուրդները` զանոնք լիցքաւորելով գիտական, գեղարուեստական, կրօնական, քաղաքական եւ այլ նիւթերով: Հեղինակը ընթերցողը նախ իր միտքին բաժնեկից դարձուցած է, ապա անոր տեղեկութիւններ փոխանցած, զարգացուցած, ուշադրութեան հրաւիրած, տարբեր հորիզոններ բացած է անոր առջեւ:

1860-ական թուականներէն սկսեալ հայ ժողովուրդին ապրած գրական – գեղարուեստական զարթօնքով ծնունդ պիտի առնէին ազգային ազատագրական պայքար մղող շարժումներ` հայկական միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ կուսակցութիւններ:

Ակնյայտ իրողութիւն է, որ կազմակերպութիւն մը կամ գաղափարական շարժում մը անկասկած կը ստեղծուի որոշ նպատակ մը իրագործելու ձգտումով եւ անհրաժեշտաբար պէտք ունի իր գաղափարները տարածող քարոզչական ու դաստիարակչական ամէնէն ազդու զէնքերուն` գրաւոր եւ բանաւոր խօսքին: Այս իրողութենէն մեկնելով` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հետզհետէ ծաւալող իր գործունէութեան համար անմիջական անհրաժեշտութեան կարիքը զգաց գաղափարական գրականութեան մը ստեղծումին:

Այնուհետեւ, Դաշնակցական գրականութիւնը ճամբայ բացաւ նաեւ ազգային-քաղաքական եւ տեսական մակարդակի վրայ սպասուած եւ անհրաժեշտ նկատուած զարթօնքին` իբրեւ հայութեան մտաւոր ու հոգեկան ազատագրման հիմնական ազդակներէն մէկուն:

Ազգային ազատագրական պայքարի առօրեային, թէ մտքով, թէ՛ ֆիզիքապէս մասնակցող գործիչներուն ուշադրութիւնը կը կեդրոնանար կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքականութեան ճշգրտման, ռազմավարական ընտրանքներու ճշդման եւ այդ ընտրանքները կեանքի վերածելուն վրայ: Այս առումով, հայ յեղափոխութեան ժամանակաշրջանի գործիչները իրենք իրենց մէջ խտացուցած էին մարտիկ – յեղափոխականի եւ մտածող – ռազմավարական ընտրանքներ ճշդողի զոյգ արժանիքները:

Հետագայ տարիներուն տեղի ունեցած գաղափարական շարունակական բիւրեղացումներուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուեցաւ էապէս յեղափոխական նկարագիրով օժտուած դաշնակցական գրականութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին տեսական, ազգային – քաղաքական եւ ընկերվարական ոլորտները:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութենէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն պարզ գործիչը իր ներդրումը ունեցած է դաշնակցական գրականութեան ստեղծման աշխատանքին մէջ: Այսօր գործածուող շատ կարգախօսներ, որոնք խոր ազդեցութիւն ձգած են դաշնակցական մտածողութեան վրայ, կու գան այդ գրականութենէն, ինչպէս` Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յարատեւ կռիւի» եւ «Յաւելեալ արեան» գաղափարները, Խաչատուր Մալումեանի «Դէպի Երկիր» կարգախօսը, որ միշտ խթան կը հանդիսանայ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը ուղղելու դէպի հայաստանակեդրոն աշխատանքին:

Գործիչներու կարգ մը պատգամներն ու խորհուրդները հետագային կարգախօսներու վերածուած են. բացի անոնցմէ` առաջ եկած են այլ կարգախօսներ եւս, որոնք ծնունդ առած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովներէն, յեղափոխական երգերէ, դաշնակցական գրականութեան գիրքերու խորագիրներէ եւ այլն, օրինակ` «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան», «Մահ կամ ազատութիւն» (ազատութիւն կամ մահ), «Սուրբ գործ», «Պատիւ ունեցողը թող գայ», «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն», «Դաշնակցութիւնը գործի կուսակցութիւն է», «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութիւն» եւ այլն:

Վերոնշեալ կարգախօսները ոչ միայն ի զօրու են ցայսօր, այլ նաեւ, իբրեւ սրբազան պատգամ, վերածուած են ազգային թելադրականութեան եւ նոյնիսկ մաս կը կազմեն մեր մշակոյթին:

Ահաւասիկ այս բոլորէն յստակօրէն ի յայտ կու գայ, թէ Դաշնակցութեան համար խօսքը աւելորդ բան մը չէ եղած երբեք, այլ` ի պահանջել հարկին նաեւ գործ, հաւասար այդ «սեւ աշխատանքին», որուն նուիրականութեան համար ոչ ոք պիտի կարենար առարկել, այլապէս, Ուսուցիչ եւ Դաշնակցութեան խիղճը հանդիսացած «Աշխարհիկ Սուրբ»` Սիմոն Զաւարեանի իսկ բնորոշումով` խօսքը առանց գործի մեռեալ պիտի ըլլայ:

Տեղին է նշել, որ այս պատգամները կարգախօսի վերածուած` 120 տարիներ թրծեցին սերունդներ, պատերազմի դաշտերուն, հանդիսութիւններուն, ձեռնարկներուն` մեր թուլցած հոգիները ամրացնելու, տկարացած սիրտերը զօրացնելու, պղտորած միտքերը բիւրեղացնելու, տգիտացած ուղեղները զարգացնելու: Միւս կողմէ, սակայն, փոքր համայնապատկերով մը մեզի կը ներկայացնեն մարդկութիւնը, հայութիւնը, ազգային գիտակցութիւնն ու ոգին, եւ վերջապէս հայոց պատմութեան մէջ, 1890-էն սկսած, երեք դարեր շարունակ իր դրոշմը ձգած ՀՅ Դաշնակցութեան 120 տարիները:

ՀՅ Դաշնակցականներու խորհուրդները եւ պատգամները կը յատկանշուի ոճով մը, երբեմն` յուզարտայայտչական-գնահատողական, երբեմն` զուրկ յուզականութենէ եւ պատկերաւորութենէ, բառեր կը գործածուին ուղղակի իմաստով. խօսքը ներկայացուած` հակիրճ ձեւով:

Ուստի, ոճը բնորոշ է գիտական գրականութեան, դասախօսութիւններուն, գիտական զեկուցումներուն ու բանավէճերուն, քննադատական գրականութեան եւ այլն: Հարուստ է գիտաճարտարագիտական, մասնագիտական ոճաբանութեամբ, դատողամտածողական բնոյթի բառակապակցութիւններով, կաղապարումներով, շաղկապներով: Սակաւ են յուզարտայայտչական տարրերն ու միջոցները: Կը համատեղէ գիտական ու գեղարուեստական խօսքի (ոճի) առանձնայատկութիւնները. նպատակն է ներգործել, ազդել ընթերցողի, ունկնդիրի ոչ միայն միտքի դատողութեան վրայ, այլ կամքի, զգացմունքներու, երեւակայութեան վրայ` մղելու զայն ցանկացած գործողութեան: Այս բոլորին կ՛ընկերանայ նոյնպէս գեղարուեստական ոճը, որ յատուկ է իր պատկերաւորութեամբ ու յուզարտայայտչականութեամբ, ասոր մասնաւոր դրսեւորողներէն է բանաստեղծական ոճը:

Այս խորհուրդներու եւ պատգամներու մէջ իւրայատուկ են իրադրական ու յորդորական ոճերը, որոնք պայմանաւորուած են խօսքային իրադրութեամբ, հաղորդակցուողներու վիճակով, փոխյարաբերութեամբ, որոնք կը ներկայանան` հանդիսաւոր, յորդորական, մտերմական-փաղաքշական, հասարակաբանական, պաշտօնական-իրադրական եւ այլն միջոցներով: Հոն կը հանդիպինք խօսողի կամ գրողի ընդգծած առարկայի, երեւոյթի, իրադարձութեան վեհութեան, կարեւորութեան, մեծարման անրաժեշտութեան: Յատուկ է հանդիսաւոր հաւաքոյթներու (զեկուցումներու, ճառերու, յոբելենական մեծարումներու) խօսքին, տարելիցներուն նուիրուած ելոյթներուն, յօդուածներուն: Իսկ յորդորական ոճով, խօսողը կամ գրողը կը յորդորէ, կը խրատէ մէկը, կը մղէ բանի մը:

Այս պատգամներն ու խորհուրդները մեզի ցուցմունք կու տան, մեր հորիզոնները կ՛ընդարձակեն, փորձառութիւն կը ներկայացնեն:

ՀՅ Դաշնակցականներու խորհուրդներ, եւ պատգամները լուսարձակի տակ առնելով եթէ վերլուծելու ըլլանք, կը տեսնենք, թէ տարիներու թաւալումով հոն սկզբունքային ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է: Այլ խօսքով, ձեւով մը հաստատած կ՛ըլլանք դաշնակցական մտքին ու կամքին անփոփոխութիւնը: Իսկ տարբեր դիտանկիւնէ նայելով` կը հիմնաւորենք, որ սոյն խորհուրդները կը փարատեն նեղմիտ ու սահմանափակ, հոս ու հոն հրապարակ իջած այն մտայնութիւնները, որոնք խաչմերուկի ճամբուն կանգնեցուցած են «յեղափոխականացում» ու «քաղաքականացում» բառաեզրերը` բախելու համար զանոնք իրարու:

Վերոյիշեալ իրողութիւնը լրջօրէն վերացած պէտք է նկատել, քանի որ դաշնակցական մտաւորականներու եւ գործիչներու հաստատումները, իրենց ազդեցութեան ոլորտին ներքեւ, ցարդ լիարժէքօրէն կը պահեն իրենց իմաստն ու թելադրականութիւնը,  որովհետեւ անոնք էապէս կ՛արժեւորեն անցեալն ու կը բացայայտեն յաջորդող տարիներու գործունէութեան խորապատկերը: Աւելի՛ն. իբրեւ բանաձեւուած միտք եւ հաւաքական մտածողութիւն` լաւագոյնս կ՛ապացուցեն ազգային հեռահար տենչերու իրականացման ուղին եւ առաւելաբար կը բնութագրեն դաշնակցական աշխատանքի եւ աշխարհահայեացքի ամբողջական պարունակը:

ՀՅ Դաշնակցականներու խորհուրդները եւ պատգամները մեզի կը ներկայանայ որպէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան յաջորդաբար փորձառութիւն ձեռք ձգած գաղափարներ, խուսափելով, սակայն, անցեալն ու ինքզինք շարունակ կրկնելէ, քաջ գիտնալով, սակայն, որ մօտիկ անցեալի վերամատուցումը ուղղակիօրէն կը նպաստէ դաշնակցական աւանդներուն վերադառնալու մեր կէտ – նպատակի իրագործման: Այդտեղ կան կեանքի դրուագներ, որպէս արտայայտիչ, օրինակ, ականջալուր` ժողովուրդի ցաւերուն, ազգային մարտահրաւէրներուն հանդէպ վճռական եւ դաշնակցական լաւագոյն աւանդներուն: Ան, հարազատ արտայայտութիւնն է տարիներու ժամանակահատուածին սերունդի դաշնակցական շառաւիղի ոգիին:

Նկատի առնելով, որ դաշնակցական երիտասարդ մտաւորականութիւնն է կուսակցութեան գաղափարական շարունակականութեան երաշխաւորը, շատ կարեւոր է երիտասարդներու եւ ուսանողներու ծանօթութիւնը կուսակցական աւանդին:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 120-ամեակի առիթով մենք խիստ կարիքը կը զգանք դաշնակցականներու խորհուրդներուն եւ պատգամներուն` իբրեւ կրանիթեայ ուսումնական ամպիոն, զգաստանալու, զգօն ըլլալու ու մանաւանդ` դաշնակցութեամբ դաշնակցութիւն իրագործելու վեհ նպատակին համար:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES