ԲԱՆԱԿԸ ԱՊԱՍԱՐՔԱԾ Է ԼՐՏԵՍՈՒՄԻ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸ

Բացայայտուած լրտեսական սարքը

Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ երէկ Սուրի մօտ գտնուող Շամաա շրջանին մէջ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը` հիմնուելով Դիմադրութեան կողմէ հաղորդուած տեղեկութիւններուն վրայ, բացայայտեց ժայռի նմանող պարունակ մը, որուն մէջ զետեղուած էր իսրայէլեան լրտեսումի գերարդիական սարք մը:

Բանակի սակրաւորները անմիջապէս ապասարքեցին լրտեսումի գործիքը, որ նկարելու եւ նկարներ փոխանցելու դրութեամբ օժտուած է, ինչպէս նաեւ երկար ատեն բանելու կարողութիւն ունի եւ իր վրայ կը կրէ զինք զով պահող որոշ բաժիններ:

Բանակին հաղորդագրութիւնը նշեց, որ այդ սարքը, որ իսրայէլեան օդանաւերուն կողմէ կը բանեցուի, կրնայ նկարել հարաւային ծովեզերեայ ամբողջ շրջանը, որ կ՛երկարի Պայիատայէն մինչեւ Սուր:

Այլ հաղորդագրութեամբ մը բանակի հրամանատարութիւնը տեղեկացուց, որ կէսօրէ առաջ ժամը 9:30-ին իսրայէլեան օդուժը ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ գործած է ամբողջ Լիբանանի վերեւ եւ խզած ձայնի պատը. իսրայէլեան օդանաւերը ժամը 10:50-ին մեկնած են Լիբանանէն:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ այս արարքները Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններ են, որոնք կը խախտեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

 

Share this Article
CATEGORIES