ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԸՏԻԱՈՒԻՆ

Դեսպան Պըտիաուի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներն ու լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլի:

Պըրրի ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Պէյրութի նաւահանգիստի նախագահ Հասան Քրայթեմը, որ Պըրրիի հետ քննարկեց նաւահանգիստին հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES