«ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ` ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՎ ԿԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

Սօսի Փոլատեան

«Լիբանանեան կեանք»ի այսօրուան էջով կ՛անդրադառնանք Լիբանանի մէջ գործող աշխուժ կառավարական մարմինի մը`  Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի գործունէութեան եւ անոր նուաճումներուն ու տակաւին իրագործելիք նպատակներուն:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի գործադիր մարմինի անդամ Սօսի Փոլատեանի հետ, որ մանրամասնօրէն բացատրեց խորհուրդի գործունէութեան եւ Լիբանանի մէջ անոր ծրագիրներուն մասին:

Անդրադառնալով Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին հիմնադրութեան` Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ խորհուրդը  հիմնուած է 1998-ին: «Նախքան խորհուրդի բնոյթ ստանալն ու կառավարութեան հրապարակած թիւ 720 շրջաբերականով կառավարական մարմին դառնալը, խորհուրդը գործած է իբրեւ յանձնախումբ», ըսաւ ան:

«Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը սկսած է գործել հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի օրով եւ սկսած է գործել երկիրը կառավարող վարչամեքենային հովանիին տակ:

«Խորհուրդին աշխատելաձեւը հիմնականին մէջ կ՛որոշուի անոր գործադիր մարմինին կողմէ, որ իր աշխատանքը տարբեր մարզերու բաժնելով` կը փորձէ լիբանանեան ընկերութեան մէջ պաշտպանել կիներուն իրաւունքները եւ նուազագոյնը զանոնք հաւասարեցնել այր մարդոց իրաւունքներուն», նշեց Սօսի Փոլատեան:

Ակնարկելով խորհուրդին ֆինանսաւորման` Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ խորհուրդը տարեկան դրութեամբ փոքր պիւտճէ մը կը ստանայ կառավարութենէն եւ իր աշխատանքի տարեկան գործունէութեան տեղեկագիրները կը յանձնէ անոր:

Ան աւելցուց սակայն, որ խորհուրդին աշխատանքներուն ֆինանսաւորումը ՄԱԿ-ը կը տրամադրէ, նկատել տալով, որ վերջին տարիներուն խորհուրդին աշխատանքներուն հանդէպ նոյնքան հետաքրքրութիւն սկսած է ցուցաբերուիլ Եւրոպական Միութեան կողմէ` նկատի ունենալով բծախնդիր եւ հետեւողական այդ աշխատանքը:

Ակնարկելով խորհուրդի պատասխանատուներուն` Սօսի Փոլատեան բացատրեց, որ խորհուրդին կը նախագահէ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, իսկ փոխնախագահն է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կինը` Ռանտա Պըրրի:

«Խորհուրդին մաս կը կազմեն 22 կիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ Լիբանանը բաղկացնող զանազան համայնքներն ու յարանուանութիւնները, նկատի ունենալով, որ Լիբանանը համայնքային երկիր է: 22 անդամներէն 8-ն կը կազմեն խորհուրդին գործադիր մարմինը, որ կը նկատուի աշխատանքի հիմնական շարժակը», ըսաւ ան:

Սօսի Փոլատեան նկատել տուաւ, որ իր հիմնադրութեան օրերուն այս խորհուրդը մեծ աշխատանքներ չէր իրագործեր, աւելցնելով սակայն, որ հետզհետէ ան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն կողմէ ճանաչում ստացաւ եւ սկսաւ աւելի եւս խորացնել իր աշխատանքը:

Ան աւելցուց, որ ներկայ դրութեամբ, երբ ՄԱԿ-ը կիներու վերաբերեալ աշխատանք մը կ՛ունենայ Լիբանանի կառավարութեան հետ, անմիջապէս կը դիմէ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին` իրագործելու համար այդ ծրագիրները:

«Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի հետ գործակցելէ բացի, խորհուրդը գործակցութեան սերտ կապեր ունի նաեւ տեղական մակարդակի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս` Քաղաքացիական խորհուրդ, Կիներու խորհուրդ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչ (ԼՕԽ) եւ շարք մը տարբեր կազմակերպութիւններ, որոնց ընդհանուր թիւը կը հասնի 140-ի», նշեց Սօսի Փոլատեան:

Խորհուրդին աշխատանքներուն մասին խօսելով` Սօսի Փոլատեան շեշտեց, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին աշխատանքները ունին հիմնական երեք բնոյթ` խորհրդատուական, գործադիր եւ արտաքին յարաբերութիւններ:

«Իբրեւ խորհրդատուական բնոյթի աշխատանքներ` Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը ուղղակի կապն է լիբանանեան մակարդակի վրայ գործող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի միջեւ: Որեւէ օժանդակութեան պարագային, ՄԱԿ-ը կը դիմէ մեզի եւ սերտելէ ետք անոր ծրագիրը, մենք կը թելադրենք անոր, որ գործակցի այս կամ այն միութեան կամ կազմակերպութեան հետ», ըսաւ ան:

Սօսի Փոլատեան շեշտեց, որ իր գործունէութեան 13 տարիներուն ընթացքին խորհուրդը մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգած է: «Իր սկզբնական աշխատանքն էր տեղեկութիւններ հաւաքել զանազան շրջաններու եւ երկրին մէջ կիներուն կարիքներուն մասին, ինչպէս նաեւ` ուսումնասիրել անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններն ու հարցերը, որպէսզի կարելի ըլլար յարմար լուծումներ գտնել:

Ուսումնասիրական եւ տեղեկահաւաքի աշխատանքէն ետք, խորհուրդը հասաւ այնպիսի մակարդակի մը, որ անդրադարձաւ, թէ անհրաժեշտ է պատրաստել ուրոյն ռազմավարութիւն: Ռազմավարութիւն մը, որ Լիբանանցի կիներուն ազգային խորհուրդին անձնական գործունէութեան վրայ հիմնուած է եւ կը վերաբերի իր առաքելութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ ապրող կիներու կարիքներուն», շեշտեց ան:

Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ անցեալ տարուան ընթացքին խորհուրդը պատրաստած է յառաջիկայ տասնամեակի իր ռազմավարութիւնը, որ մօտիկ ապագային պիտի հրատարակուի:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը կը հրատարակէ իր տարեկան տեղեկագիրը, որ երկլեզու է` արաբերէն եւ անգլերէն

Ռազմավարութիւնը կը կոչուի` «Լիբանանցի կիներուն վերաբերող ազգային աշխատանքային ռազմավարութիւն», ուր նշուած են լիբանանցի կիներուն զանազան կարիքները` զանոնք բաժնելով հիմնական մասերու, որոնցմէ են` առողջապահականը, տնտեսականը, ուսումնականը, ընկերայինը եւ այլ:

«Այս ռազմավարութիւնը պատրաստուեցաւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն եւ անոնցմէ բխած տեղեկագիրներուն հիման վրայ: Ռազմավարութիւնը իր սեւագիր վիճակին մէջ նախորդ ամիսներուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Լիբանանի մէջ գործող 140 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց ցուցմունքներով եւ նկատողութիւններով հարստացուցին զայն եւ կարելի դարձուցին այդ ռազմավարութիւնը հրատարակելու ամբողջական եւ համապարփակ ձեւի մէջ: Քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ մեր հանդիպումը եղաւ բաւական շինիչ եւ արդիւնաւէտ, որովհետեւ իրենք իրենց փորձառութենէն ու մտահոգութիւններէն մեկնելով է, որ կրցան ներդրում ունենալ մեր պատրաստած ռազմավարութեան բարելաւման աշխատանքին մէջ», յայտնեց Սօսի Փոլատեան:

Ան շեշտեց, որ այդ ռազմավարութիւնը խորհուրդին համար շատ օգտակար պիտի ըլլայ այն առումով, որ երբ ՄԱԿ-ը կամ այլ կազմակերպութիւններ խորհուրդին դիմեն որոշ ծրագիր մը գործադրելու նպատակով, խորհուրդը այդ ռազմավարութեան հիման վրայ ճշդուած կարիքները ստուգէ եւ ըստ այնմ յանձնարարէ որեւէ աշխատանք:

«Համոզուած ենք, որ այս գիրքը Լիբանանի համար մեծ նուաճում մը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ պիտի ծառայէ իբրեւ հաստատ եւ ամուր յատակագիծ մը` խորհուրդին ունենալիք ապագայ գործունէութեան համար», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին գործունէութեան եւ տեղեկահաւաքի մէկ կարեւոր ձեւին` Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ խորհուրդը նախարարութիւններուն եւ Լիբանանի տարածքին գործող տարբեր խորհուրդներուն մէջ ունի իր ներկայացուցիչները, որոնք կը կոչուին Ճենտըր ֆոքըլ փոյնթ:

Ան նշեց, որ այս օրէնքը վաւերացուած է 1995-ին եւ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն: Այս դրութիւնը կը միտի այն բանին, որ իւրաքանչիւր նախարարութեան եւ խորհուրդի մէջ վարչական որոշ պաշտօն ունեցող պատասխանատուներ դառնան նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան բարգաւաճման ծառայող կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչը:

«Ճենտըր ֆոքըլ փոյնթի պաշտօնին համար առաջադրուած թեկնածուները կը հետեւին յատուկ դասընթացքներու, որոնք բարդ եւ դժուար աշխատանքներ են, որովհետեւ կը միտին ամբողջ մտայնութիւնը փոխել եւ համոզել կիները, որ իրենք ալ իրաւունքներ ունին եւ պէտք է պաշտպանեն զանոնք», ըսաւ ան:

Սօսի Փոլատեան ընդգծեց, որ խորհուրդը այս դրութիւնը կը գործադրէ` պաշտպանելու համար կիներուն իրաւունքները, լիբանանեան շրջանակներուն մէջ հաւասարեցնելու համար այրերուն եւ կիներուն իրաւունքները: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ բոլոր նախարարութիւնները անխտիր ընդառաջած են այս դրութեան եւ նախարարութիւններուն մէջ նշանակած` Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի Ճենտըր ֆոքըլ փոյնթերը:

Սօսի Փոլատեան նշեց նաեւ, որ համացանցի այս դարուն հետ քայլ պահելու համար խորհուրդը ունի իր պաշտօնական կայքէջը եւ իր ի-փորթըլը, որ բաւական աշխուժ է եւ մնայուն կերպով կը դարմացուի իր պատասխանատուին կողմէ` ընդգրկելով խորհուրդին պատմականէն, մինչեւ անոր գործունէութիւնը, նիստերը, կայացուցած սեմինարներն ու նոր ծրագիրները:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պաշտօնական կայքէջին մէկ բաժանմունքը

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին պաշտօնական կայքէջն է www.nclw.org.lb Նոր ծրագիրներուն շրջագիծին մէջ Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ ներկայիս խորհուրդը իր ամբողջ ջանքը ի գործ կը դնէ տնտեսական մարզին մէջ կիները զարգացնելու համար:

«Այս նպատակով մենք ստորագրած ենք փրոթոգոլ մը` Ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի գրասենեակին հետ: Այս փրոթոգոլին հիման վրայ գրասենեակը պիտի գործադրէ տնտեսական մարզերուն մէջ կիներուն աշխատանքը եւ ներդրումը զօրացնելու եւ զանոնք դէպի առեւտուրի եւ հաշուապահութեան դաշտերը մղելու ծրագիր մը: Այս ծրագիրին հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ վարժութեան հետեւող կիներուն սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ունենալ անձնական աշխատանք մը եւ ուրոյն ջանքերով զարգացնել զայն ու նուաճումներ արձանագրել», ըսաւ ան:

Սօսի Փոլատեան շեշտեց, որ այդ ծրագիրը նախապէս միայն մէկ անգամ գործադրուած է` մասնակցութեամբ 15 կիներու: Ան նշեց, որ այս ծրագիրը երեք ամսուան տեւողութիւն ունի` շաբաթական երկու անգամի դրութեամբ: «Ծրագիրին աւարտին մասնակիցները կը ստանան վկայագիր մը, որ կ՛ապահովուի ֆրանսական կրթական հիմնարկէ: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ծրագիրին մասնակցող կիները կը վճարեն խորհրդանշական գումար մը: Իսկ վարժողական ծրագիրին անոնց մասնակցութիւնը կը վաւերացուի խորհուրդին կողմէ նշանակուած յատուկ պատասխանատուի մը հետ հարցազրոյց մը ունենալէ ետք», յայտնեց ան:

Սօսի Փոլատեան դիտել տուաւ, որ վարժողական այս ծրագիրին հետեւողներուն մեծ մասը այսօր արդէն իսկ ունի իր յատուկ գործը եւ հետզհետէ կը բարգաւաճի` բարելաւելով իր կեանքի պայմանները:

Այս ծիրին մէջ ան նշեց, որ խորհուրդը ունեցած է իր անձնական կեդրոնը, որ պիտի ծառայէ նաեւ իբրեւ վարժողական ծրագիրներու գործադրութեան կեդրոն: «Կեդրոնը արդէն իսկ իր նպատակին համապատասխանող սարքաւորման արժանացած է Ուալիտ պըն Թալալ բարեսիրական ֆոնտի փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհի կողմէ», աւելցուց ան:

Նոյն ծրագիրին շրջագիծին մէջ մնալով` Սօսի Փոլատեան շեշտեց, որ վարժողական այդ ծրագիրը աւարտող, սակայն իբրեւ նոր սկիզբ` նիւթական փոքր փոխատուութեան կարիքը ունեցող թեկնածուներուն օժանդակելու նպատակով Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը Կեդրոնական դրամատունէն երաշխաւորութիւն ստանձնելու իրաւունք ստացած է:

«Հոս պէտք է նշել, որ այդ երաշխաւորութիւնը ձեռք ձգելու համար մեզի մեծապէս օժանդակեց Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Յարութիւն Սամուէլեանը», ըսաւ ան:

Շարունակելով բացատրել Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին առաքելութիւնները` Սօսի Փոլատեան նկատել տուաւ, որ խորհուրդի անդամ կիները կը գործեն տարբեր յանձնախումբերու մէջ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են մեծ թիւով կազմակերպութիւններու:

«Ունինք նաեւ իրաւաբան կիներու յանձնախումբ մը, որ օրէնքներ կը մշակէ եւ ապա զանոնք իբրեւ օրինագիծեր կը ներկայացնէ խորհրդարանին», ըսաւ ան:

Սօսի Փոլատեան ընդգծեց նաեւ, որ կիները պէտք է ունենան խորհրդարանին մէջ արդար կերպով ներկայացուելու իրենց իրաւունքը, հաստատելով, որ կան մեծ թիւով կիներ, որոնք ատակ են ստանձնելու այդ ծանր պարտականութիւնները եւ պատասխանատուութեամբ լուծելու երկիրը յուզող կարգ մը հարցեր:

Սօսի Փոլատեան հարցազրոյցը եզրափակեց` կոչ ուղղելով հայ կիներուն եւ օրիորդներուն, որ հետեւին Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի աշխատանքներուն եւ, յատկապէս, չփախցնել անոր ընծայած այս օգտակար առիթը` կիներու վարժողական յատուկ ծրագիրին հետեւելով:

«Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի մէջ լիբանանահայութեան իբրեւ ներկայացուցիչ, կոչ կ՛ուղղեմ հայ կիներուն` ընդառաջելու նման ծրագիրներու եւ իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերելու անոր, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ լիբանանահայութեան համար նոր նուաճումներ ապահովել եւ մեր կենսամակարդակը բարձրացնել», ըսաւ ան:

 

ԿԻՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին, յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ վարժողական ծրագիր մը, որուն նպատակն է զարգացնել կիներու վարչական եւ կազմակերպչական կարողութիւնները, զանոնք օժտել հաշուապահական ու ելեւմտական հմտութեամբ, ինչպէս նաեւ` բարելաւել անոնց շուկայադրման եւ վաճառքի կարողութիւնները:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կողմէ վարժողական այս ծրագիրը կը գործադրուի գործակցութեամբ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակի խորհուրդին:

Կիներու յատուկ վարժողական այս ծրագիրին մասնակցելու համար արձանագրութիւնները արդէն սկսած են եւ հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի հեռաձայնել` 01-744167, 05-955101 եւ 03-399462 թիւերուն եւ կամ ուղղակի կապ հաստատել խորհուրդին յատուկ պաշտօնական կայքէջին` www.nclw.org.lb ընդմէջէն:

Նշենք, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կազմակերպած այս վարժողական ծրագիրին մասնակցելու համար ճշդուած է խորհրդանշական գումար մը, իսկ մասնակիցներուն թիւը պիտի ըլլայ սահմանափակ:

 

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES