ԻՐԱՆ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՏՈՒՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

Զրահապատները կը մնան ճամբաները

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրան Պահրէյնի մէջ իր դեսպանը տուն կանչած է` բողոքելով փոքր թագաւորութեան մէջ շիի մեծամասնութեան նկատմամբ բանեցուած ճնշումներուն դէմ: Մանամայի մէջ Իրանի դեսպան Մահտի Աղաժաֆարի տուն կանչուած է խորհրդակցութեանց համար: Ան իր պաշտօնը ստանձնած էր վեց ամիս առաջ:

Իրան դատապարտեց Արաբական ծոցի երկիրներէն սէուտական ղեկավարութեամբ ուժի մը Պահրէյն մուտք գործելը` այդ քայլը նկատելով «անընդունելի» եւ նշելով, որ անիկա «կացութիւնը աւելի բարդ եւ դժուար պիտի դարձնէ»:

Սիւննի արաբական պետութիւններէ ապահովական ուժերու եւ շիի ցուցարարներու միջեւ բախումներուն շուրջ մտահոգութիւնը տարածուեցաւ Իրաք, ուր շուրջ երեք հազար ցուցարարներ հաւաքուեցան Քարպալայի մէջ` առ ի զօրակցութիւն Պահրէյնի շիիներուն, իսկ երեսփոխաններ հակազդելու կարելիութիւնները քննարկեցին: Կը նախատեսուի, որ այսօր Քարպալայի մէջ Պահրէյնի շիիներուն նկատմամբ զօրակցութեան շատ աւելի մեծ ցոյց մը տեղի ունենայ:

Մինչ այդ, Իրաքի խորհրդարանը Պահրէյնի շիիներուն 5 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն ուղարկելու հարցը քննարկեց, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայէն ու ՄԱԿ-էն պահանջեց անմիջապէս միջամտել:

Միւս կողմէ, Պահրէյնի իշխանութիւնները երէկ ձերբակալեցին առնուազն 7 ընդդիմադիր գործիչներ, որոնց շարքին են անձեր, որոնք թագաւորութիւնը տապալելու ամբաստանութեամբ դատի կ՛ենթարկուէին եւ անցեալ ամիս ընդդիմութիւնը լռեցնելու եւ երկխօսութեան համար դրական մթնոլորտ ստեղծելու համար ազատ արձակուած էին:

Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութիւնն ու ՕԹԱՆ պահրէյնեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին բռնարարքներէ ետ կենալ եւ տագնապը լուծել երկխօսութեան ճամբով:

 

Share this Article
CATEGORIES