ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ 15-17 մարտին մեկնեցաւ Ս. Փեթերսպուրկ` մասնակցելու համար Ռուսիոյ հիւսիսարեւմտեան դաշնակցային մարզի հայ համայնքներու եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հաւաք-հանդիպումին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեան եւ ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Անդրանիկ Արշակեան:

Հաւաք-հանդիպումին նպատակն էր ներկայացնել հայկական սփիւռքին նկատմամբ Հայաստանի արդի քաղաքականութեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ռազմավարական խնդիրները, վեր հանել Հայաստանի եւ Ռուսիոյ հիւսիսարեւմտեան դաշնակցային մարզի հայ համայնքներու գործակցութեան հիմնախնդիրները, ամրապնդել գործակցութեան զարգացումը, աշխուժացնել ազգային ներուժի համախմբման, ինքնութեան պահպանման հարցին մէջ հայ համայնքներու եւ հայկական կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնը եւ ընդլայնել վերջիններուս ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջպետական եւ շրջանային համագործակցութեան տարբեր մարզերուն մէջ:

Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուիրակութիւնը առանձին հանդիպումներ ունեցան Ռուսիոյ հիւսիսարեւմտեան դաշնակցային մարզի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES