ՔԵԶՄՈՎ ՔԵԶԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Քեզանով է պայթել հունտը մեր գոյութեան,
Քեզանով ենք դարձել տուն ու երկիր,
Շառաչել ես դու հին հողում Արարատեան,
Մինչեւ հնչիւնը քո դարձել է գիր:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
———————————-

Մաշտոցեան գիրերու գիւտը տօնն է հայոց լեզուի «անկախութեան»` ամրագրուած իր եզակի նշանագրութեամբ, համայն աշխարհի այբուբեններու բազմութեան մէջ:

Թերեւս ոչ ամէն ինչ, բայց հայ եւ օտար բանասէր – պատմաբան – հայագէտ գիտնականներու կողմէ շատ բան ըսուած է արդէն, մաշտոցեան հանճարի արգասիք Տեառնադրոշմ հայոց գիրերուն եւ այդ շնորհի կենսալի արդիւնաւորման մասին:

Հայ գրական-բանաստեղծական խօսքի վարպետներ զգացական խոհական ու փիլիսոփայական մակարդակներով նոյնպէս արժեւորած են հայոց լեզուի եւ մաշտոցեան գիրերու անժամանցելի նշանակութիւնը:

Հայոց գիրերու ծագումնաբանութիւնը ուսումնասիրող գիտական միտքը երբեմն վերլուծական գիւտերով եւ երբեմն ալ պատմական անցեալի ժլատ տեղեկութիւններու ծանծաղուտին մէջ խարխափելով, յամենայն դէպս, կուտակած է ուսումնասիրութիւններու նշանակալի պաշար մը, որ ի վերջոյ մեզի կը փոխանցէ հայոց տառերու հայաբուխութեան եւ ինքնատպութեան աներկբայութիւնը:

Լեզուն մարդկային միտքը արտայայտելու միջոց է, իսկ գիրը` այդ միջոցը արձանագրողը:

Լեզու եւ գիր: Կրնայի՞ն անոնք գոյատեւել առանց մէկը միւսին: Քաղաքակրթութեան ստորին մակարդակներուն` թերեւս:

Գրազուրկ լեզուն, սակայն, մարդու շրթունքներուն վրայ այնպիսի արագութեամբ եւ բնականօրէն պիտի ձեւափոխուէր, իւրաքանչիւր յաջորդ սերունդ այնպիսի «անկաշկանդութեամբ» իր ճաշակը պիտի թելադրէր իր իսկ խօսքին, որ պատմական համեմատաբար կարճ ժամանակներու տարբեր սերունդներ խորթացման եւ օտարումի անխուսափելի զգացումը պիտի դիմագրաւէին միմեանց հանդէպ, եթէ հրաշքով մը պապ եւ թոռան թոռ հանդիպելու ըլլային իրարու:

Եւ ի վերջոյ բաբելոնեան աշտարակաշինութեան պատմութիւնն այլաբանօրէն նաեւ այս երեւոյթին չ՛ակնարկե՞ր արդեօք` խօսելով նոյն օրերու բաժնեկից, բայց լեզուական տեսակէտէ բնականօրէն զարտուղուած ցեղերու սերունդներուն մասին:

Գիրերու շնորհիւ տարբեր ժողովուրդներու բերնին մէջ խօսակցական լեզուն բանաւոր-անցողական կեանքը այսպիսով ձեռք կը բերէր գրաւոր-մնայուն կենսակերպ:

Հայոց պարագային ահա, լեզուի կատարելապէս հայեցի գրաւոր-մնայուն կեանքի այդ պահը 1600 տարի առաջ էր` մեր թուագրութեան 405 թուականին:

Հայոց եւ հայոց երկրի վերաբերեալ մեր ազգային նախնական յիշողութիւնը ինչ-որ իմաստով սահմանափակ է: Եւ այն ամէնը կամ գրեթէ այն ամէնը, որ փրկուած է յաւիտենական մոռացումէ` շնորհիւ այդ նախնական ժամանակներէն դարեր եւ հազարամեակներ անց ստեղծուած եւ մեզի աւանդուած մաշտոցեան գիրերուն, քանի որ ասոնցմով մեզի հասան ինչպէս յետմաշտոցեան ժամանակներու պատմութիւնը, նոյնպէս եւ` նախամաշտոցեանը:

Ճիշդ է` հայն ու հայոց լեզուն կային նաեւ մինչեւ մաշտոցեան այբուբենը, բայց հայոց լեզուն կենդանի էր գերազանցապէս բանաւոր մակարդակով, մինչդեռ քաղաքակրթութեան ուղին բռնած ժողովուրդներուն համար այդքանը քիչ էր. քիչ է ըսել, թէ քիչ էր: Հզօր կայսրութիւններու եւ զարգացած գրաւոր մշակոյթ ունեցող քաղաքակրթութիւններու միջեւ գտնուող հայոց համար այդ իրողութիւնը սպասել չտուող մահ էր:

Հաւանաբար քիչ չէին ազգային կացութեան այս անելէն ելք որոնողները, մինչդեռ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եղաւ միակը, որ տուաւ հայոց ազգային եւ քաղաքական կեանքի այս թնճուկի միակ քաղաքակրթական լուծումը` հայոց գիրերու գիւտը:

405 թուականի ներկային եւ 405-էն դէպի ապագայ ուղղուած անոր իմաստնագոյն հայեացքն էր, որ բերաւ գրոց գիւտին` ազգային, քաղաքական, հոգեւոր ու մշակութային այդ սխրագործութեան: Ազգային վերածննդեան այդ օրէն ասդին մենք մեզի կը զգանք ոչ միայն պարզապէս հայեր (Հայկի յետնորդներ), այլ` հայ-մաշտոցեաններ: Որովհետեւ այնուհետեւ յաճախ, երբ կորսնցուցինք երկիր եւ պետականութիւն, երբ բաժնեցին մեզ օտարի սահմաններով մեր իսկ սահմաններուն մէջ, մինչեւ անգամ մեր լեզուի զարգացումը երկճիւղուեցաւ մեր հայրենիքի երկատման նման, մինչդեռ մեր գիրերը եղան ու մնացին մեր միասնութեան անխորտակելի սահմանները:

Յամենայն դէպս այդպէս էր մինչեւ 1922 թուականը, երբ օրուան խորհրդային իշխանութիւններուն կայսերապաշտական ազգակուլ ծրագրին որպէս հերթական քայլ` մեր բառակազմութեան ուղղագրական մաշտոցեան սկզբունքներուն տրուեցան անխորհուրդ տրամաբանաձեւ: Եւ այսօր մեր անկախ պետականութեան առջեւ ծառացած կը մնայ պատմական ժամանակներու այդ խարդաւանքի դարմանումը նոյնպէս:

Եկեղեցին ու ժողովուրդը, երբ անձի մը սրբութիւնը կ՛ընկալեն եւ կը հռչակեն, նկատի կ՛ունենան եւ կ՛ընդունին անոր կեանքի մէկ կէտէն սկսեալ մինչեւ վերջին շունչ ապրուած սրբութիւն մը եւ սրբացեալ գործունէութիւն մը ամբողջովին, առանց վերապահումներու:

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց սրբացուեցաւ իր ժողովուրդին կողմէ եւ սրբացուեցաւ որպէս հայոց գիրերու գիւտարար, մինչդեռ անոր իսկ ստեղծած գիրերուն ուղղագրական սկզբունքներուն գլխիվայր շրջուելուն «խորհրդային» նախաձեռնութիւնը նախ անարգանք է Մաշտոցի սրբութեան եւ միաժամանակ խզումի նենգամիտ պարտադրանք մը` դրուած հայոց լեզուի զարգացման արմատներուն եւ սաղարթներուն միջեւ:

Ազնուական ծագումով, արքունի զինուորական նախկին քարտուղար, ապա վարդապետ սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց իր մէջ կ՛ամփոփէ հեռատես քաղաքագէտի, քրիստոնէական վարդապետութեան նուիրեալ քարոզիչի եւ չգերազանցուած գործնական հայրենասէրի բիւրեղացումը:

Որպէս հայ գիրերու ստեղծող` Մեսրոպ Մաշտոց եղաւ նաեւ հիմնադիրը հայ թարգմանական գրականութեան, հայ գրչութեան ու հայ դպրութեան: Ան է մեր առաջին ուսուցչապետը, բանաստեղծը, խազագրութեան եւ «մասնագիտական» երաժշտութեան հիմնադիրը:

Հայոց գիրերով առաջին թարգմանութիւնը եղաւ Աստուածաշունչը, որ ապագային օտարներէ պիտի կոչուէր «Թագուհի թարգմանութեանց»:

Թողունք, թէ Մաշտոցի իսկ կողմէ գիրերու այս առաջին գործածութեան մէջ հայոց լեզուի քերականական մշակուածութեան աստիճանն ու բառամթերքի ճոխութիւնը կը պարզէ մակարդակ մը (ինչպէս կը մատնանշէ վերոնշեալ գնահատականը), որ զարմանալի պիտի ըլլար միայն բերանացի գործածութիւն ունեցող լեզուի մը համար:

Թողունք հեթանոսական Հայաստանի օտար կամ փոխառեալ (յունական, արամէական) գիրերով հայագրութեան փաստերը, ինչպէս նաեւ` սեփական հայկական գիրերու հնարաւոր գոյութեան հաւանականութեան վարկածը: Թողունք նաեւ նախամաշտոցեան հայուն եւ անոր գիրիմացութեան մասին մեր մտորումները եւ փորձենք վերաքննել եւ գիտակցիլ հայոց մասին առաջին յիշատակութենէն (երբ Թորգոմի որդի հայոց նախահայրը` Հայկ սպաննեց Բէլը Ն. Ք. 2492 թուականին) մինչեւ այսօր երկարող պատմութեան մէջ վերջին 1600 տարիներու մաշտոցեան գիրերով կնքուած ժամանակներու իրողութիւնը եւ այսօրուան հայուն պատասխանատուութիւնը անոնց նկատմամբ սեփական հաւատարմութեան մէջ:

Լեզուն, որ բանական մարդու յատկանիշն է, (հայոց պարագային) Մաշտոցի շնորհիւ ունեցաւ նաեւ այդ բանականութեան իր հայերէնագիր խորհրդապահը:

Հայոց լեզուն, որ մինչեւ հայոց այբուբենը կար «աննիւթականի» բանաւոր ելեւէջներով միայն, օժտուեցաւ յաւերժութիւն վաստակած հայագիր «բնակարանով»:

Յետ այդու հայ գիրն ու հայոց լեզուն եղան գիտութեան եւ Աստուծոյ լոյսին բացուած հոգիի մեր դարպասները, մեր ազգային ինքնուրոյնութեան պաշտպանութեան աննահանջ զինուորները, մեր պատմական յիշողութեան գրաւոր յաւերժացումը եւ այդ օրերու ծաւալներով «համաշխարհայնացման» դէմ մեր ընդդիմադիր տարբերակելիութեան ազգային բանալին, միով բանիւ` երէկի, այսօրուան ու վաղուան մեր գոյութեան առաջին գրաւականը:

Հայոց գիրերն էին, որ կարելիութիւն տուին, որ արդէն մէկ դար պաշտօնական կրօն հռչակուած քրիստոնէութիւնը վերջապէս դառնայ հայ մարդուն միսն ու արիւնը:

Եւ ահա մե՛նք ենք այսօր, Հայկի եւ Մաշտոցի ժառանգներս, մե՛ր սերունդն է աւանդապահը անոնց կտակին:

Չնչին ու անցողիկ նիւթական կտակներու համար մեր ամբողջ նախանձախնդրութիւնը ի սպաս դնողներս ի՞նչ չափով նախանձախնդիր ենք այսօր մեր ազգային էութիւնը մե՛զի ժառանգ ձգողներուն կտակին:

Ունի՞նք այդ անգին աւանդը մեր էութեամբն ապրեցնելու գիտակից աւանդապահի բարոյականութիւնը: Կը զգա՞նք գրոց հեղինակի ակնդէտ հայեացքը երկինքի բարձունքներէն:

Կանխապէս շահուած յաղթանակի ցնծութեամբ կը խայտայ անոր հոգին փոքր ու անվարժ թաթիկներով առաջին անգամ գրիչ բռնող եւ «ի՛ր» նշանները թուղթին դրոշմող իւրաքանչիւր մանկան հետ, եւ անոր աչքերը դառնօրէն կը թրջուին, երբ իր ցեղի նոյնքան սիրելի ու գորովալի թաթիկներ իրենց ծնողքին իսկ փափաքով գրաճանաչութիւնը կը սկսին օտար լեզուով եւ գրեթէ չկայ յոյս, որ գիտութեան լոյսին օտարին աչքերով բացուած հայեացք մը օր մըն ալ աշխարհին նայի հայաբար:

Ովքեր որ հայախօս ըլլալով հանդերձ, կամայ թէ ակամայ կը կորսնցնեն իրենց ազգութեան հայ-մաշտոցեան անունին առաջին բաղադրիչը` հայու զգացողութիւնը, կը կորսուին հայութեան համար, բայց անհաւանական չէ, որ անոր սերունդները վերադառնան հայութեան եւ փրկուին որպէս հայեր, բայց անոնք, որոնք կը կորսնցնեն իրենց հայ-մեսրոպեան անունին երկրորդ բաղադրիչը` մաշտոցով ամրագրուած հայախօսութիւնն ու հայագրութիւնը, ուշ կամ կանուխ կը կորսնցնեն նաեւ առաջին բաղադրիչը` հայ ըլլալու շնորհը, եւ անոնց ու անոնց սերունդներուն համար գրեթէ չկայ վերադարձի հաւանականութիւն. վկայ` մեր ձուլուած ու անէացած գաղութներուն պատմութիւնը, վկայ` ձուլուող ու հիւծուող գաղութներու ներկան:

Որպէս հայեր, որպէս մարդու հայ տեսակ, որպէս աստուածային արարչութեան հայակնիք ստեղծագործութիւն, վասն մեր տեսակի պահպանման, շարունակման ու բարգաւաճման` պիտի դրսեւորե՞նք ակնկալեալ նախանձախնդրութիւն, թէ սերունդէ սերունդ փոխանցուած ու մեզի հասած արժէքները փոշիացնենք անփութօրէն եւ ապա յանցապարտի պատրաստակամութեամբ կառչինք օրուան «առարկայական պատճառ»  կոչուած խաբկանքի ինքնասպանական օղապարանին:

Հայոց պատմութեան գրեթէ մինչեւ հինգ հազարամեակ երկարող յիշողութիւնը կը ներկայացնէ յայտնի եւ անյայտ, թուարկելի եւ անհաշիւ մաքառումներու ալեհեր կեանք մը, որուն ընձիւղներն ենք մենք այսօր: Եւ մեզի բաժին օրերու հոլովոյթին մէջ ոստանալու, հաստանալու, կենսունակ ճիւղ եւ աւշալի ծառաբուն դառնալու մեր ներուժը որպէս հայեր պայմանաւորուած է մե՛ր սերունդին հայաբար մաքառելու կարողականութեամբ:

Այն, ինչ որ մեր այսօրէն առաջ էր, յստակօրէն մե՛ր պատմութիւնն է, իսկ մեր այսօրը ինքնաբերաբար վաղուան հայուն պատմութեան մե՛ր բաժինն է. կ՛ընե՞նք արդեօք մեր կարելին, որով վաղուան հայը իր ազգային պատմութեան մեր հանգրուանին կարենայ նայիլ առանց կշտամբանքի:

Մեսրոպեան գիրերով առաջին թարգմանութեան առաջին տողերն էին` «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Մարդկային բանական միտքը առաւել բանականացնելու ա՛յս կոչն է ուղեցոյցը հոգիի խոնարհութեամբ վաստակուող մարդու կատարելութեան ճամբուն, ա՛ն է մեր նպատակակէտը եւ միաժամանակ ճամբան հասնելու այդ նպատակակէտին, զոր պարտինք տեսնել, հասկնալ ու անով քալել ու ապրիլ հայ-մաշտոցեաններէս իւրաքանչիւրը, անխտիր:

Եւ արդ, 1600-ամեայ այս յոբելեանին մեզի կը մնայ նորոգել մեր հաւատարմութեան ուխտը մե՛ր իսկ արեան եւ, որպէս աղօթք, օրհնութիւն մրմնջել ձեզի` ԳԻՐԵՐ ՄԱՇՏՈՑԵԱՆ, ձեր իսկ գիրերով:

ՄԻՀՐԱՆ ՂԱԶԷԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES