ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ «ՎԻՔԹՈԶԱ» ԴԵՂԻՆ ՄԱՍԻՆ

Տոքթ. Շարլ Սաապ կը ներկայացնէ իր նիւթը

Հովանաւորութեամբ «Նովօ Նորտիսք» ընկերութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժշկական միութեան երէկ` հինգշաբթի, 17 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միութեան Մար Մըխայէլի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` շաքարախտի կանխարգիլման եւ նոր դեղի ծանօթացման մասին: Օրուան բանախօսն էր ներծոր գեղձերու մասնագէտ տոքթ. Շարլ Սաապ:

Հանդիպումին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Ան ներկայացուց օրուան բանախօս բժիշկը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը:

Տոքթ. Շարլ Սաապ փաուըր փոյնթի օգնութեամբ ներկայացուցած իր նիւթին մէջ կեդրոնացաւ շաքարախտի նոր դարմանին վրայ, որ «Վիքթոզա» կոչուած դեղն է: Ան նկատել տուաւ, որ մինչեւ 2009-2010 տարեշրջանը կարելի չէր շաքարախտի դարման գտնել եւ վերջնականապէս բուժել հիւանդը, որովհետեւ այն դեղերը, որոնք կը գործածուէին, պատճառ կ՛ըլլային, որ հիւանդը «Հայփոկլասիմիա»ի ենթարկուի, այսինքն` պէտք եղածէն աւելի նուազի շաքարը կամ հակառակը պատահի եւ հիւանդին կշիռքը աւելնայ, ինչ որ դարձեալ հակազդեցութիւններու դուռ կը բանայ:

Ան յայտնեց, որ դարմանումի ընթացքին իրենք նոյնիսկ կարգ մը այլ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուէին, եւ այդ դարմանումը կ՛ազդէր հիւանդի աչքերուն, երիկամունքին, սրտին եւ այլն:

Տոքթ. Շարլ Սաապ շեշտեց, որ «Նովօ Նորտիսք» ընկերութեան արտադրած նոր դեղը` «Վիքթոզա»ն, իսկական դեղն է շաքարախտի: Դեղը բնական վիճակ կը ստեղծէ հիւանդին մօտ եւ բնական չափով կը նուազեցնէ շաքարը` աւելցնելով, որ դեղին ազդեցութիւնը 15 ժամ կը մնայ արեան մէջ եւ ոչ թէ քանի մը վայրկեան: Այլ խօսքով, միայն շաքարին չափը չի նուազեցներ այլեւ` մարմնին դիմադրողականութիւն կու տայ:

Աւարտին ներկաները առիթը ունեցան լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բժիշկին:

 

Share this Article
CATEGORIES