ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԱՏԱԿԱՍՔԱՐ ԿՂԶԻՆ ԵՐԲԵՄՆ «ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍ» ԱՆՈՒԱՆՈՒԱԾ Է

Մատակասքար կղզին Ափրիկէէն բաժնուած է 240 միլիոն տարիներ առաջ: Ասիկա անոր կարելիութիւն տուած է ունենալու անոր յատուկ, հարուստ եւ տեսակաւոր բուսականութիւն եւ անասուններու տեսակներ, կարծէք` ան ինքնին ցամաքամաս մը ըլլար:

Օրինակի համար, միայն հոն գտնուող անասուններու տեսակներուն մաս կը կազմէ լեմուրիէնը, որ կապիկին զարմիկ պզտիկ ստնաւոր անասուն մըն է: Ասոր կողքին, Մատակասքարը օժտուած է տեսարաններու բազմաթիւ տեսակներով. արեւմուտքը կան տափաստաններ, խոնաւ անտառներ` արեւելքը, անտառներու եւ թաւուտքներու շրջաններ` հարաւը, կրանիթով հարուստ բարձր բարձ’աւանդակներ եւ հրաբխային լեռնաշղթայ` կղզիին կեդրոնը եւ հիւսիսը:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS