ԻՆՉՈ՞Ւ ԹՈՒԹԱԿԸ «ԱՍՏՂ» ՄԸՆ Է ՀՈՆՏՈՒՐԱՍԻ ՄԷՋ

1993 թուականին Հոնտուրաս իբրեւ խորհրդանիշ ընտրեց արա մաքաօ մեծ թութակը: Այս թութակը իւրայատուկ է իր գունաւոր եւ շքեղ փետուրներով:

Արա մաքաոն կ՛ապրի Կեդրոնական Ամերիկայի, Հարաւային Ամերիկայի հիւսիսային շրջաններուն, Մեքսիքայի եւ Պոլիվիոյ արեւադարձային անտառներուն մէջ: Անոր վառ գոյներով փետուրներուն մեծ մասը կարմիր է, սակայն թռչունը ունի նաեւ բաց կապոյտ (մարմնին վարի եւ պոչին վրայի բաժիններուն վրայ) եւ մութ կապոյտ (պոչէն բաժին մը եւ թեւերը) փետուրներ: Կարգ մը թութակներ ունին նաեւ կանաչ փետուրներ: Արա մաքաոն ընդհանրապէս կ՛ապրի 30-50 տարի, երբեմն նոյնիսկ աւելի:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS