ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԿԱՐԳՈՎ. ԱԼԻՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԱՆՈՒՆ ՄԸ, ՈՐ Կ՛ԱՐԺԷ ՄԻՏՔ ՊԱՀԵԼ

«– Ուխտը Աստծոյ առջեւ քո հաւատարմութիւնն ապացուցելու ամենաճշմարիտ կերպն է: Դրանով Նրան համար անում ես գերագոյնը, ինչ թւում է, թէ վեր է մարդկային ուժերից, վեր է օրէնքից, վեր է անգամ բարոյականութիւնից: Եւ Նա չի պահանջել քեզանից այդ բանը, Նա քեզ չի պարտաւորեցրել, Նա այս առիթով միայն մի պատուիրան է թողել. «Երդում մի՛ արա, բայց եթէ անում ես, պահիր այն»: Դու քո ուխտը պահում ես յանուն Նրան` անկարելին կարենալդ ապացուցելու»:

Հազարամեակներու խորերէն բարձրացող, հայ ժողովուրդի նկարագիրը, էութիւնն ու իւրայատուկ ոգին խտացուցած վերի խօսքերը, որ քաղուած են հայրենի շնորհալի արձակագրուհի Ալիս Յովհաննիսեանի շուրջ երկու տարի առաջ լոյս տեսած «Ճիւղեր – տերեւներ» հատորի առաջին 166 էջերը գրաւած եւ հատուածաբար հրամցուած նոյնանուն վէպէն, կը հաւատանք, ամենայն իրաւունքով կարելի է օգտագործել նոյնինքն անոր հեղինակին` Ալիս Յովհաննիսեանի առիթով: Մերթ Պարսկական եւ մերթ Բիւզանդական կայսրութիւններու միջեւ տարուբերող մեր զեխ, փառաւոր եւ ողբերգական անցեալին` իր Վեստ Սարգիսներով ու Գրիգոր Պահլաւունիներով, Դիոսկորոս նորընտիր կաթողիկոսով ու Չմշկիկ զօրավարներով, Կոստանդին կայսրերով ու արծաթասէր Պետրոս հայրապետներով, այսինքն` Բագրատունեաց հարստութեան փոթորկայոյզ իրադարձութիւններուն դասերով, արձագանգներով, խորհուրդներով եւ նոյնքան ալեխռով մեր օրերուն ուղղակի եւ անուղղակի յաւելումներով շիկացած այս ժամանակակից վէպը, իրաւամբ, կարելի է նկատել անոր հեղինակին ստեղծագործական քառասնամեայ կենսափորձին տոկուն գագաթնակէտը, կամ Ա. Յովհաննիսեանի բառերով` «անկարելին կարենալ ապացուցելու» իր պերճախօս պատասխանը:

Մերթ հակադիր եւ յաճախ զիրար ամբողջացնող անցեալ ու ներկայ ժամանակներու բարդ կացութիւնները, հոգեվիճակներն ու բախումները միահիւսող բազմաշերտ ու բազմաձայն ստեղծագործութիւն մըն է այս վէպը, նաեւ` անոր յաջորդած 11 պատմուածքները, որոնք մեզի կը ներկայանան «Պատառիկներ մեր փուչ կեանքից» եւ «Փորձարարական թռիչքներ» ընդհանուր վերնագիրներով: Վէպ մը տակաւին, որ կու գայ աւելի եւս ընդգծելու գեղարուեստական արժէքը տարբեր ժամանակներու եւ աշխարհներու հաշտեցումով գիրին անսահմանելի ժամանակը միահիւսած ստեղծագործական այն ջղապիրկ երթին, որ սպիտակ թուղթին վրայ կատարելագործուելով` կը հոսի արտաքնապէս խաղաղ, բայց խորապէս փոթորկալի իր ոճով` յար եւ նման Ալիս Յովհաննիսեանի խնդրոյ առարկայ հատորը կանխած «Օղակը փակւում է» վէպին:

Ըսինք, որ «Ճիւղեր-տերեւներ» հատորը լաւագոյն, տոկուն եւ կայացած ձեռագիրն է մարդկային ու ազգային շիկացումներով բիւրեղացած Ալիս Յովհաննիսեան արուեստագէտ արձակագիրին քառասնամեայ հոգեմտաւոր խոյանքներուն: Հետեւաբար, հայ ազգի ճակատագիրը, տագնապներն ու նոյնիսկ ախտագին կացութիւնները անձնադրոշմ խորհրդածութիւններով ընթերցող գոյապաշտ ստեղծագործութիւն մը, որ իր կենդանի եւ կտրիճ տիպարներով, նուրբ զգացողութեամբ, խոր թափանցումներով, անհեթեթ կացութիւնները խտացնող ներքին լարուած կշռոյթով ու գրութեան «փակ օղակներ»ը պայթեցնող այլաբանական ընդհանրացումներով կը հաստատէ ամենայն վաւերականութեամբ, որ յանձին Ալիս Յովհաննիսեանի մենք գործ ունինք գեղապաշտ, արդիաշունչ եւ տաղանդաւոր արձակագիրի մը հետ, որուն անունը կ՛արժէ միտք պահել:

Սխալ տպաւորութիւն չձգելու համար աւելցնենք անմիջապէս, որ սփիւռքահայ ընթերցող հասարակութեան այս քիչ ծանօթ, չըսելու համար գրեթէ անծանօթ անունը փնտռուած արձակագիր մըն է Հայաստանի մէջ եւ արժանացած` հայրենի գրաքննադատներու բարձր գնահատանքին: Նելլի Շահնազարեանի, Դիանա Համբարձումեանի, Կարինէ Խոդիկեանի, Անահիտ Թոփչեանի եւ այլանուն շնորհալի արձակագրուհիներու հետ Ալիս Յովհաննիսեան կը պատկանի այն կին գրողներու սերունդին, որուն դիմագիծը բիւրեղանալ սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք: Սերունդ մը, որ  յար եւ նման զիրենք կանխած, նաեւ` իրենց կողքին ապրող տաղանդաւոր արձակագիրներու, պարզ ըսած` ի հետեւումն Հրանտ Մաթեւոսեանի, Աղասի Այվազեանի, Պերճ Զէյթունցեանի, Ռուբէն Յովսէփեանի, Նորայր Ադալեանի, Լեւոն Խեչոյեանի, Վահագն Գրիգորեանի եւ Ալեքսանդր Թոփչեանի եկաւ ապացուցելու, որ գրականութիւնը մերօրեայ կեանքը գեղարուեստական մշակումի ենթարկող պարզ արուեստ մը չէ, այլ կեանքի հոսանքն ի դէմ ծառացող հոգեմտաւոր փոթորիկ մըն է, որ տեսանելի եւ անտեսանելի իրավիճակները ըստ իր գեղարուեստական ծրագիրին վերակառուցելու խնդիր ունի, աշխարհն ու կեանքը սրբագրելու հոգեկերտ ծրագիր, հեղինակային աշխարհը ստեղծելու մտահոգութիւն ու աշխարհահայեացք, անտեսանելին ընդգծող այլաբանական կենսափիլիսոփայութիւն ու քննադատական պատասխանատու, անձնադրոշմ եւ նորովի մօտեցում: Այլ խօսքով` ստեղծագործական առաքելութիւն:

«Ճիւղեր-տերեւներ» անուն գիրքը եօթներորդ հատորն է 1969-ին իր առաջին պատմուածքները ստորագրած արձակագրուհիին: Հատոր մը, որուն ձեռագիրը 2009-ին արժանացած է Համաշխարհային Համահայկական Կոնգրեսի, Ռուսաստանի Հայերի Միութեան եւ Հ. Գ. Մ.ի կողմէ սահմանուած «Հայը 21-րդ դարասկիզբին» գրական մրցանակին: Վէպ մը վերջապէս, որմէ հրամցուած հատուածը թէեւ իբրեւ աշխարհ կը կեդրոնանայ պատմութեան անցան հին Երեւանի Կոնդ թաղամասին վրայ, այնուամենայնիւ, Անին, մերօրեայ Հայաստանը, հեքիաթներու եւ երազներու անիրական աշխարհն ու առասպելական կլիմաները նո՛յնքան մաս կը կազմեն վէպին ընդհանուր շրջագիծին, ո՛րքան իր բուն միջավայրը: Վերջապէս, հեղինակին իսկ բնորոշումով` երազները ո՛չ միայն վկայութիւններ կամ սոսկական ենթադրութիւններ են, այլեւ «յաճախ կանխատեսումներ են այն մասին, որ երկար ապրելու է մեր ազգը, թէեւ դեռ չենք կարողանում վայելել մեր ձեռք բերուած անկախութեան քաղցր պտուղները…»:

Կարելի է մանրամասնօրէն, բնորոշ մէջբերումներով եւ անհրաժեշտ ընդգծումներով երկար խօսիլ իրական ու անիրական աշխարհները, անցեալ ու ներկայ ժամանակները, կենդանի երկխօսութիւններն ու բազմախորհուրդ մենախօսութիւնները, իմաստասիրական խորք ունեցող հեղինակային անդրադարձներն ու ընթերցողին միտքն ու հոգին գրգռող այլաբանական շիկացումները գեղարուեստական ընդհանուր ծրագիրի մը մէջ միաձուլած այս արդիաշունչ վէպին մասին: Տակաւին` անհրաժեշտ է հանգամանօրէն անդրադառնալ Ալիս Յովհաննիսեան պատմուածագիրին գրողական հմտութեան, պարզել հոգեբանական հանգոյցները պատմուածքներուն, կանգ առնել անոնց կառուցային, ոճային ու հոգեվիճակները կարկառելու բարեմասնութիւններուն ու արժանիքներուն վրայ: Կարելի է: Սակայն ասիկա կ՛ենթադրէ ծաւալուն ու համապարփակ ուսումնասիրութիւն, որ անկարելի է ամփոփել գրական հպանցիկ ակնարկի մը  նեղ կաղապարին մէջ:

Մէկ բան, սակայն, պէտք է ըսել. Ալիս Յովհաննիսեան արուեստագէտ վկայաբերն է մեր հայկական արդի ժամանակին, իրաւ ու նրբաճաշակ գրող մը, որուն գրականութիւնը, Մեծն Օշականի վաւերական բնորոշումով` Արեան երեւոյթ է, միտք, ոճ եւ արուեստ ըլլալէ առաջ եւ վերջ: Ճշմարիտ գրողներուն վայել արժանիք մը, որուն համար , կը կրկնենք, կ՛արժէ, պէ՛տք է միտք պահել այս պայծառ անունը:

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES