ՀՅԴ ԶՈՄ-Ի ՍԵՄԻՆԱՐ. ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

«Ազդակ»ի խմբագրատան մէջ հանդիպումէն պահ մը

Երէկ «Ազդակ»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Զաւարեանական էջ»ի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած երիտասարդ գրողներու սեմինարին երկրորդ հանդիպումը:

«Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ողջունեց հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններէն եկած 35 աշակերտները: Ան շեշտեց, որ «Ազդակ»ի դռները բաց են լրագրութեամբ հետաքրքրուած հայ երիտասարդութեան դիմաց: «Թերթի խմբագրութեան ուղղուած որեւէ առաջարկի եւ աշխատանքի փափաքի պարագային անվարան կրնաք ներկայանալ խմբագրատուն եւ ուղղակի դիմել մեզի»:

Ապա, «Ազդակ»ի խմբագրակազմի անդամ Արշօ Պալեան ներկայացուց «Ազդակ»ի պատմութիւնը, տարբեր հրատարակութիւնները եւ մամուլի աշխատանքին ընդհանուր հոլովոյթը, որմէ ետք աշակերտները այցելեցին «Ազդակ»ի խմբագրատունը եւ տպարանը:

Նշենք, որ տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած այս եռամսեայ սեմինարը կը նպատակադրէ հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտները ծանօթացնել լրագրութեան եւ յօդուածագրութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES