ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. «ՈՉ ՈՔ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ԶՐԿԵԼՈՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԷՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը կ՛ուղղէ ներկաներուն

«Ոչ ոք իրաւունք ունի հայ մանուկը զրկելու հայ դպրոցէն», յայտարարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան` ընդգծելով, որ հայ մանուկին իրաւունքն է հայկական դպրոց յաճախելը:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ) քարոզչական յանձնախումբին կողմէ Մանուկներու իրաւունքներու ուխտի օրուան առիթով ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ երէկ` ուրբաթ, 18 մարտի կէսօրին կազմակերպուած ձեռնարկի եզրափակիչ իր խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց Հայ սեւ գօտիներու միութեան ճիգերը` դրուատելով անոր հիմնադիրին` Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի գործունէութիւնը:

Հայկական վարժարաններէ համախմբուած բազմաթիւ փոքրիկներու ուղղելով իր խօսքը` Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, որ հայոց պատմութեան ընթացքին հայ տղաքը միշտ քաջ եղած են` մեկնաբանելով ձեռնարկին կարգախօսը նկատուած «Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի» արտայայտութեան իմաստը:

Մեծապէս գնահատելով Հայ սեւ գօտիներու միութեան անդամ մանուկներուն կողմէ ներկայացուած քոնկ ֆուի ելոյթները` առաջնորդ սրբազանը անգլերէնով ու արաբերէնով ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեց օրուան հիւրերուն, յատկապէս` Մանուկներու իրաւունքներու ազգային խորհուրդի նախագահ, լիբանանցի անուանի կին Գրագէտ Նուր Սալմանին: Դրուատելով վերջինիս գրական եւ մշակութային ներդրումները` առաջնորդ սրբազանը յիշեց նաեւ անուանի գրողին մօր` Զահիա Սալմանի օգտաշատ ներդրումը արաբական եւ յատկապէս լիբանանեան ընկերային-հասարակական մարզերուն մէջ:

Սրբազանը այս առիթով նաեւ ողջունեց քոնկ ֆուի մէկ ճիւղին` ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նսէյրը` վեր առնելով անոր բերած մեծ նպաստը Լիբանանի մարզական ու յատկապէս քոնկ ֆուի մարզին մէջ:

Մանուկներու իրաւունքի ուխտի օրուան յատկացուած այս ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ` Մարալ Հարպոյեան, որ ներկայացուց օրուան իմաստը` նշելով անոր շարժառիթը եւ մանուկներու, յատկապէս հա՛յ մանուկի զարգացման նպաստող դերակատար գործօնները, ինչպէս` ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը, ԼՕԽ-ի կողմէ մատուցուող կրթանպաստներն ու առողջապահական-դաստիարակչական բնոյթի ձեռնարկները:

Մարալ Տէյիրմենճեան

Լիբանանեան քայլերգին յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ներկայացուցած իր բացման խօսքին մէջ Մարալ Հարպոյեան մէկ առ մէկ ողջունեց ներկայ պաշտօնական հիւրերը եւ ներկայացուց յայտագիրին մասնակիցները: Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան առաջին բանախօսը` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեանը, որ սահիկներու (սլայտ) օգնութեամբ թուեց մանուկներու իրաւունքները: Տէյիրմենճեան թելադրեց քաջ ըլլալ, ինքնավստահ ըլլալ եւ չծածկել կարգ մը ծնողներու յանցագործութիւնները, երբ անոնք կը փորձեն ծեծել իրենց զաւակները: «Մենք իբրեւ չափահասներ եկած ենք հաստատելու, թէ կը պաշտպանենք ձեզ: Չլռել, չընդունիլ եղած անարդարութիւնը եւ չպաշտպանել յանցագործ մայրը:

Դուք մեր ազգին ներկան ու ապագան էք, դո՛ւք պիտի ըլլաք վաղուան մեր առաջնորդները», ընդգծեց Մարալ Տեյիրմենճեան:

Կարօ Քեպապճեան

Օրուան երկրորդ բանախօսն էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ, Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր Կարօ Քեպապճեան, որ վերյիշեց տասնամեակներ առաջ մտքին մէջ սեւեռած իր երազը` քոնկ ֆուի հայկական միաւորը հիմնելու: Ան հակիրճ խօսքերով թուեց, թէ ինչպէ՛ս երկրէ երկիր շրջելով, մասնագիտանալով քոնկ ֆուի մարզին մէջ, ի վերջոյ յաջողած է հիմնել Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը: «Պէտք է ըլլաք քաջ, առողջ միտքով, արթուն միտքով, բայց ազնիւ հոգիով, որովհետեւ այլապէս այդ քաջութիւնը կրնաք սխալ ու գէշ բաներու եւ նպատակներու համար գործածել», ընդգծեց Քեպապճեան` դիտել տալով, որ աշխարհ կը սիրէ հզօրները: «Տկարներն ու վախկոտները չեն սիրուիր, արթուն եղէք եւ առողջ եղէք», շեշտեց Քեպապճեան: «Ձեր հոգին երբեք ձեզ չի դաւաճաներ, պահեցէք զայն ազնիւ», հաստատեց Քեպապճեան` երանելի նկատելով այսօրուան մանուկները, որոնք կ՛ապրին ու կը տեսնեն ազատ եւ անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը:

Ժորժ Նսէյր

Ապա խօսք առաւ քոնկ ֆու- ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նսէյր, որ արաբերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բարձր գնահատեց Քեպապճեանի եւ քոնկ ֆուի ելոյթով ներկայացած հայ մանուկները: Այս առիթով ան իր խոր յարգանքը արտայայտեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

Նշենք, որ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ Հայ սեւ գօտիներու միութեան անդամ փոքրիկներ քոնկ ֆուի այլազան մարզախաղերով ելոյթ ունեցան` մեծապէս խանդավառելով ներկաները:

Աւարտին աշակերտներուն բաժնուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի տիաքոնիա գրասենեակին կողմէ պատրաստուած գրքոյկներ` մանուկներու իրաւունքներուն մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES