ՏՈՄՍ. ՕԳՆՈՒԹԻ՜ՒՆ, ԼԵԶՈՒՆ Կ՛ԱՂՃԱՏՈՒԻ

Խեղճ «Կրկնութիւն»ը վիրաւոր ինկած էր. տեղը գրաւած էր «Կրկնողութիւն»ը. 10-15 տարուան լքումէն եւ անտեսումէն ետք, կամաց-կամաց կրկին հրապարակ իջաւ ան, այս անգամ անդամալուծուած գետին ինկաւ «Կրկնողութիւն»ը: «Կրկնութիւն»ը բախտաւոր էր. ուրիշ շատեր ինկած են իրեն նման եւ երբե՛ք ոտքի չելած…:

Դուք կը հասկնա՞ք, թէ ինչ կը պատահի…

Չեմ գիտեր` ի՞նչ հիմնաւորումով եւ ի՞նչ նպատակով Հայաստանի ԶԼՄ-ները (այսինքն` զանգուածային լրատուական միջոցները), Հայաստանի մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն նեցուկով, անիմաստ կամ աւելորդ վանկեր կ՛աւելցնեն ծանօթ եւ ընդունուած որոշ բառերու, նաեւ լուսանցքի վրայ կը զետեղեն շատ մը նոյնիմաստ բառեր, անոնց փոխարէն գործածելով մէկ եւ միակ ճապաղ բառ:

Անպատասխանատու մարդիկ կարծէք շարժում մը ստեղծած են` աղաւաղելու համար ճշգրիտ բառեր` անոնց փոխարէն ստեղծելով նոր տարօրինակութիւններ: Այլեւս որոշուած է, թէ «Հասարակութիւն»ը անպէտք է, կարեւորը «Հասարակայնութիւն»ն է. «Պետութիւն»ը անիմաստ է, «Պետականութիւն»ն է երկրին ողնասիւնը. «Առիթով», «Համար», «Առնչութեամբ», «Մասին», «Շուրջ» եւ այլ նմանիմաստ բառեր լռելեայն մահուան դատապարտուած են ու ակամայ զիջած` ամէն տեղ ներկայ այդ աննման «Կապակցութեամբ»ին: Նիւթ չկայ, որ կապակցութեամբ չըլլայ… հապա ի՞նչ ըսենք «Ինչպէս որ կայ»ին մասին… ո՞ւր են «Եմ», «Ես»ը, «Է»ն. ի՞նչ պատճառով անգործածական եղած է էական բային ներկայ ժամանակը. ի՞նչ վատ բան կայ «Ինչպէս որ եմ» ըսելուն մէջ:

Ո՞ւր է Հենրիկ Յովհաննիսեան եւ հայ լեզուի այլ պաշտպաններ:

Երկրին նախագահէն մինչեւ յետին հայաստանցին, լրագրողներ եւ հեռատեսիլի խօսնակներ կը հետեւին այս անտեսանելի շարժման, նաեւ յաճախ, ակնյայտօրէն կը մտածեն եւ կամ կը թարգմանեն այլ լեզուէ մը:

Արդեօ՞ք արեւելահայերէն գիտնալը այլեւս բաւարար չէ հասկնալու համար մեր հայրենակիցներուն լեզուն:

ՍԻՐՎԱՐԴ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES