«ՌՈՒՍԻԱ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՇՏԵՑՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԻՋԱՄՏԵԼՈՒ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ

Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կ՛ընէ Ռուսիա` իբրեւ Հայաստանի դաշնակից եւ Թուրքիոյ գործընկեր, անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման սկիզբէն ողջունած է այդ հոլովոյթը եւ Ռուսիա արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ներկայ գտնուած է Ցիւրիխի մէջ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան:

Ըստ անոր, Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը զգալիօրէն կը փոխէ մթնոլորտը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ կը նպաստէ անոր կայունացման:

«Միաժամանակ կը հաւատանք, որ հայ-թրքական հաշտեցումը երկկողմանի յարաբերութիւններու հարց է եւ Ռուսիա այս հոլովոյթին միջամտելու տրամադրութիւն չունի», ընդգծեց Ա. Լուքաշեւիչ:

Share this Article
CATEGORIES