ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՄԱՐԳՐԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ ԿԸ ՔԱՆԴԵՆ

Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Պահրէյնի ապահովական ուժերը քանդած են մայրաքաղաք Մանամայի Մարգրիտի հրապարակին վրայ գտնուող յուշարձանը: Հրապարակը վերջին շաբաթներուն ընթացքին իշխանութեան դէմ բողոքի ցոյցերու խորհրդանիշի վերածուած էր: Յուշարձանը կառուցուած էր 1980-ական թուականներուն` Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի հիմնադրութեան առիթով:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ Պահրէյնի իշխանութիւնը դրական ընկալած է երկխօսութեան սեղան նստելու եւ Պահրէյնի ժողովուրդին պահանջած բարեփոխումները կատարելու Թուրքիոյ առաջարկը, սակայն ընդդիմութիւնը մերժած է այդ հրաւէրը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց, որ պահրէյնեան ընդդիմութիւնը մագլցումի ուղին ընտրած է` ընդդիմութեան կոչ ուղելով, որ իմաստութեամբ վարուի եւ նախ եւ առաջ հայրենիքին շահը նկատի ունենայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES