ԴԱՇՆԱԿԻՑ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԼԻՊԻՈՅ ՎԵՐԵՒ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ԱՐԳԻԼԵԱԼ ԳՕՏԻ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ

Բրիտանիա եւ Ֆրանսա երէկ Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու ջանքերուն մէջ յառաջատար դերակատարութիւն ստանձնեցին` շրջան պատերազմական օդանաւեր ուղարկելով եւ այսօր Փարիզի մէջ ՄԱԿ-ի եւ արաբական երկիրներուն մասնակցութեամբ վեհաժողով մը յայտարարելով:

Ֆրանսա յայտարարեց, որ «պատրաստ» է եւ Լիպիոյ դէմ հարուածները քանի մը ժամէն պիտի սկսին, սակայն Լիպիոյ կողմէ զինադադարի ու զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին յայտարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իր զինուորական դերակատարութեան մասին լռութիւն պահելը յառաջացուց հարցականներ այն մասին, թէ գործնական քայլերը ե՞րբ պիտի սկսին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ գիշեր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիպիոյ մէջ զինադադար հաստատել: «Մենք պատրաստ ենք միջազգային դաշինքին իբրեւ մէկ մասը վարուելու, սակայն Լիպիա ցամաքային ուժեր պիտի չուղարկենք», յայտարարեց Օպամա:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն իր կարգին յայտնեց, որ «յառաջիկայ ժամերուն» պատերազմական օդանաւեր պիտի ուղարկէ, որպէսզի արգելք հանդիսանան Քազզաֆիի ուժերուն` Պենկազիի ըմբոստներուն դէմ օդային յարձակումներ կատարելու: «Ժամացոյցը կը քալէ, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք արագօրէն գործի լծուելու», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւսէ յայտնեց, որ «ամէն բան պատրաստ է», սակայն մերժեց ժամկէտ մը ճշդել: «Անհրաժեշտ է զինադադարի պայմանները վերլուծենք», նշեց ան:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Լիպիոյ վերաբերեալ ՄԱԿ-ի թիւ 1973 բանաձեւին` շեշտելով, որ իրենք Լիպիոյ մէջ ճնշուածներուն եւ անիրաւուածներուն կողքին կը կանգնին: Էրտողան նաեւ կոչ ուղղեց` «Լիպիոյ մէջ անմիջական զինադադարի հաստատման», ինչպէս նաեւ ընդդիմացաւ «Լիպիոյ մէջ օտար միջամտութեան»:

Հակառակ անոր որ Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի որդին` Սէյֆուլ Իսլամը երէկ առաւօտուն յայտարարեց, որ իրենք ՄԱԿ-ի որոշումէն չեն վախնար, Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Մուսա Քուսա կէսօրէ ետք անմիջական զինադադար եւ զինուորական գործողութեանց դադրեցում յայտարարեց: Սակայն գիշերը Քազզաֆիի ուժերը խզեցին զինադուլը եւ բուռն ռմբակոծում կատարելով արագ կերպով յառաջացան դէպի Պենկազի: «Ժազիրա» հաղորդեց, որ Պենկազիէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան:

Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման պիտի մասնակցին Բրիտանիան, Ֆրանսան, Դանիան, Նորվեկիան եւ Քանատան: Անոնք պիտի օգտագործեն Սիկիլիոյ եւ Քորսիքայի մէջ գտնուող օդուժի զօրակայաններ: Դիւանագէտներ յայտնեցին, որ հաւանաբար գործողութեան մասնակցին նաեւ Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Յորդանանը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES