ՊԸՐՐԻ – ԺՈՄՊԼԱԹ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արիտի, Ժոմպլաթ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի:

Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ժոմպլաթ զգուշացուց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի կողմէ Լիբանանի դէմ պատրաստուած ծրագիրներէն, որոնք կը միտին հարուածել այնպիսի դրամատուներ, որոնց մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի բաժնետոմսեր ունի: Այս առումով Ժոմպլաթ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց:

Share this Article
CATEGORIES