ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ Է ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

16 մարտին Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան խորհրդարանին մէջ հայ-զուիցերիական բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած են քննարկումներ` նուիրուած Ղարաբաղի տագնապին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ քննարկումներուն մասնակցած են Զուիցերիոյ խորհրդարանի հայ-զուիցերիական բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակի համանախագահներ Ուելի Լեռնպերկըր եւ Տոմինիք տը Պուման, բարեկամութեան խմբակի անդամները, ընդհանուր քարտուղար Սարգիս Շահինեան, խորհրդարանի աշխատակազմի եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական տնօրինութեան ներկայացուցիչներ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան աշխատակիցներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հայ-զուիցերիական խորհրդարանական խմբակի նախագահ Տոմինիք տը Պուման նշած է, որ խումբը 2008-ի յունիսին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին այցելած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, եւ այժմու քննարկումները նպատակ ունին զուիցերիական քաղաքական շրջանակներուն ներկայացնել Հայաստանի համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող ղարաբաղեան հիմնահարցը եւ ատոր աշխարհաքաղաքական հետեւանքներն ու խնդիրները:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ժամանակագրութիւնը եւ մարդկային իրաւանց առնչուող հարցեր», «Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու հայեցակարգերը», «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի վիճելի հարցերը» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հեռանկարները, հաւանական զարգացումներ եւ անոնց քաղաքական հետեւանքները» զեկուցումներով ելոյթ ունեցած են փորձագէտներ Թեսա Հոֆման, Ժերար Կերկերեան, Օթթօ Լիուխթերհարտ եւ Ժիւլիեն Զարաֆեան:

Զեկուցումներուն յաջորդած են հարց ու պատասխանի ձեւաչափով քննարկումներ: Քննարկումներու մասնակիցներուն բաժնուած են հայ-զուիցերիական խորհրդարանական խումբի ջանքերով պատրաստուած «Լեռնային Ղարաբաղ. մարդկային իրաւունքներ, միջազգային իրաւունք եւ աշխարհաքաղաքական երեւոյթներ», եւ «Ջուղայի աւերումը եւ Նախիջեւանի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը» գրքոյկները:

 

Share this Article
CATEGORIES