ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՊԱՏԵՐԱ՞ԶՄ, ԹԷ՞ ՄԵՐ ԳԻՏՑԱԾ ԴԱՍԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՊԱՅՔԱՐԸ

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Ամբողջ Եւրոպայի տարածքին գործազուրկներուն թիւը սկսած է հասնիլ աներեւակայելի թիւերու: Յատկապէս մտահոգիչ է երիտասարդ գործազուրկներուն մեծ թիւը:

Անգլիոյ մէջ այդ թիւը հասած է արդէն մէկ միլիոնի շեմին: Սպանիոյ մէջ օգոստոսի 2011-ին անգործութիւնը կը կազմէր 21 տոկոս: Եւրոպայի տարածքին անգործներուն թիւը նոյն թուականին կը հաշուէր 22.5 միլիոն մարդ: Երիտասարդ գործազուրկներուն թիւը կը կազմէ անհաւատալի թիւ` 5.13 միլիոն:

Բոլորս անխտիր ամէն օր կը հանդիպինք այդ տղոց եւ աղջիկներուն: Անոնք մեր սեփական զաւակներն են, մեր դրացիին զաւակները, մեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն զաւակները:

Իրավիճակը մտահոգիչ է, եւ կ՛արժէ պահ մը մտածել, երեւակայել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ 18-24 տարեկան երիտասարդի մը համար գործազուրկ ըլլալ: Երիտասարդ փայլուն համալսարանաւարտներ, ամէն օր ականատես կ՛ըլլան իրենց երազներու ջախջախման, իսկ աշխատանք գտնելու յոյսերը կը ցնդին առյաւէտ: Մասնագէտ երիտասարդ ուժեր իրենց ժամանակն ու ձիրքը կը վատնեն ժամանակաւոր աշխատանքերով, աշխատանքներ, որոնք որեւէ մասնագիտութիւն չեն պահանջեր:

Այս երիտասարդները համակուած են այն զգացումով, որ կը մեծնան աշխարհի մը մէջ, ուր իրենք անբաղձալի են:

Այս երիտասարդները աներեւակայելի բիրտ եւ անողոք մրցակցութեան մէջ են գոյութիւն ունեցող այն քիչ աշխատանքի հնարաւորութիւնները ձեռք բերելու համար. ականատես ենք անողոք պայքարի երեւոյթներու այնպիսի պահու, երբ պետական եւ հանրային մարզը արագ թափով կը կրճատէ աշխատատեղերը, իսկ սեփական մարզը ձախողութեան մատնուած, չի կրնար լրացնել հետզհետէ աճող բացը:

Համալսարանական կրթաթոշակները ամէն տեղ հասած են աներեւակայելի բարձր գումարներու, միաժամանակ համալսարանական վկայականները նոյն արագութեամբ կը կորսնցնեն իրենց արժէքը: Երիտասարդներու համար չկան բնակարաններ, իսկ առկայ բնակարանները աստղաբաշխական գիներ ունին: Կան միայն ժամանակաւոր աշխատանքներ, վատ վճարուած աշխատանքներ, իսկ լաւ աշխատանքները կը հասնին ոչ թէ լաւագոյն մասնագէտներուն, լաւագոյն ուսանողներուն, այլ անոնց, որոնց ծնողները յատուկ կապեր ունին, կապեր, որոնց շնորհիւ որոշ շրջանակի մարդիկ իրենց զաւակները կը տեղաւորեն հոն, ուր հնարաւոր է, հոն, ուր իրենց ձեռքերը անարգել կը հասնին:

Դիւրին է այս բոլորը վերագրել սերունդներու պատերազմի, երիտասարդներու դէմ ուղղուած բնական արշաւանքի մը:

Իրականութիւնը այլ է: Խորքին մէջ տեղի ունեցողը կազմակերպուած արշաւանք է անապահով մարդոց դէմ. մարդիկ, որոնք զուրկ են սոցիալական ապահովութեան պաշտպանութենէ, զուրկ են նիւթական կամ այլ միջոցներէ. մարդիկ, որոնք շատ դիւրութեամբ կը շահագործուին աշխատանքի շուկային կողմէ, մարդիկ, որոնք մեծ մասամբ երիտասարդներ են, մարդիկ, որոնց մեծ մասը կիներ են, մարդիկ, որոնք ցած աշխատավարձ ունին:

Այսօր մեր հասարակութեան մէջ շատ փոքր տեղ կայ այն մարդոց, որոնք հարուստ չեն:

Այն, ինչի որ ականատես կ՛ըլլանք այսօր,  սերունդներու պայքար չէ: Մենք մեզ չխաբենք: Ասիկա ունի մէկ անուն` դասակարգային պայքար:

Իսկապէս փոքրիկ հրաշք է, որ մեր տղաքը, ուսանողները, գործազուրկ երիտասարդները որոշած են փողոց իջնել, լսելի դարձնել իրենց լռութեան դատապարտուած ձայները:

Մէկ տարի առաջ ամէն մարդ կը խօսէր «կորսուած սերունդի» մասին եւ կը դժգոհէինք անջիղ, անտարբերութեան մէջ ինկած սերունդի մասին: Հիմա մտահոգ ենք, որ նոյն այս երիտասարդները կը դիմեն քաղաքացիական զանգուածային անկարգութիւններու:

Մեր նորոգուած մտահոգութիւնները շատ բան կ՛ըսեն իրերու կացութեան մասին` ըլլա՛յ ան Շուէտի, Անգլիոյ, Յունաստանի, Հայաստանի, ամբողջ Եւրոպայի կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

 


Share this Article
CATEGORIES