ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ

Սալեհի եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհը:

Ողջունելով հիւրը` նախագահ Սարգսեան Հայաստանի եւ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն փոխադարձ այցելութիւնները լաւ կարելիութիւն նկատեց երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ գործակցութեան հարուստ օրակարգին, ինչպէս նաեւ նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքի քննարկման եւ նոր ծրագիրներու նախանշման տեսանկիւնէն:

Սերժ Սարգսեան ուրախ է, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ: Ըստ անոր, կ՛աճի միացեալ ծրագիրներու քանակը եւ կ՛աշխուժանան մշակութային փոխանակութիւնները: Նախագահը նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան զարգացման ընթացքէն:

«Համոզուած եղէք, որ Իրանը` իբրեւ բարեկամ երկիր, մշտապէս հաստատակամ եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու, կապի եւ հաղորդակցութեան, զբօսաշրջութեան եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ համագործակցութեան ծրագիրներուն:

Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէն:

Նշելով, որ հայ-վրացական աւանդական եւ պատմականօրէն արդարացուած բարեկամական յարաբերութիւնները երկու ժողովուրդներուն միջեւ կը զարգանան համագործակցութեան ոգիով, նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ բարձր մակարդակով կանոնաւոր քաղաքական երկխօսութիւնը յատուկ աշխուժութիւն կը հաղորդէ երկկողմանի կապերուն:

Ըստ հանրապետութեան նախագահին, ատիկա կարելիութիւն կու տայ գործնականօրէն լուծելու հայ-վրացական յարաբերութիւններուն վերաբերող որեւէ հարց: Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց յառաջիկային տեղի ունենալիք միջկառավարական տնտեսական յանձնախումբի նիստը` վստահութիւն յայտնելով, որ ինչպէս անցեալին, այս պարագային եւս անիկա զգալիօրէն պիտի խթանէ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տարբեր մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Հայաստանի նախագահին Վրաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութենէն առաջ քննարկեցին նաեւ այցելութեան հետ կապուած հարցեր: Նախարար Վաշածէ նշեց, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւնները կ՛աշխատին այցելութիւնը պատշաճ ձեւով նախապատրաստելու ուղղութեամբ` ընդգծելով, որ ամէն ինչ կը նախապատրաստուի երկու պետութիւններուն միջեւ եղած յարաբերութիւններուն համապատասխան մակարդակով:

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ հերքեց այն տեղեկատուութիւնը, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան չեղեալ յայտարարած է Վրաստան իր այցելութիւնը:

Ան զարմանք յայտնեց, որ այդ տեղեկութիւնները ուրկէ՛ եկած են:  Ան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այցելութեան ժամկէտներուն մասին հետագային մանրամասն պիտի յայտարարուի:

Հոկտեմբերին Վրաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Մանանայ Մանճղալածէ զանգուածային լրատուամիջոցներուն յայտնած էր, որ Սերժ Սարգսեան նոյեմբերի սկիզբը Թիֆլիս պիտի այցելէ, սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտարարած էր, որ նոյեմբերի առաջին կիսուն երկրի նախագահը որեւէ արտասահմանեան այցելութիւն պիտի չկատարէ:

 

Share this Article
CATEGORIES