ԱԿՆԱՐԿ. 6 ԱՄԻՍ ԸՆԴԴԷՄ 20 ՏԱՐՈՒԱՆ (ՈՐԱԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ)

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնատարներու հրաժարականներն ու նոր պաշտօններու ստանձնումները իրենց վրայ կեդրոնացուցած են ներհայաստանեան խնդիրներուն հետեւողներուն ուշադրութեան կիզակէտը: Տարաբնոյթ վերլուծումներ, մեկնաբանութիւններ եւ անոնց հիման վրայ կայացող անվերջ կանխատեսումներու շղթան կ՛երկարի տակաւին:

Երեւանի քաղաքապետէն, ոստիկանապետէն, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարէն եւ անոր առաջին տեղակալէն զատ պաշտօններու վերաբաշխումի օրինակներուն ամէնէն յատկանշականը դարձաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին հրաժարականը եւ ապա անոր Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) ընտրական արշաւի ղեկավարի պաշտօնի ստանձնումը: Ի վերջոյ երկրին թիւ 2 անձնաւորութիւնը կը ստանձնէր յառաջիկայ ընտրութիւններու համակարգի պատասխանատուութիւնը` պարզ դարձնելով, որ ընտրութիւնները գործող իշխանութիւններուն համար կը ներկայացնեն առաջնային կարեւորութիւն:

Հրաժարականներու շղթայի հիմնական սանձազերծումը տեղի ունեցաւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) նախագահին երկար լռութիւնը խզած հարցազրոյցէն անմիջապէս ետք: Մինչ այդ, ԲՀԿ-ի նախագահը երկար ատեն լուռ մնաց զանգուածային լրատուամիջոցներու բարձրացուցած այն աղմուկին դիմաց, ըստ որուն, ՀՀԿ-ԲՀԿ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ խիստ խնդրոյ առարկայ դարձած էր համաձայնական կառավարութեան գոյութիւնը եւ անոր կապուած յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն գործող նախագահի թեկնածութեան աջակցելու յատուկ յուշագիրով պայմանաւորուած ԲՀԿ-ի գրաւոր յանձնառութիւնը:

Գագիկ Ծառուկեանի նշանաւոր հարցազրոյցէն ետք էր միայն, որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան աւելի քան համարձակ յայտարարութիւն կատարեց ՀՀԿ-ի գերակայ ուժ ըլլալուն եւ անոր հետ չգործակցողներուն ափսոսանք հասցնելու առումով:

Ծառուկեանի յանձնառութեան հրապարակային վերահաստատումին հետեւած ՀՀԿ-ի ցուցադրական այս ինքնավստահութեան յառաջացուցած անմիջական մթնոլորտին մէջ էր, որ  յաջորդեց պետական պաշտօններու վերատեղաբաշխման գործընթացը: ԲՀԿ-ի առաջնորդին հրապարակային յայտարարութիւնները կանխած էին պաշտօններու վերաբաշխումի գործընթացը ներիշխանական դասաւորումներուն կապելու վարկածներու զարգացումը:

Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալի հրաժարականն ու մանաւանդ ՀՀԿ ընտրական արշաւի յառաջիկայ ղեկավարին օգնական դառնալու որոշումին յայտարարութիւնը աւելի պարզ դարձուց այս բոլոր փոփոխութիւններուն շարժառիթը:

Իշխանութիւնները կը նախապատրաստուին նոր որակ հաղորդելու 2012-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն: Որակական փոփոխութիւնը յստակ չէ , թէ երեւութակա՞ն պիտի ըլլայ, թէ՞ իրօք բովանդակային, այսուհանդերձ ընտրական համակարգի եւ ընտրական մեքենականութիւններու նորարար մշակոյթի ցուցադրման ականատես ըլլալու նախադրեալները կ՛երեւին այս հրաժարականներուն ետին կանգնող որոշող կեդրոններուն մօտ: Չմոռնանք, որ ոստիկանապետութիւնը ներքին գործոց նախարարի լիազօրութիւնները ունեցող պետական հաստատութիւն է, եւ կարելի է ենթադրել, թէ ի՛նչ տարողութեամբ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ անիկա որեւէ երկրի մէջ կայացող ընտրութիւններուն ընթացքին:

Հայաստանի գործադիր իշխանութիւնները նման հիմնական որոշումներով իրենք զիրենք տեղադրած կ՛ըլլան շատ կարեւոր փորձաքարի եւ քննութեան դիմաց: Հիմնական խնդիրը, սակայն, սոսկ անձերու փոփոխութեան վրայ հիմնուած չէ: Համապետական շահերը կը թելադրեն մեր երկրին ապահովել ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ: Իսկ նման առաջադրուած ընտրակարգ եւ մեքենականութիւն ձեւաւորելու համար պէտք է բացառել ինքնավերարտադրանքի առաջնորդող բոլոր ձեւերը, որոնք մեր պետութեան կ՛ընկերանան իր գոյութեան օրերէն ի վեր: Մինչեւ 2012 մայիս, այսինքն 6 ամսուան ժամանակամիջոցին կը յաջողի՞ն այս որոշումներուն ետին կանգնած ուժերը արմատախիլ ընել 20-ամեայ ընտրական մշակոյթ մը ամբողջ եւ ապահովել ընտրութիւններուն համար յայտարարուած որակական յեղափոխութիւնը: Ի հարկէ ոչ երեւութական, այլ բովանդակայի՛ն առումով:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES