ՀԵՐՔՈՒԼԵՍ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԸՐԱՒ ԻՐ ՄԱՐԶԻՉԸ

Էսթեպան Վիկօ

Լա Լիկայի կազմերէն Հերքուլես նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Էսթեպան Վիկոն, նկատի ունենալով, որ խումբը իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրելէ ետք Օսասունայէն, գրաւեց ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը:

56 տարեկան Վիկօ նախորդ տարեշրջանին խումբը բարձրացուցած էր Ա. դասակարգ` 1996-1997 տարեշրջանէն ետք առաջին անգամ ըլլալով:

Սակայն նկատի ունենալով, որ կազմը իր կատարած վերջին 11 մրցումներէն 9-ին պարտութիւն կրեց, որոշուեցաւ պաշտօնանկ ընել մարզիչը:

Սպանիոյ 2010-2011 տարեշրջանին աւարտէն 9 հանգրուան առաջ Հերքուլես ապահոված է միայն 26 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES