ՊՐԱՅԶԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ԴԷՄ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ

Մեթիու Պրայզա

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա «անընդունելի» որակեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ, ներառեալ` քաղաքացիական օդանաւերու նկատմամբ ուժի կիրարկման սպառնալիքը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Մեթիու Պրայզա անդրադարձաւ 17 մարտին ԵԱՀԿ-ի ուղղած կոչին` արձակազէնները հեռացնելու մասին եւ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի կողմէ քննութեան կայացումը` շփման գիծին մօտ 9-ամեայ ազրպէյճանցի տղուն եւ ուրբաթ օրը հայ զինուորի սպանութեան փաստերուն առնչութեամբ:

Պրայզա նշեց, որ մահուան այդ դէպքերը անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ ուժի գործադրումը պէտք է դատապարտման արժանանայ:

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ընդգծեց, որ ինչպէս համանախագահները շարունակաբար յայտարարած են, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի:

«Ըսուածին գծով պէտք է ըսեմ, որ ուժի գործադրման սպառնալիքը քաղաքացիական օդանաւերուն դէմ, այն պարագային, երբ այդ օդանաւը որեւէ սպառնալիք չի ներկայացներ, անթոյլատրելի է եւ չի համապատասխաներ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու ստանձնած պարտաւորութիւններուն` տագնապին խաղաղ, բանակցային լուծման վերաբերեալ», աւելցուց Մեթիու Պրայզա:

Անցեալ շաբաթ Ազրպէյճան` անդրադառնալով Ստեփանակերտի մէջ քաղաքացիական օդակայանի վերակառուցման եւ մայիսին Երեւան-Ստեփանակերտ թռիչքներու բացման մասին լուրերուն, սպառնացած էր «անհետացնել օդանաւերը»` փաստարկելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի օդային փակ տարածքը կը գտնուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններու տնօրինումին տակ:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կողմերուն կոչ ուղղեց լուծելու քաղաքացիական օդանաւորդութեան ապահովութեան խնդիրները, նախքան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր օդակայանի բացումը:

Share this Article
CATEGORIES