ԴԱԼԼԱՔԵԱՆ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՀԱՑԱԴՈՒԼԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵԼ ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻՆ

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր Վիքթոր Դալլաքեան խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին առաջարկեց երէկուան քառօրեայ նիստերու ընդմիջման ժամանակ խորհրդակցութեան հրաւիրել բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարներուն` քննարկելու համար Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, պատգամաւոր Րաֆֆի Յովհաննէսեանին Ազգային ժողովի անունով հացադուլը դադրեցնելու կոչով դիմելու եւ անոր այցելելու կարելիութիւնը:

Ազգային ժողովի նախագահը հաւանութիւն տուաւ Դալլաքեանի առաջարկին:

Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը ամբողջ կազմով չի մասնակցիր խորհրդարանի աշխատանքներուն:

Share this Article
CATEGORIES