ԵՄԷՆՑԻ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ

Ժողովրդային ցոյցերը նոր թափ կը ստանան

Մինչ բանակային հրասայլեր եւ զրահապատ մեքենաներ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղակայուեցան` պաշտպանելու համար ցուցարարները, Եմէնի բանակէն երեք հրամանատարներ, ներառեալ` բարձրաստիճան զօրավար մը, երէկ միացան նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հրաժարականը պահանջող ընդդիմութեան:

Ընդդիմութեան միացող երեք հրամանատարներն ալ նախագահ Սալեհի նման անդամ են Հաշիտ ցեղախումբին: Հաշիտ ցեղախումբէն ղեկավար մը յայտնեց, որ ցեղախումբը նախանձախնդիր է նախագահի պաշտօնը իր անդամներէն մէկուն պահելու, եւ կը զօրակցի ընդդիմութեան միացած հրամանատարներէն զօր. Ալի Մոհսեն Ահմարի` իբրեւ Սալեհը փոխարինելու յարմարագոյն անձը:

Զօր. Ահմար, որ երեք հրամանատարներուն մէջ ամէնէն բարձրաստիճանն է, զրահապատ մեքենաներու առաջին զօրաբաժինին հրամանատարն է եւ Սալեհի երկարամեայ խորհրդականներէն մէկը: Անոր զօրաբաժինէն ուժեր երէկ Սանաայի գլխաւոր հրապարակին վրայ տեղակայուեցան:

Ընդդիմութեան միացողներուն շարքին էին նաեւ Քուէյթի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Սպանիոյ եւ Չեխիոյ մէջ Եմէնի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Ատենի նահանգապետը: Ընդդիմութեան միացան նաեւ իշխող կուսակցութենէն 30 երեսփոխաններ:

Ի տես այս զարգացումներուն, Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ յայտարարեց, որ ինք իր դիրքին վրայ կանգուն կը մնայ եւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը իր կողքին է: Եմէնի պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ բանակը նախագահ Սալեհի կողքին է:

Share this Article
CATEGORIES