ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ ԿԱԿՈՅԻ ՊՐՈՆԶԷ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ցուցահանդէսէն անկիւն մը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ հայրենի քանդակագործ Կակոյի (Գագիկ Գէորգեան) «Շարժում բնութեան մէջ» թեմայով պրոնզէ քանդակներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մերի Չոլոյեան, որ նշեց, թէ Կակոն 1980-1988 յաճախած է Մարտիրոս Սարեան արուեստի միջնակարգ դպրոցը, միաժամանակ սորվելով քանդակագործութիւն: Չոլոյեան աւելցուց, որ ան 1989-1993 իր ուսումը շարունակած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան արուեստի ուսումնարանին մէջ, ապա 1999-ին Հայաստանի գեղարուեստի ակադեմիայի քանդակագործութեան բաժանմունքէն եղած է շրջանաւարտ:

Մերի Չոլոյեան

Մերի Չոլոյեան հաստատեց, որ Կակոյի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայրենի տաղանդաւոր քանդակագործ Արա Յարութիւնեան, որ եղած է նաեւ իր ուսուցիչը: Ան հաստատեց, որ Կակոն ցուցահանդէսներ տուած է Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ, եւ անոր ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին բազմաթիւ երկիրներու ցուցասրահներուն մէջ: Ան եզրակացուց, որ Կակոյի գործերուն մէջ կայ ամբողջական անկեղծութիւն արուեստին եւ ներաշխարհին նկատմամբ:

Գագիկ Գէորգեան (Կակօ)

Իր կարգին, Կակօ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ ներկաներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին այս ցուցահանդէսին յաջողութեան:

Յայտնենք, որ Կակօ ցուցադրած է 30 պրոնզէ քանդակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մարդկային տիպարին ապրելակերպն ու զգացումները արտայայտող իւրայատկութիւններ, ինչպէս` «Խմբավարը», «Վերամիացում», «Ցեղասպանութիւն», «Շարժում», «Երաժշտութիւն», «Ձկնորսը», «Երկխօսութիւն»…

Կակոյի քանդակներուն մէջ բացայայտ են բուռն զգացումներն ու ապրումները, միտքերու զարգացումն ու բարձրորակ արուեստը:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 5 դեկտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

 

Share this Article
CATEGORIES