ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԹՈՐԱՆ (ՅՈՒՇԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ)

ԼԻԼԱՅԻՆ

– «Մեր տունը աղբիւրին անմիջապէս աջ կողմն էր»
– «Մեր տունը աղբիւրէն դէպի վեր, 5-րդ տունն էր»
– «Մենք կը բնակէինք աղբիւրին վարի թաղը»

Հայկական Շթորայի- Ժալալայի մէջ բնակողներէն ո՞վ չի յիշեր աղբիւրը, իր պարզ եւ անհրապոյր տեսքով. հասարակ խողովակ մը, որուն ներկայութիւնը սակայն ստեղծած էր ամբողջ թաղամաս մը` իրարու մօտ շարուած միայարկ բնակարաններ, որոնք բոլորն ալ տուներէ ներս հոսող ջուրի չգոյութեան պատճառով, կապուած էին աղբիւրին:

Հաւաքական կեանքի եւ իրերօգնութեան իսկական պատկերը կը ներկայացնէր հայկական Շթորայի փոքրիկ գաղութը: Գիշերւընէ կը պատրաստուէր տանտիկիններուն յաջորդ օրուան ծրագիրը` Թանաշեաններուն տունը հաւաքուիլ, լոլիկի ջուրի պատրաստութեան համար. Մանուկեաններուն տան մէջ խաղողի պաստեղ պատրաստել, ցորենը ընտրել Միքայէլեաններուն տունը, աղբիւր տանիլ ու լուալ, ապա ջաղացք փոխադրել ու աղալ, որպէսզի ձմեռուան պաշար` ձաւարը, ծեծածը, հատիկը, ալիւրը ստացուէր:

Խրախուսուած Լիբանանի հոգատար ֆրանսական իշխանութեան ներկայութենէն` գաղթական հայեր, ընդհանրապէս արհեստաւորներ` դերձակ, ատաղձագործ, մեքենագէտ եւ այլն, եկած եւ հաստատուած էին Պեքաայի հովիտի գիւղաքաղաքներուն` Պաալպէքի, Ռայաքի, Զահլէի եւ Շթորայի մէջ:

Շթորան իր աշխարհագրական դիրքով` Պէյրութ-Դամասկոս-Պաալպէք- Ռաշայա խաչմերուկին վրայ գտնուելով յատուկ կարեւորութիւն ունէր Լիբանանի քաղաքական ղեկը ստանձնած քրիստոնեայ տարրին եւ անոր նեցուկ կանգնող հոգատար իշխանութեան համար: Այս անկիւնէն դիտուած` հայերու ներկայութիւնը մեծապէս բաղձալի էր Շթորայի տեղացի քրիստոնեայ բնակչութեան համար:

Աւելի ուշ, Ալեքսանտրեթ սանճագի պարպումով, Մուսա լերան ժողովուրդին բնակութեան վայր կը տրամադրուէր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող` Լիբանանը Դամասկոսի կապող մայրուղիին վրայ, Այնճարի մէջ:

Մինչեւ Լիբանանի Հանրապետութեան առաջին քաղաքացիական ներքին խռովութիւնները 1958-ին` Շթորան իր չոր եւ առողջարար օդով կը հրապուրէր գիւղագնաց հայեր, որոնք քաջալերուած ազգականներէ կամ բարեկամներէ` կը փափաքէին ամէն գնով հոն ունենալ տուն մը, հողաշերտ մը: Թէեւ այդ դէպքերէն ետք խանդավառութիւնը կը պակսէր, սակայն հայաւանը կը շարունակէր պահել իր ուրոյն դիմագիծն ու ներկայութիւնը` մինչեւ քաղաքացիական եւ համայնքային բախումները 1975-էն սկսեալ:

Շթորան կը հրապուրէր նաեւ մտաւորական զարգացում եւ հակումներ ունեցող հայերը, որոնք կու գային Պէյրութէն եւ մօտիկ գիւղերէն` Պար Իլիասէն, Զահլէէն, Այնճարէն, մտքով ու հոգւով հաղորդուելու մեծ յարգանք վայելող շթորաբնակ ազգային դէմքերէն` Ն. Աղբալեանէն, Ա. Յովհաննէսեանէն, Գ. Կիւզելեանէն,  Գ. Գուտուլեանէն: Ն. Աղբալեանի ճիգերով է որ հիմը դրուեցաւ Շթորայի բարեսիրական եւ մշակութային կեդրոնին, որ հետագային կոչուեցաւ «Աղբալեան» կեդրոն: Երկար տարիներ «Աղբալեան» կեդրոնին սրահը ծառայեց ԼՕԽ-ի ամառնային կազդուրման կայանի բարենպաստ աշխատանքին:

Պէյրութի մէջ աշխատող եւ ապրող բարեկեցիկ հայ ընտանիքներուն համար ամառուան օդափոխութիւնը շատերու մտքին մէջ կը վերադարձնէր զիրենք հայրենի յիշատակներուն`  գիւղին եւ հողին: Փետրուար ամիսէն իսկ ամարանոցի մը փնտռտուքի աշխատանքը կը սկսէր մասնաւորաբար կեդրոնական Պեքաայի կանաչապատ գիւղերուն մէջ:

Դպրոցներու փակումով` պատրաստութիւն կը տեսնուէր տան ապրանքները փոխադրելու գիւղ: Փոխադրութեան օրը, առաւօտ կանուխ, անկողիններու, վերմակներու, սաւաններու կոյտերը` տենկերը պատրաստ կը սպասէին Զաքարին փոստան: Շարժավար Զաքարը, 7-8 ընտանիքներու տան կահ-կարասին «լեռներու հարս»ին, փոստային տանիքը բեռնաւորած, իրենց տէրերով միասին, կը սկսէր դանդաղ եւ ծանր մագլցումը օձապտոյտ լեռնային ճամբաներէն վեր: Ճամբուն երկուքէն երկուքուկէս ժամ տեւողութեան ընթացքին գիւղագնացները աւելի եւս կը մտերմանային իրարու: Տղամարդիկը իրենց ազգային եւ միութենական հարցերը կը ծեծէին: Տանտիկինները ձմերուան պաշարի պատրաստութեան առչնուող իրենց ամառուան ծրագիրները կը մշակէին, իսկ պատանիները, պարսատիկի, չաթալի բաղկացուցիչի մասերով զինուած, ամէն մէկ ծառի ճիւղին նայելով` իրենց պատրաստելիք չաթալը կ՛երազէին ստեղծել:

Լեռնային ճամբուն գագաթնակէտին` Տահր Պայտարի բարձունքին, Պեքաայի դաշտի հսկայ պաստառը կը բացուի, համայնապատկեր մը, որ ճամբորդները սքանչացման խօսքերով եւ խորունկ շունչով մը կը դիմաւորեն: Հեռուն` կանաչ, սրճագոյն, մոխրագոյն փռուած «գորգերը», երազային աշխարհի մը մտքի դռները կը բանան: Տղաքը անմիջապէս կ՛երեւակայեն ֆութպոլ խաղալ քառանկիւն դաշտերուն վրայ կամ որսի երթալ պարտէզներուն մէջ:

Խիտ ծառաստաններուն մէջէն տեղ-տեղ վեր կ՛ելլէ բարակ ծուխ, գիւղական լաւաշ հացի թոնիրներէն, որոնց թխուած լաւաշի եւ այրած փայտի հոտը հեռուէն իսկ մտքերու մէջ կ՛արթնցնէր զգայարաններէ փոխանցուած նախկին ամրան յիշատակները:

Ճամբորդները, իրենց աչքերը սեւեռած գծագրուած պատկերին վրայ, ուրախութեամբ կը վերյիշեն վայրէջքին վրայ գտնուող գիւղերուն անունները` Մտէյրիժ, Ժտիթա, Գապ Էլիաս, Պար Էլիաս… մինչեւ հասնին իրենց վերջնական կայքը:

Տեղաւորելէ ետք իրենց ընտանիքները, տղամարդիկը գրեթէ ամէն օր Պէյրութ կ՛իջնէին գործի: Առաւօտ, շատ կանուխ, լուսաբացէն առաջ, Զաքարին կամ Լութֆիկին փոստան կը հաւաքէր իր ճամբորդները եւ կը տանէր զանոնք գործի: Իսկ երեկոյեան, ընտանիքի անդամներ, խումբ առ խումբ կանգնած ճամբուն եզերքը, իսկ ուրիշներ ծառերու վրայ ելած, կը սպասէին հայրիկներուն վերադարձը: Ծառին վրայ ելլողը կը պոռար.

– Հեռուէն տեսայ, կարծեմ Զաքարին փոստան է:

Գուշակողը ոչ անպայմանօրէն ճիշդ կ՛ըլլար: Ան յաճախ կը սխալէր, երբեմն դիտմամբ, կատակը իրականութեան հետ խառնելով:

– Մէկ, երկու, երեք, ասիկա է հայրիկին փոստան:

– Ոչ, քու բախտդ չբռնեց, հիմա ես պիտի փորձեմ. մէկ, երկու երեք…

Իսկ ան, որ պարտուէր եւ երրորդ ինքնաշարժը հայրիկը չբերէր, ստիպուած էր գործ մը ընելու` աղբիւրէն կուժով ջուր տանելու տուն, փուռէն հաց բերելու, մայրամուտին տան քարիւղի լապտերը վառելու, հաւերուն կեր տալու…:

Գիւղը մնացողները ամբողջ օրուան ընթացքին կը վայելէին Շթորայի բարիքները:

Արշալոյսին կաթնավաճառը կը բերէր թարմ կաթ, իսկ տան կից հաւնոցէն եկող կտկտոցը նշան էր, թէ թարմ հաւկիթները պատրաստ էին: Թոնիրներէ ելած ծուխն ու այրած ալիւրին հոտը լաւաշ հացի սիրահարները կ՛ուղղէր դէպի այդ կողմ: Անդին` չարաճճի տղաք իրենց նախօրօք ծրագրած պարտէզ մը, այգի մը ասպատակելու աշխատանքով կը զբաղէին օրուան վերջաւորութեան տեղացի պահակին` նաթուրին հետ հարց ստեղծելով:

Սովորութիւն դարձած էր նաեւ, քանի մը ընտանիքներ միասնաբար համաձայնած, վարձելու այգի մը, որուն առատ բերքէն բաժին կը հանուէր ազգականներու, բարեկամներու եւ կազդուրման կայանին:

Կէսօրէ ետքը հանգիստի ժամն էր, երբ արեւու ճառագայթներէն շիկացած գիւղը զովացնելու նպատակով, նախախնամութիւնը կը ղրկէր Պեքաայի դաշտին հովը, շթորացիներուն համար «խենթ հով»ը, որ կը բանար գիւղի բարտիներուն լեզուները: Ամբողջ Շթորան կը խշշար: Մայրամուտին հետ «խենթ հով»ը կը հեռանար` զով եւ օդասուն հետքեր ձգելով իր ետին: Ընթրիքէն ետք, մանաւանդ լուսնակ գիշերով, խումբ առ խումբ, երիտասարդներ դուրս կ՛ելլէին քալելու եւ ամբողջ Շթորան կը լեցուէր երգով ու երաժշտութեամբ:

– Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին:

Առաջնորդութեամբ դդումէ լապտերներ բռնողներու, «վերի» շթորացիներու խումբը, զինուած մանտոլինով եւ աքորտէոնով, կը կտրէ Շթորա-Զահլէ մայր պողոտան` միանալու համար «վարի» շթորացիներուն, որոնց մէջ արուեստագէտներ չէին պակսեր: Խումբը կ՛անցնի «Աղբալեան» կեդրոնին առջեւէն` ուղղուելով դէպի Այնճար-Դամասկոս տանող մայրուղին: Ինքնաշարժներու երթեւեկը չէր խանգարեր «գիշերաշրջիկները», որոնց շուրջպարերը ճամբուն մէջտեղը սեւով եւ ճերմակով ուրուականներու խորհրդաւոր պատկեր մը կը գծէր: Հազուադէպ եկող ինքնաշարժ մը կանգ կ՛առնէր` մինչեւ երգիչներն ու պարողները քաշուին ճամբուն եզերքը:

«Օթել Մասապքին» գիշերային պտոյտի ելլողներուն այլ զբօսման վայրն էր, ուր եւրոպական, արաբական երաժշտութեան հետ կը միացուլուէր նաեւ հայկականը:

Ամրան վերջաւորութեան գիւղը կը պարուրուէր տեսակ-տեսակ հոտերով` եռացող լոլիկի, խաշած ցորենի, հալած պաստեղի, մալեզի, թարխանայի եւ այլ ձմեռնային պաշարներու պատրաստութեան առթիւ: Իսկ այգեկութքէն ետք արտօնուած էր մտնել տեղացիներուն այգիները եւ օգտուիլ մոռցուած ողկոյզներէն: Ասոր կ՛ըսէին` «պաշշախ»: Ճարպիկ տղաք իրենց որսորդական արշաւներու ընթացքին կը հետազօտէին այգիներն ու պարտէզները, որոնց հունձքէն ետք կարելի էր «պաշշախ»ի երթալ հոն: Որոշուած օրը, զինուած պարկերով, կ՛արշաւէին պտուղի պարտէզները, սոխի, գետնախնձորի արտերը եւ թռչուններու, դաշտային կենդանիներու բաժին լքուած պտուղներով ու բանջարեղէններով բեռնաւորուած` կը վերադառնային տուն:

Լիբանանի երկրորդ եւ աւելի մտահոգիչ քաղաքացիական տագնապին սկիզբը` 1975-ին, Շթորայի հայերը կրցան ապահով անցընել: Տարի մը ետք, սակայն, դրացի երկրի սահմանէն ներս թափանցող պաղեստինեան «Եարմուք» զօրաբաժինը, ինչպէս նաեւ Պաալպեքի կողմերէն թալլող ցեղախումբեր, սկսած էին կողոպտել ու աւերել հայկական շէն գիւղը: Կողոպտուեցաւ գրեթէ ամէն ինչ, նոյնիսկ` դուռ-պատուհան, սալայատակի մարմար քարեր, ջուրի խողովակներ, տան առարկաներ եւ ամէն բան, որ կարելի է քակել եւ տանիլ: Տեսարանը յուզիչ էր: Թալանողներուն համար անպէտ նկատուող առարկաներ` գիրքեր, ընտանեկան նկարներ, նետուած էին պարտէզներուն մէջ:

Գետին, կար դաշնամուրի մը մնացորդ ստեղնաշարը, իսկ կափարիչը կը ծառայէր որպէս լուացարանի դուռ` տունը գրաւող նոր բնակիչներուն համար: Նուագարանին տախտակէ մնացեալ մասերը շատ հաւանաբար գործածուած էին որպէս վառարանի փայտ:

Անապահով վիճակը եւ տուներուն անբնակելի ըլլալու իրողութիւնը մղեցին հայկական Շթորայի բնակիչները` հեռու մնալ իրենց սիրելի գիւղէն: Ոմանք յամառօրէն փորձեցին վերակառուցել իրենց կիսաքանդ բնակարանները, վերադառնալու եւ բնակելու մտադրութեամբ, սակայն ափսո՜ս, ամէն անգամ որ հեռանային ժամանակաւորապէս, կողոպտիչները կը կատարէին իրենց աւերիչ արարքները: Այս յուսահատական վիճակին մատնուած` բնակարաններն ու հողաշերտերը սկսան ծախուիլ, մինչեւ որ գիւղը` հայկական Շթորան, հայաթափուեցաւ:

Ներկայիս կանգուն կը մնայ «Աղբալեան» կեդրոն-մատուռը, ուր պարբերաբար պատարագ կը մատուցուի, իսկ հայկական Շթորան դադրած է գոյութիւն ունենալէ:

ԳՐԻԳՈՐ ԳՐԱՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES