ԱԿՆԱՐԿ-ՑԱՒ Ի ՍԻՐՏ. ԹՐՔԱՍԷՐ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐ

Ցեղասպանութիւն, Հայկական հարց, Ապրիլ 24, մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներ, ու դեռ` նոր օրերու Հրանդ Տինքի նահատակութիւն, անոր նուիրուած շարադրութեան միջդպրոցական մրցում եւ դեռ` այլ տեսակի նախաձեռնութիւններ: Երկու շաբաթ առաջ «Պիէլ» համալիրին մէջ պատահած բողոքի «հանդիպումը» հայ երիտասարդներու, ՀՅԴ ԶՈմ-ական եւ ԼԵՄ-ականներու ցոյցը: Մեր մամուլը, ռատիոյի եւ պատկերասփիւռի հաղորդումները առ ոչինչ նկատող հայեր կան, հայ վաճառականներ, առեւտրականներ, որոնք սիրահարած են թրքական ապրանքներու եւ զանոնք կը վաճառեն իրենց խանութներուն մէջ, կարծես թէ անօթի պիտի մեռնէին, եթէ այդ ապրանքներուն փոխարէն` ուրիշ երկիրներէ ներածուած ապրանք ծախէին ու գնէին մեր հայ յաճախորդները:

Եթէ այս մասին նկատողութիւն մը ընենք, անմիջապէս կը պատասխանեն ամբաստանութեամբ մը, թէ` այսինչին խանութը լեցուն է թրքական ապրանքով, այսինչ ազգայինին քով թրքական ապրանք կայ, անոնց մէկ ոտքը Թուրքիա է, ամառ թէ ձմեռ, նաեւ անոնց կիները եւ պարման աղջիկները արձակուրդի օրերուն պոլիս եւ շրջակայ կղզիները կ՛այցելեն` վերադարձին իրենց «Ֆէյսպուք»երուն մէջ արձանագրելու անգլերէն տառերով հայերէնով մը. «Հիանալի երկիր է Թուրքիան, գեղեցիկ է Պոլիսը, եւ այլն:

Անշո՛ւշտ թէ գեղեցիկ է Թուրքիան: Թուրքը, որ մեր երբեմնի հայրենիքն ալ սեփականացուցած է, մեր հողերն ալ գերեվարած է, ինչո՞ւ համար այսքան գովաբանել մարդկութեան դէմ մինչեւ այսօր ոճիր գործող թուրք պետութիւնը եւ իր արիւնալի երկիրը:

Վերջին տեսարանը մեր կիներուն թրքասիրութեան տեղի ունեցաւ «Պիէլ»ի ընդարձակ հանդիսարահին մէջ, ուր կը ցուցադրուէր թուրք դերձակներու եւ թրքական ճարտարարուեստի արդիւնաբերութեան մաս կազմող նորաձեւութեան հագուստներ, տարբեր զգեստներ եւ այլն: Մեր առեւտրական կիները ներկայ էին հոն` տեսնելու համար թրքական նորաձեւութեան «հիւնարները»… Այս կիները յաճախ կ՛երթան Թուրքիա եւ Լիբանան կը ներածեն հագուստեղէններ, զանոնք կը ծախեն տունէ տուն մտնելով, լորձնաշուրթն գովաբանելով ցեղասպանին ապրանքները: Արդեօք Լիբանան հագուստ արտադրողները նուա՞զ ճարտար են եւ ճաշակ չունի՞ն: Եթէ թուրքին ներածածը քիչ մը աժան է, այդ ի՞նչ նշանակութիւն ունի, փոխանակ երեք-չորս տեսակ հագուստ գնելու, կարելի է նուազ մէկով գոհանալ եւ զարկ տալ մեր տեղական, կամ, ինչո՞ւ ոչ, մեր դրացի երկիրներէն ներածուածին, եթէ անպայման նախասիրութիւնը դուրսի արտադրութեան կ՛երթայ: Ըսենք նաեւ, որ ամերիկեան եւ եւրոպական ապրանքներով լեցուն են մեր շուկաները, ոչինչի կարիք ունինք, անտեսուածը միայն մեր տեղական արտադրութիւնն է եւ կը վնասենք անոր:

Վերադառնանք «Պիէլ» ծաւալուն ցուցադրասրահը, ուր մեր տղաքը թռուցիկներ բաժնեցին ներկաներուն, ցոյց տուին իրենց շապիկներուն կուրծքին գրութիւնները, թէ` «Մի՛ գնէք, մի՛ քաջալերէք ցեղասպանին տնտեսութեան զարգացումը»:

Բնական է, որ տեղւոյն ապահովութեան հսկող ոստիկանները արգելք պիտի ըլլային մեր տղոց այս արարքին, բայց ի՛նչ որ ալ եղաւ, հայուն ձայնը լսելի դարձաւ այդ մեծ սրահին մէջ: Դժգոհողներ եղան, քանի մը թրքասէր հայուհիներ, որոնք անամօթաբար այպանեցին մեր նուիրեալ տղոց բողոքի ցոյցը հետեւեալ խօսքերով.

– Ի՛նչ պէտք կար այսպիսի ցոյցերու: Աղուոր բաներ կան, մենք ալ կ՛օգտուինք:

Այս քննադատութիւնը լսող հայուհի մը կը պատասխանէ.

– Մեղք քեզի, որ այսպէս կը պատասխանես, արդէն զաւակդ օտար դպրոց ղրկած ես, մոռցած ես մեր նահատակները եւ ընկերուհիներուդ հետ գացած ես հոն` թրքական տնտեսութիւնը քաջալերելու:

Այսպէս ենք մենք, նոյն օտարամոլը, նոյն դաւադիրը, նոյն թրքասէրը: Այսպիսիք օգտակար չեն ըլլար ո՛չ մեր դպրոցներուն, ո՛չ ալ մեր մշակոյթին արդէն մոռցած են մեծ չարիքը: Արդեօք այս կանայք չե՞ն լսած անէծքը Աւետիս Ահարոնեանին. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,

Թող ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք»:

ԱՔԱՍԻԱ

Share this Article
CATEGORIES