ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԱՊՐԱՄՈՎԻՉ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ԻՍԻՆՊԱՅԵՒԱՅԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՆ ԻՐ ՓՈՐՁԵՐԸ ԿԱՏԱՐԷ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ

Ելենա Իսինպայեւա

Ռուսիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Չելսիի ռուս սեփականատէր, միլիառատէր Ռոման Ապրամովիչ պիտի կառուցէ յատուկ փակ համալիր մը (Վոլկոկրատի մէջ), որպէսզի ձողով բարձրութիւն ցատկող ռուս Ելենա Իսինպայեւա կարենայ իր փորձերը կատարել Ռուսիոյ մէջ:

Սակայն կը կարծուի, որ Ելենա ձմեռը քիչ մը դժուարութեամբ իր փորձերը պիտի կատարէ Ռուսիոյ մէջ: Այսուհանդերձ, ըստ երեւոյթին, ողիմպիական ախոյեան եւ աշխարհի մրցանիշ հաստատած Իսինպայեւա որոշած է Իտալիայէն Վոլկոկրատ հաստատուիլ:

Նշենք, որ այս ամիս Իսինպայեւա Ռուսիոյ մէջ լուսարձակները կեդրոնացուց իր վրայ, երբ որոշեց բաժնուիլ իր մարզիչէն` Վիթալի Փեթրովէն եւ վերադառնալ իր նախկին մարզիչին` Եւգենի Թրոֆիմովի` նկատի ունենալով, որ վերջին երկու տարիներուն այդքան ալ լաւ արդիւնքներ չկրցաւ արձանագրել:

 

Share this Article
CATEGORIES