«ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹՆԵՐ»ՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ԵՐՈՒԱՆԴ ՔԱՍՈՒՆԻԻ «ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ»ՈՒ ՄԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Դոկտ. Երուանդ Քասունի

Համազգայինի գրախանութին նախաձեռնութեամբ կայացող «Հայ գրականութեան շաբաթներու» նախաձեռնութեան չորրորդ հիւր հեղինակն էր «Կիրակնօրեայ մտորումներ»ու եւ այլ գիրքերու հեղինակ դոկտ. Երուանդ Քասունի:

Երէկ` երեքշաբթի, 22 մարտի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ հեղինակին գիրքերուն մակագրութիւնը:

Այս առիթով «Ազդակ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ե. Քասունի ըսաւ, որ նախաձեռնութիւնը լաւ սկիզբ մըն է` յոյս յայտնելով, որ անիկա շարունակական ըլլայ:

Նորօրեայ կեանքին մէջ հայ գիրքի արժէքին մասին խօսելով` հեղինակը ըսաւ. «Ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին մէջ հայ գիրքին նկատմամբ որոշ անտարբերութիւնը հին պատմութիւն ունի, հին օրերու հրատարակութիւններու մէջ նոյնպէս կը տեսնէք, որ դժգոհութիւններ կան հայ գիրքին նկատմամբ որոշ անտարբերութեան գծով, բայց հիմա, ըստ երեւոյթին, ծայրայեղութեան հասած է կացութիւնը: Ես չեմ կրնար հասկնալ, թէ հայ տուն մը ինչպէ՞ս կրնայ մնալ առանց հայ գիրքի: Եթէ մէկը ընդունի, որ իր տան մէջ հայերէն գիրքը էական մաս չի կազմեր, կարեւորութիւն չի ներկայացներ, ասիկա կը նշանակէ, որ արդէն ազգային գիտակցութեան նուազումը առկայ է: Գիրքը մշակոյթին հետ առնչուած է. այսինքն` ենթական եթէ մշակութային հասկացողութիւն ունի, անոր կ՛առնչուի գիրքը: Գիրքը ինքն իր մէջ երեւոյթ մը չէ, ընդհանուր մշակութային մտաւորական աշխարհին, մտքի աշխարհին հետ կապուած է: Եթէ ենթական կապուած չէ այդ աշխարհին, յարաբերութիւն չունի կամ իրեն համար օտար է, ինքնաբերաբար իրեն համար օտար պիտի ըլլայ հայ գիրքը: Եթէ իրապէս կը մտածենք հայ ժողովուրդի դիմագիծ պահելու մասին, կը կարծեմ, ամէնէն ճիշդ ու դիւրին միջոցը հայ դպրոցն ու հայ գիրքն է»:

Պատասխանելով «Ազդակ»ի այն հարցումին, թէ այս դարուս գիրքը կարելի՞ է համացանցով փոխարինել, Քասունի բացարձակ սուտ նկատեց նման համոզում մը` օրինակ բերելով շշմեցուցիչ թիւ ունեցող օտար գիրքերը: «Միացեալ Նահանգներու մէջ 200 հազարէ աւելի գիրքեր կը տպուին, նոյնն է պատկերը Եւրոպայի մէջ: Տպուած գիրքը նաեւ կը թարգմանուի 20-30 լեզուներու: Ուրեմն այդ առասպելը, որ իբրեւ թէ գիրք կարդացող չկայ բայց համացանցի վրայ կայ, մեր ստեղծած սուտն է: Հարցը հետեւեալն է. եթէ մէկը ըսէ, թէ գիրք չեմ կարդար, ըսել կ՛ուզէ, որ ինքը համացանցի դիմաց կը նստի հոն գիրք կը կարդա՞յ: Սուտ է. արդարացումի միջոց մըն է պարզապէս»:

Ըստ դոկտ. Երուանդ Քասունիի, ընթերցանութիւնը աշխուժացնելու բազմաթիւ միջոցներ կան. «Ես յօդուածով մը պիտի անդրադառնամ այդ մասին` դպրոցներու մէջ ու տարբեր տարբեր միջոցներով: Մէկ բան կ՛ուզեմ յստակացնել, որ գիրքը վաճառքի առարկայ է: Դժբախտաբար ժամանակի ընթացքին սկսանք մտածել, որ գիրքը նուէր տրուելիք բան մըն է, թէ հեղինակը նուէր պէտք է տայ: Արաբ գրող մը ըսած է` գիրքը գնողը կը կարդայ: Մենք պիտի քաջալերենք ժողովուրդին մօտ գիրք գնելը: Ասիկա նաեւ իր գովազդային բաժինը ունի: Ամէնէն անպէտք բանն անգամ աշխարհին կրնանք գովազդներու ուժով ծախել: Չկայ հայ գիրքի ծանուցման ձեւ: Պէտք է մտածուի գիրքը վերածել առեւտրական աշխարհին մաս կազմող բանի մը: Մեր մեծագոյն ծանուցումը 3 տողնոց «ստացանք»ն է, եթէ պատահի ալ` գրախօսական մը: Ժողովուրդին գիրքը ծանօթացնելը ուրիշ բան է, ծանուցելը ուրիշ բան է: Աշխատանքը կարեւոր է»:

Share this Article
CATEGORIES