ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼՈՎ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻՆ. «ԻՄ ԾՈՄՍ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՉԷ» Կ՛ԸՍԷ ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

«Ես 15 մարտին Ազատութեան հրապարակ մտայ իբրեւ Հայաստանի հպարտ քաղաքացի` իրականացնելու համար քաղաքացիական, սահմանադրական իրաւունքս, եւ ոչ թէ քրիստոնէական ծիսակատարութեան կամ Մեծ պահքի ծիրին մէջ», նախանցեալ օր բացօթեայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան:

Ասիկա պատասխանն էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այն յայտարարութեան, թէ ինք հանրահաւաքին ժամանակ չէ մօտեցած Րաֆֆի Յովհաննէսեանին` մեկնելով քրիստոնէական սկզբունքներէն. քրիստոնէութիւնը կը մերժէ ծոմապահութեան ցուցադրականութիւնը:

Տէր Պետրոսեան յղում կատարած էր Յովհան Մանդակունիին, որ գրած է, թէ սատանան կը կործանէ թէ՛ ծոմապահը, թէ՛ անոր պահքը, երբ մարդ ինքզինք ուրիշներէն վեր կը դասէ եւ կը ցանկայ, որ իր ժուժկալութիւնը թմբկահարուի ուրիշներուն կողմէ եւ մարդիկ տեղեակ դառնան ու հիանան իր տոկունութեամբ:

Ասոր վերաբերեալ Րաֆֆի Յովհաննէսեան նշեց, որ ինք Հայաստանի առաջին նախագահին սիրով եւ անկեղծաբար Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ երկարատեւ կեանք կը մաղթէ: «Եթէ կայ մէկը, որ ինծի սատանայի կործանում կը ցանկայ, ատիկա անոր իրաւունքն է: Սակայն կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին կարդալու եւ յղում կատարելու նոյն Յովհաննէս Մանդակունիի այն բաժինին, որուն մէջ կը խօսուի ոխ պահելու եւ վրէժ լուծելու մասին», նշեց Ր. Յովհաննէսեան:

Նշենք, որ երէկ աւարտեցաւ Ր. Յովհաննէսեանի հացադուլին 8-րդ օրը: Ան նշեց, որ ներողամտաբար կը մօտենայ իր մասին թէ՛ իշխանական, թէ՛ ընդդիմադիր թեւի ոչ պարկեշտ մեկնաբանութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES