ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԽՈՒԶԱՐԿՈՒԱԾ ԻՐԱՆԵԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾ ՔԱՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԶԷՆՔ-ԶԻՆԱՄԹԵՐՔ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հիւլէական զէնք տեղափոխելու կասկածով Թուրքիոյ օդուժին պահանջով կիրակի օր Տիգրանակերտի օդակայան էջք կատարած իրանեան բեռնատար օդանաւին մէջ յայտնաբերուած է մեծ քանակութեամբ զէնք-զինամթերք:

Իրանէն Սուրիա թռիչք կատարող «Իլիուշին Իլ-76Թի.Տի.» տիպի բեռնատար օդանաւին մէջ յայտնաբերուած են նռնականետեր, ականանետեր, գնդացիրներ, «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիներ եւ զինամթերք:

Թրքական «Վաթան» օրաթերթին համաձայն, յայտնաբերուած զէնք-զինամթերքը գրաւուած է: Ներկայիս թրքական կողմը ճշդում կը կատարէ, թէ արդեօք Թեհրան նախապէս ծանուցա՞ծ է Սուրիա տեղափոխուող զինամթերքին մասին:

Նշենք, որ օրեր առաջ դարձեալ հիւլէական զէնք տեղափոխելու կասկածներու հիմամբ թրքական կողմին պահանջով Տիգրանակերտի օդակայանին մէջ էջք կատարած էր Իրանէն Սուրիա թռիչք կատարող «Անթոնով» տիպի բեռնատար օդանաւ մը: Օդանաւին մէջ 14 ժամ տեւած խուզարկութեան ընթացքին ոչինչ յայտնաբերուած էր եւ օդանաւը շարունակած էր դէպի Սուրիա իր թռիչքը:

 

Share this Article
CATEGORIES