50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 24 ՄԱՐՏ 1961 )

ԹՈՒՐՔ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՄԸ ՄԱՏԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՔՆՆԻՉ ԵՂԱԾ ԷՐ

Պոլսոյ մէջ մեռած է թուրք յայտնի լրագրող մը` Հասան Ամճա: Ծնած էր 1884-ին, Պոլիս:

Ա. աշխարհամատին Սուրիոյ ճակատին վրայ Ճեմալ փաշային մօտ պաշտօնավարած է որպէս քննիչ հայ տարագիրներու: Պոլսոյ պատրիաքը մասնակցած է հանգուցեալի յուղարկաւորութեան, որ տեղի ունեցած է մարտ 16-ին:

Հանգուցեալը ծանօթ էր չերքեզ Հասան անունով: Իթթիհատի կատաղի հակառակորդ մը եղած է:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՍԱՆ ԱՄՃԱ

Հասան Ամճայի մահուան առթիւ Ֆելիք «Ճիւմհիւրիյէթ»ի մէջ կը գրէ.

«Չերքեզ հայր եւ մայրէ ծնած էր Հասան: Պոլսոյ մէջ: Իրմէ աւելի կրակոտն էր քոյրը` Էշրեֆ: Ամբողջ կեանքին ընթացքին անիրաւութեան դէմ քալեց: Յանդուգն, գթասիրտ մարդ մըն էր: Ահաւասար պայմաններու մէջ մահու եւ կենաց պայքար մղեց իթթիհատականներու դէմ: Իր արիասիրտ ուղղամտութիւնը իրեն համակիր դարձուց իթթիհատականները եւ Ճեմալ փաշան: Ինք կ՛ըսէր, թէ մահապատիժէ փրկուած էր Ճեմալ փաշայի կողմէ, որ այրած էր իր դատական թղթածրարը, եւ այս պատճառով` ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած: Ա. Աշխարհամարտին Ճեմալ փաշայի կողքին Սուրիա գտնուած էր որպէս քննիչ հայ տարագիրներու: Այն հայերը, որոնք Սուրիա մնացին հայկական տեղահանութեան ատեն, այս մարդուն կը պարտին իրենց կեանքը: Հասան, հակառակ իր ամբողջ ջանքին, քաջութեան եւ խելքին, ո՛չ իր նպատակին հասաւ, ո՛չ ալ կրցաւ հանգիստ ընել կեանքին մէջ: Պայքարով սկսաւ, պայքարով վերջացուց: Իր միակ հանդարտ մասը խիղճն էր: Հասան Ամճա ծնաւ եւ մեռաւ որպէս այս երկրին ամէնէն անձնազոհ, ամէնէն քաջ, ամէնէն հաւատարիմ զաւակներէն մին: Բայց ինք շատ վնասեց ասկէ: Մեղք, որ երկրին ծառայութիւնը միշտ արդիւնաբեր եւ օգտակար չ՛ըլլար, նոյնիսկ երբեմն վնասակար կ՛ըլլայ ծառայողներուն»:

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ԶԱՀԼԷԻ ՄԷՋ

Դեռ տարի մը չէ եղած, երբ վերակազմուեցաւ Լ. Օ. Խաչի Զահլէի մասնաճիւղը, եւ սակայն ան իր շարքերուն մէջ կը համրէ 150 անդամուհիներու թիւ մը` անդամութեան համար թեկնածու ունենալով դեռ 25 նորամուտներ: Բացի այս թիւէն, Լ. Օ. Խաչի Զահլէի մասնաճիւղը ունի 33 պատանուհիներէ կազմուած օրիորդաց բաժին մը:

Բացի տեղւոյն վարժարաններուն մէջ իր պահած սան-սանուհիներէն` կանոնաւորաբար իր օգնութիւնը կը փութացնէ որոշ թիւով ծեր հիւանդներու` ամսական որոշ գումար մը տրամադրելով անոնց:

Իր գործունէութեան կարճ ժամանակամիջոցին Լ. Օ. Խաչի Զահլէի մասնաճիւղը տեղւոյն ՀՄԸՄ-ի ակումբին նորոգութեան եւ կարասիներու հայթայթման համար տրամադրեց 1500 լ. ոսկիի կարեւոր գումար մը:

Անդամուհիներուն մէջ ընկերական ոգին վառ պահելու եւ միեւնոյն ատեն անոնց ընկերային դաստիարակութեան նպաստելու մտահոգութեամբ, յաճախ կը կազմակերպէ անդամական հաւաքոյթներ` գեղարուեստական խնամուած բովանդանկութեամբ: Վերջին հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ 1961 մարտ 8-ին, ուր գանձապահուհի Զ. Գարաօղլանեանի հաշուական զեկուցումէն ետք, հրաւիրուեցան քանի մը խօսք ընել, Լ. Օ. Խաչի Զահլէի հին անդամուհիներէն Ս. Քիւրքճեան եւ ներկայ վարչութեան քարտուղարուհի Մարի Քէշիշեան:

Երկու խօսող ընկերուհիներն ալ վեր հանեցին այն նուիրական դերը, զոր կոչուած է կատարելու Լիբանանի Օգնութեան Խաչը լիբանանահայութեան մէջ: Հրաւիրեցին Զահլէի անդամուհիները անխտիր` կրկնապատկել` իրենց նուիրումը հայ համայնքին, սրբազան այս կազմակերպութեան միջոցով, օրինակ ունենալով եկող գացող բոլոր անձնազոհ անդամուհիները` Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Զահլէի մասնաճիւղին:

Ընկերական այս վերջին հաւաքոյթն ալ վերջացաւ ուշ երեկոյեան, ընկերուհիներու խանդավառ ոգեւորութեամբ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES