ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Քոզար եպիսպոկոս եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Երկուշաբթի երեկոյեան իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Պապական մարդասիրական Կազմակերպութեան նորընտիր նախագահ Ճոն Քոզար եպիսկոպոսին, որուն կ՛ընկերանար իր գործակիցը եւ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի ու Յորդանանի մէջ յիշեալ կազմակերպութեան գործունէութեան ընդհանուր տնօրէնը:

Նիւ Եորքի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող, սակայն Վատիկանի առնչուած յիշեալ մարդասիրական կազմակերպութիւնը լայն գործունէութիւն ունի աշխարհի զանազան կողմերը, ներառեալ` Միջին Արեւելքի մէջ: Վեհափառին հետ Քոզար եպիսկոպոսի խօսակցութեան գլխաւոր առանցքը դարձան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները ու անոնց աջակցելու անհրաժեշտութիւնը:

Ընդհանուր ակնարկ մը նետելով ներկայ կացութեան եւ մասնաւորաբար եկեղեցիներու կարիքներուն վրայ` վեհափառը շեշտեց դաստիարակութեան եւ ընկերային ծառայութեան մարզերուն առաջնահերթութիւնը եւ կոչ ուղղեց յիշեալ կազմակերպութեան իրենց մարդասիրական աշխատանքները կեդրոնացնելու այս մարզերուն վրայ:

Հանդիպման աւարտին Քոզար եպիսկոպոս վեհափառը հրաւիրեց օրհնելու կազմակերպութեան նոր կեդրոնատեղին  Նիւ Եորքի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES