ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ԼԷՅՔԸՐԶ ՅԱՂԹԵՑ. ՊՐԱՅԸՆԹ ՆՇԱՆԱԿԵՑ 42 ԿԷՏ

Քոպի Պրայընթ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ երկարաձգման ընթացքին միայն յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Ֆէոնիքս Սանզը, այդ ալ երկու կէտի տարբերութեամբ` 139-137 արդիւնքով:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 42 կէտ, իսկ անոր խմբակից Լամար Օտոմ` 29 կէտ եւ 16 ռիպաունտ: Լէյքըրզի այլ մարզիկ մը` Փօ Կազոլ, նշանակեց 24 կէտ:

Շիքակօ Պուլզ 114-81 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսին: Տերիք Ռոզ (Պուլզ) նշանակեց 30 կէտ:

Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 111-76 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի: Ժերըլտ Ուալաս (Պլէյզըրզ) նշանակեց 28 կէտ:

 

 

 

Ստորեւ կու տանք այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Նիւ Ճըրզի Նեթց
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Աթլանթա Հոքս
Շարլոթ Հոռնեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մայեմի Հիթ
Միլուոքի Պաքս – Սաքրամենթօ Քինկզ
Նիւ Եորք Նիքս – Օրլանտօ Մեճիք
Օքլահոմա Սիթի – Եութա Ճեզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Տենվըր Նակեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ

 

Share this Article
CATEGORIES