ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԻՆԹԸՐ ԼԵՊԱՆՈՆ ԱԿՈՒՄԲԻՆ. «ԿԱՆԱՉ ԱՐԶ ՄԱՐԱԹՈՆ»Ի ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄ` ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ԺԻՊԷՅԼ

Յառաջիկայ կիրակի, 27 մարտին տեղի պիտի ունենայ «Կանաչ Արզ Մարաթոն»ի վազքի մրցումը` կազմակերպութեամբ «Ինթըր Լեպանոն» ակումբին:

42,195 քմ երկարութիւն ունեցող վազքի այս մրցումը պիտի սկսի Պէյրութի «Ռիվիերա» պանդոկին առջեւէն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին: Անիկա պիտի աւարտի Ժիպէյլի մէջ:

Կազմակերպիչ ակումբին նախագահը` Ռոժէ Պաժժանի, բոլոր լիբանանցի աթլեթներուն կոչ ուղղեց մասնակցելու վազքի այս մրցումին, որպէսզի այդ մէկը կարեւորութեամբ շեշտուի միջազգային մամուլին կողմէ` նկատի ունենալով, որ հարաւի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերն ալ պիտի մասնակցին այս վազքի մրցումին:

 

Share this Article
CATEGORIES