ՃԱՏՐԱԿ. ԱՐՈՆԵԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՆԱԵՒ ՔՐԱՄՆԻՔԻՆ

Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցող «Էյմպըր»ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 9-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան «կոյր» ճատրակի մրցումներուն, 39-րդ շարժումին յաղթեց Վլատիմիր Քրամնիքի, իսկ արագ ճատրակի մրցումին, ուր Արոնեան կը մրցէր սեւ քարերով, 42-րդ շարժումին հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:

Ընդհանուր դասաւորման մէջ այժմ Արոնեան առաւելագոյն 18 կէտէն 13 կէտ աահովելով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Անոր ետին 2-րդ դիրքը 12 կէտով կը գրաւէ Մակնիւս Քարլսըն: 3-էն 5-րդ դիրքը 9,5-ական կէտով կը բաժնեն Վիշվանաթան Անանտ, Ալեքսանտր Քրիսչուք եւ Վասիլի Իվանչուք:

ԹԱՇՔԵՆՏԻ մէջ (Ուզպեքիստան) տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, հայրենի վարպետ Տիգրան Լ. Պետրոսեան արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական հաւասարութիւնը (սեւ քարերով)` Միքայէլ Ռոյզի հետ (Իսրայէլ): Ան առաջին երեք մրցումին յաղթանակ արձանագրեց:

Պետրոսեան, որ 11 մասնակցողներու նման ունեցաւ 4 կէտ, կը բաժնէ 2-էն 11-րդ դիրքը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով հայրենի վարպետը կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:

6-րդ հանգրուանին Պետրոսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Քարսինա Սուքանտա, որ մրցաշարքին մասնակցող միակ կին վարպետը չէ:

Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ ուզպեքահայ Լիաննա Գէորգեան, որ ցարդ ապահոված է միայն 2,5 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES