ՊԱՆՔ ՕԹՈՄԱՆԻ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵՆԷՆ «ԲԱՆԿ ՕՏՈՄԱՆ»-Ի… ՓԱԽՑՈՒԱԾ ԱՌԻԹԸ

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հայ գրականութեան մէջ պատմական վէպը, իբրեւ գրական սեռ, գեղարուեստականէն շատ աւելի անդին գացող դեր ունեցած է: Հայկական ազգային գիտակցութեան զարգացման մէջ առանցքային ազդակ հանդիսացած է պատմական վէպը:

19-րդ դարուն Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն ոչ միայն աշխարհաբար գրականութեան սկիզբը, այլեւ հայկական հաւաքական գիտակցութեան սկիզբը ազդարարող երեւոյթ է: Այս դերը շատ աւելի շեշտուած կերպով կատարեցին Րաֆֆիի «Դաւիթ Բէկ», «Շէյխ Ջալալէդդին» եւ «Սամուէլ» պատմական վէպերը, ինչպէս նաեւ` Ծերենցի «Թորոս Լեւոնի»-ն ու ինչու չէ նաեւ` Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ը:

Այս գործերը, անկախ իրենց գեղարուեստական արժէքէն, ամբողջ ժողովուրդ մը ազատագրութեան գաղափարով ներշնչեցին: Հետեւաբար մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ «պատմական վէպ» հասկացողութիւնը ակնկալութիւն մը կը ստեղծէ: Այսինքն կ՛ակնկալենք, որ այս բնոյթի վէպ մը, անցեալի կարեւոր դէպքի մը, կամ դէմքի մը շուրջ հիւսուած ըլլալով, իբրեւ այդպիսին` ազգային հաւաքական կամք մը ամրապնդելու, յառաջ մղելու եւ զարգացնելու դեր խաղայ:

Եւ ուրեմն, 19-րդ դարու վերջին քառորդին սկսած հայ ազատագրական շարժումը մեր պատմութեան տուաւ բազմաթիւ հերոսական դէպքեր ու դէմքեր: Սակայն տխուր փաստ է, որ մեր գրողները ցարդ չեն լծուած այս հերոսական դէպքերն ու դէմքերը գրական-գեղարուեստական երկերով ներկայացնելու գործին:

Ահաւասիկ այս կացութեան մէջ, հայրենի հանրածանօթ գրող Ալեքսանդր Թոփչեան 2008-ին լոյս կ՛ընծայէ «Բանկ Օտոման» վէպը, 220 էջնոց: Վերջապէս գտնուեցաւ մէկը, որ յանդգնեցաւ շագանակը իր իսկ ձեռքով հանել կրակէն…

Երեւոյթը ինքնին դրական է ու ներշնչող, այն առումով, որ հայ ազատագրական շարժումի եւ հայ քաղաքական միտքի տակաւին «թոթովանքի» ժամանակաշրջանին, երբ հազիւ 6 տարի անցած էր հայու «կրակէ մկրտութենէն» (Սարգիս Կուկունեանի արշաւանք, 1890-ի ամառը), 22-23 տարեկան գաղափարապաշտ հայ յեղափոխականներ կը ծրագրեն ու կը գործադրեն Օսմանեան դրամատան գրաւումը Պոլսոյ մէջ եւ միջազգային քաղաքականութեան օրակարգին վրայ կը դնեն Օսմանեան կայսրութեան հայկական նահանգներու մէջ բարենորոգումներ իրագործելու պահանջը` ի շարս այլ խնդիրներու:

Հայաստանի վերանկախացումին յաջորդած ներկայ ժամանակահատուածին, երբ հայրենիքն ու հայութիւնը ընկերային, տնտեսական, ազգային հաւաքական կամքի եւ առհասարակ ազգային մտածողութեան առումով ներքին ընկրկումի մէջ են, որքան բարերար ազդակ պիտի հանդիսանայ (գէթ իր չափին մէջ) հայկական ազատագրական պայքարի թեմայով պատմական վէպի մը հրապարակումը: Վէպի մը, որուն նիւթը, արժեւորումի առումով, դժբախտաբար ցարդ զոհ գացած է հակադաշնակցական քարոզչութեան գռեհկացումներուն: Օսմանեան դրամատան գրաւման դրուագը ցարդ չէ արժանացած պատմաքաղաքական ակադեմական, արդար ու առարկայական արժեւորումի: Ու հակառակ այս փաստին, գրող մը, այս պարագային` Ալ. Թոփչեան, «յանդգնութիւնը» կ՛ունենայ (դրական առումով) նոյն այս թեմայով պատմական վէպ մը գրելու` արդար ակնկալութիւններ ստեղծելով քիչ թէ շատ դատող-մտածող միջին հայ մարդուն ներաշխարհին մէջ:

Թոփչեանին վէպը… «վէպի պէս» կը կարդացուի: Անիկա օժտուած է ճկուն եւ աշխուժ կառոյցով մը, որ համահունչ է հոլիվուտեան action ժապաւէններու արդի կշռոյթին: Վէպին մէջ, գաղափարապաշտ յեղափոխականներ, սուլթան Համիտի թութակը, դրամատուներու կողոպուտի մասնագէտ արկածախնդիր մը, պոռնիկ մը, բախտախնդիրներ ու միջազգային ելեւմտական աշխարհի նոյնքան բախտախնդիր դէմքեր (այսօրուան Ուոլ Սթրիթի մարդոց նման) կարծէք զիրար կը խաչաձեւեն` առանց իրարու դպնալու, շնորհիւ վիպասան Թոփչեանի ճարտար կառուցումին:

Դէպքերը կը զարգանան կարծէք իրարմէ անկախ: Գրողը ստեղծած է բազմաթիւ գիծերով օժտուած նոյնքան բազմաթիւ մայրուղիներ, եթէ կ՛ուզէք, որոնք վէպի վերջաւորութեան կու գան, կը միանան մէկ ու միակ գիծի մը մէջ` իբրեւ հանգուցալուծում:

Աւարտի՞ն. դրամատունը գրաւած յեղափոխականներէն ողջ մնացողները ապահով դուրս կու գան երկրէն, մնացեալ կերպարներուն մէկ մասը կը հասնի իր նպատակին, ուրիշներ` ոչ: Վերջ վէպին: Հայազգի Կարապետին եւ ռուս Իվանին «փշի՜ք»-ին նման (ականջը խօսի Սիմոն Վրացեանին): Մեր կարգին, մատնուեցանք քիչ մը յուսախաբ ու քիչ մըն ալ տարտամ վիճակի:

Մենք մեզի չենք կրնար թոյլ տալ վերլուծելու վէպին գրական-գեղարուեստական արժանիքները` այդ գործը ձգելով գրականագէտներու: Սակայն կան հարցեր, որոնց պէտք է անդրադառնանք, գէթ յօդուածի մը սահմաններուն մէջ:

Առաջին. Եթէ Ստեփան Զօրեան Պապ թագաւորին մասին իր գրած վէպին մէջ բուն հերոսը կոչէր, ըսենք, Արամ (եւ ոչ թէ Պապ), կամ եթէ Դերենիկ Դեմիրճեան Վարդանանցի նիւթով իր վէպին հերոսը կոչէր, ըսենք, Խորէն (եւ ոչ թէ Վարդան), եւ կամ եթէ Սերօ Խանզադեան Սիւնիքի ազատագրական պայքարին նուիրուած իր վէպին հերոսը կոչէր Կիրակոս (եւ ոչ թէ Մխիթար Սպարապետ), կրնա՞ք երեւակայել անհեթեթութիւնը…: Եւ ուրեմն իրաւունք ունինք հարցնելու հեղինակին, թէ ի՞նչ տրամաբանութեամբ Օսմանեան դրամատան գրաւման գլխաւոր երկու դերակատարներէն Արմէն Գարոն վէպին մէջ եղած է Կարօ Բաբաջանեան, իսկ Բաբգէն Սիւնին` Բագրատ, երբ, օրինակ, սուլթանը Համիտն է (եւ ոչ, ըսենք` Մահմուտ) եւ ռուսական դեսպանատան թարգմանը նոյնինքն Մաքսիմովն է (եւ ոչ թէ, ըսենք` ոմն Նիքոլայեւ կամ Իվանով):

Երկրորդ. Անկախ ասկէ, ո՞ւր մնացին հայկական ազգային արժէքային համակարգէն ներշնչուած այն ոգին ու մտածողութիւնը, որ այս վէպի ընթերցումէն ետք պէտք է փոխանցուէր արդի հայ մարդուն: Չկա՛յ, որովհետեւ փոխանակ Արմէն Գարոյին ու Բաբգէն Սիւնիին ու անոնց ներկայացուցած քաղաքական-գաղափարական աշխարհին ու մտածողութեան, վէպին էջերը նոյնքան ծաւալով ու «յանդգնութեամբ» գրաւած են հասարակ դրամաշորթներ, դրամատուներ կողոպտողներ, պոռնիկներ եւ մասամբ նոցին` բոլորն ալ առանցք հանդիսանալու յաւակնոտութեամբ:

Վէպը կարդալու ընթացքին հայ ընթերցողին համար ներշնչումի աղբիւր պէտք է հանդիսանային Արմէն Գարոյի ու իր ընկերներուն գաղափարապաշտութիւնը, որուն բացակայութիւնը աւեր կը գործէ այսօր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Սակայն ափսո՜ս, չկայ ազգային արժէքային համակարգէ մը թելադրուած այն մտակառոյցը, մտածողութիւնը, որ վիպասանին շնորհիւ` առանցքը հանդիսանար նման վէպի մը, այսպիսով անոր համար «հալալ» ու անվիճելի տեղ մը վերապահելով «Վարդանանք»-ին, կամ «Մխիթար Սպարապետ»-ին քովն ի վեր:

Երրորդ. Տակաւին կարելի էր «կացութիւն փրկել», եթէ հեղինակը վէպը աւարտէր ոչ թէ այն ձեւով, որ աւարտած է, այլ, օրինակի համար, հետեւեալ երկու տարբերակներէն մէկնումէկը օգտագործելով (թող մեզի ներուի այս պառնասեան դեգերումը…):

Առաջին տարբերակ. Ուաշինկթըն, օգոստոս 11, 1920: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան պատշգամը, դեսպան Արմէն Գարօ առաւօտեան սուրճին հետ աչքէ կ՛անցընէ օրուան թերթերը ու աչքէն չի վրիպիր առաջին էջով տրուած լուր մը, որ կը վերաբերի Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեան…: Քիչ ետք նամակաբերը կը հասցնէ Փարիզէն ուղարկուած հեռագիր մը` Աւետիս Ահարոնեանէն:

Երկրորդ տարբերակ. Նոյն վայրը, մարտ 1921: Հայաստանի դեսպանը նստած է իր գրասենեակին մէջ, թերթերու դէզ մը սեղանին, որոնց բոլորին առաջին էջերուն վրայ կը հաղորդուի Պերլինի մէջ Օսմանեան կայսրութեան նախկին ներքին գործոց նախարար ու վարչապետ Թալէաթ փաշային սպանութեան լուրը, Սողոմոն Թեհլիրեան անունով հայ երիտասարդի մը կողմէ, որ ձերբակալուած է: Եւ այլն:

Մեր կարծիքով, եթէ Ալեքսանդր Թոփչեան նման աւարտի մը հասցուցած ըլլար իր վէպը, գործը յանգեցուցած կ՛ըլլար տրամաբանական եւ ազգային թելադրականութիւն ունեցող վախճանի մը: Ուժական աւարտի մը: Պո՛ւմ: Այս պատճառով ալ Օսմանեան դրամատան գրաւման նիւթով գրուած այս վէպը «փախցուած» սքանչելի առիթ մը կարելի է համարել:

Բարեբախտաբար մեր ազատագրական պայքարը հարուստ է ներշնչող ու թելադրականութիւն ունեցող դէպքերով ու դէմքերով, որոնք տակաւին կը սպասեն «Հում Նիւթեր» նշումով դարակներու մէջ: Այնպէս որ, Ալեքսանդր Թոփչեանին համար եւս նոր մարտահրաւէրներ չեն պակսիր:

Նոյեմբեր 22, 2011

[email protected]

 

 

Share this Article
CATEGORIES